19 Մայիսին,Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եռակողմ հանդիպումը, որմէ առաջ տեղի ունեցան Լաւրով-Պայրամով եւ Լաւրով-Միրզոյեան երկկողմանի հանդիպումներ:

Լաւրով իր հայ պաշտօնակիցին հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Մոսկուայի քայլերուն գլխաւոր նպատակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է: «Եւ, ինչպէս արդէն նշեցի, այս պարագային երեք երկիրներու ղեկավարներուն ստորագրութեամբ եռակողմ յայտարարութիւններու դերը չափազանց էական է եւ պէտք է վճռորոշ նշանակութիւն ունենայ բոլոր հարցերու հանգուցալուծման գործին մէջ: Ատիկա կը վերաբերի թէ՛ խաղաղութեան համաձայնագիրին, թէ՛ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, թէ՛ սահմանազատման եւ ատոր յաջորդող սահմանագծման:

«Կը կարծեմ, որ այս բոլոր ուղղութիւններով յառաջընթացի ապահովումը առանցքային պայման է Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն կացութիւն ստեղծելու համար: Ռուսիան այս շրջանին մէջ ունի պատմական դերակատարութիւն եւ լրջագոյն շահեր, վստահ եմ, որ մեր դաշնակիցները ատիկա կը հասկնան: Ուստի պիտի ձգտինք մեր կարելին ընել, որպէսզի այսօրուան միջոցառումները ըլլան օգտակար եւ յստակ արդիւնքներ տան», ըսաւ Լաւրով:

Միրզոյեան իր կարգին Լաւրովին յայտնեց. «Հայաստան, ինչպէս միշտ, բանակցութիւններուն շատ կառուցողական կերպով կը մասնակցի: Հայաստան յանձնառու կը մնայ մեր երկիրներու ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններուն: Ցաւօք, «գետնի վրայ» կացութիւնը այլ է. բանակցութիւններուն զուգահեռ մենք պարբերաբար կը տեսնենք Ատրպէյճանի կողմէ կացութեան սրում, ներխուժում Հայաստանի գերիշխան տարածք, 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան կոպիտ խախտում, որուն վերջին դրսեւորումը Լաչինի միջանցքին մէջ հսկիչ անցակէտ տեղադրելու փորձն էր, թէեւ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ շատ յստակ ձեւակերպուած է Լաչինի միջանցքի դրութիւնը: Միջանցքը պէտք է մնայ Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ, սակայն հիմա, ցաւօք, կարելի չէ արձանագրել, որ Ռուսիան կը վերահսկէ Լաչինի միջանցքը»:

Միրզոյեան աւելի ուշ Լաւրովի եւ Պայրամովի հետ եռակողմ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ենթադրեալ խաղաղութեան համաձայնագիրի շարք մը յօդուածներու եւ կէտերու շուրջ յառաջընթաց արձանագրուած է:

Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ որոշ նիւթերու շուրջ ըմբռնում կը նկատուի. ըստ Միրզոյեանի, խօսքը հաղորդակցութեան ճամբաներու բացման, ապաշրջափակման, Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ հետագայ սահմանազատման մասին է:

Միրզոյեան միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց հետագային ուժի կիրարկումէն զերծ մնալու կարեւորութիւնը:

Լաւրով իր կարգին յայտնեց, որ Ռուսիան ամէն ինչ պիտի ընէ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան կայունացման ուղղուած որոշումները գործադրուին: Ան նախ նշեց, որ վերջին անգամ տեսնուած են բաւական առաջ` յոյս յայտնելով, որ հանդիպումը պիտի անցնի կառուցողական մթնոլորտի մէջ, եւ ուղիղ երկխօսութիւնը պիտի արտօնէ հասնիլ լրացուցիչ արդիւնքներու:

Մինչեւ երկկողմանի ձեւաչափին անցնիլը, Լաւրով առաջարկեց եռակողմ ձեւաչափին մէջ քննարկել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու ամբողջ շրջանակը: Ան յայտնեց, որ երկիրներու ղեկավարներու կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւնները կայուն լուծումներու հասնելու ճամբու քարտէսներ են: «Մենք վերլուծած ենք Հարաւային Կովկասի շուրջ տիրող կացութիւնը: Կը նկատենք, որ մեր ղեկավարներու համաձայնութիւններուն այլընտրանք գոյութիւն չունի: Մեր կարգին հետաքրքրուած ենք, որ այս շրջանին մէջ ըլլայ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն: Ասիկա ուղղակիօրէն կապուած է ռուսական շահերուն: Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի կացութեան կայունացման ուղղուած որոշումները գործադրուին», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով, որ յոյս ունի, որ անոնք պիտի յարգեն նաեւ միւս բոլոր երկիրները, որոնք որոշ ձեւով շահագրգռուած են շրջանին մէջ ներկայութեամբ:

