Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը յայտարարած է ձերբակալուած 2 հայ զինուորական ծառայողներու մասին։
«Յարութիւն Եուրիկի Յովակիմեան եւ Կարէն Աշոտի Ղազարեան», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Հայ զինուորական ծառայողները ներգրաւուած են իբրեւ մեղադրեալ՝ ահաբեկչութեան, ապօրինի ներթափանցման եւ զէնքի ապօրինի տեղափոխման մեղադրանքներով։