Արցախի նախկին նախագահները յայտարարութեամբ հանդէս եկած են.

«Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւններու պահուածքն ու դիրքորոշումը՝ Արցախի ժողովուրդին համար ճակատագրական հարցերով Ատրպէյճանի ցանկութիւններուն անվերապահ ենթարկուելու տրամաբանութեամբ, անընդունելի են:

Վերջին տարիներու ընթացքին բազմաթիւ եղած են ՀՀ իշխանութիւններու՝ Արցախի պետականութիւնը կասկածի տակ դնելու անհասկնալի քայլերը: Մեզի հասանելի խողովակներով փորձած ենք զգուշացնել նման վարքագիծի կործանարար հետեւանքները:

Ցաւով կը նշենք, որ մեր զգուշացումները սթափեցնող ազդեցութիւն չեն ունեցած: Բազմաթիւ ձախողումներու պատճառով այսօր կանգնած ենք տապալած բանակցութիւններուն, աղէտաբեր պատերազմին և հիմա ալ՝ հակառակորդի բոլոր պահանջներն ու քմահաճոյքները կատարելու պարտադրանքին առջեւ:

Տեւական ժամանակ մենք ձգտած ենք հաւատարիմ մնալ հայկական երկու հանրապետութիւններու քաղաքական վերնախաւերու մօտ ձեւաւորուած այն աւանդոյթին, որ իրար ներքին գործերուն չմիջամտելը համարած է քաղաքական որոշակիութեան դրսեւորում: Սակայն ինչ որ արծարծուած է Հայաստանի գործող վարչապետի կողմէն այսօր, սասանած է հայկական պետականութեան հիմքերը, մասնաւորապէս, խախտելով համայն հայութեան իրաւունքներուն պաշտպանը հանդիսանալու պարտաւորութիւնը:

Մեր նախնիներուն դարաւոր պայքարի եւ այդ հիմքին վրայ ձեւաւորուած արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարին շնորհիւ վեր խոյացած է ազգային արժանապատուութեան նոր որակ, որ նսեմացնելու իրաւունք ոչ ոք ունի, անկախ իր ստանձնած պաշտօնէն ու դիրքէն։

Ոչ ոք բարոյական իրաւունք ունի որոշելու մեր ու մեր զաւակներուն ապագան: Արցախը չէ ընդունած եւ պիտի չընդունի այն մօտեցումները, որոնք այսօր ներկայացուած են ՀՀ վարչապետի կողմէն եւ, ինչպէս նախապէս պայքարած է, հիմա, բոլոր կարելի միջոցներով պիտի պայքարի իր հայրենիքին մէջ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքին համար:

Կը հաւատանք, որ ինչպէս նախորդ տարիներուն, այնպէս ալ այսօր համայն հայութիւնը պիտի ըլլայ Արցախի ժողովուրդի կողքին»:

Արցախի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ

Արկատի ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Արցախի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ

Բակօ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

22 Մայիսի 2023
Ստեփանակերտ