Պայրամով յայտնեց, որ Ատրպէյճան հետեւողականօրէն կողմ է Հայաստանի հետ յետհակամարտային կարգաւորման հոլովոյթին: «Յետհակամարտային կարգաւորումը հոլովոյթ է, որ բաղկացած է տարբեր ուղղութիւններէ: Մենք կողմնակից ենք բոլոր ուղղութիւններով զուգահեռ աշխատանքին: Կը կարծեմ, որ անոնք փոխլրացնող են», ըսաւ ան:

Պայրամով նշեց, որ բանակցային հոլովոյթին մէջ անցեալ տարուան վերջէն նկատուած է որոշակի լճացում: «Մենք, ըստ էութեան, շատ դրական կը վերաբերինք այն հանգամանքին, որ մայիսէն սկսեալ ընթացքը կը կրէ հետեւողական եւ դրական բնոյթ: Արդէն կայացած են խումբերու մակարդակով հանդիպումներ եւ բանակցութիւններ խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերեալ, տեղի ունեցած է ղեկավարներու հանդիպումը: Կը կարծենք, որ այսօրուան բանակցութիւնները եւս արդիւնաւէտ պիտի ըլլան եւ կարելիութիւն պիտի ընձեռեն անգամ մը եւս անցնելու բոլոր հարցերուն վրայէն: Բնականաբար, երկկողմանի հիմքի վրայ լաւ կարելիութիւն է նաեւ հայկական պատուիրակութեան հետ շարունակելու խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերող նիւթերու քննարկումը», ըսաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:

Եռակողմ հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Խաղաղութեան համաձայնագիրի շարք մը յօդուածներով կարելի եղած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հայեացքները մօտեցնել ընդհանուր տեսլականին:

«Խաղաղութեան համաձայնագիրի շարք մը յօդուածներով, որոնք այսօր քննարկուեցան, կարելի եղաւ երկու կողմերուն հայեացքները մօտեցնել ընդհանուր տեսլականին: Այժմ սկսած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու երկկողմանի հանդիպումը, որմէ ետք անոնք մեզի պիտի տեղեկացնեն այն մասին, թէ ի՛նչ արդիւնքի հասած են:

Մեր խնդիրն էր հարթակ տրամադրել երկկողմանի հանդիպման համար: Մենք ներկայացուցինք մեր մօտեցումները: Յոյսով ենք, որ այս միջոցառումը թոյլ կու տայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախարարներուն միջեւ այժմ ընթացող բանակցութիւններուն հասնիլ գործնական արդիւնքներու: Մենք պիտի շարունակենք նպաստել յառաջընթացին` բոլոր եռակողմ յայտարարութիւններու բոլոր դրոյթներուն մէջ, որոնք հիմք կը հանդիսանան հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն համար, լիարժէք իրականացնելու համար», ասած է Լաւրով:

Լաւրով նաեւ նշած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հաստատած են, որ առանց Ղարաբաղի մէջ եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ անվտանգութեան ապահովման ու իրավիճակի ընդհանուր բարելաւման դժուար է առաջ շարժիլ խաղաղութեան համաձայնագիրի որոշ կէտերու մէջ:

«Քննարկման առանձին նիւթ էր խաղաղութեան համաձայնագիրը: Ատոր ուղղութեամբ կողմերը սկսած են աշխատիլ, եւ անիկա այժմ աշխուժօրէն կը քննարկուի նաեւ այլ միջնորդներու ներգրաւումով: Ինչպէս գիտէք, հայ եւ ազրպէյճանցի նախարարները մեկնած են Ուաշինկթըն, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները մէկ շաբաթ առաջ եղած են Պրիւքսելի մէջ:

«Խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքը, անկասկած, հիմնարար է: Սակայն մեր գործընկերները այսօր հաստատեցին, որ առանց սահմանազատման, փոխադրական եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, առանց Ղարաբաղի մէջ եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ անվտանգութեան ապահովման եւ իրավիճակի ընդհանուր բարելաւման շատ դժուար է առաջ շարժիլ խաղաղութեան համաձայնագիրի որոշակի կէտերու մէջ», ըսած է Լաւրով: