Քրեմլինի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:
Կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ քննարկուած են տարածաշրջանային փոխադրութեան ճանապարհներու և տնտեսական ենթակառոյցներու ապաշրջափակման առնչուող հարցեր:
Համաձայնութիւն գոյացած է աշխատանքները շարունակելու մէկ շաբաթէն՝ երեք երկիրներու փոխվարչապետներու հանդիպման շրջագիծէն ներս:
Հանդիպման աւարտին միատեղ յայտարարութիւն չէ հնչած։