Կիրակի, 28 Մայիս 2023-ի առաւօտուն, Հոգեգալուստի, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան 105-ամեակի եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութեան տօները յիշատակուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան նախագահեց Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ օրուան պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, ներկայութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոս մեծարգոյ Բաբգէն Պատալեանի, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի ընդհ. պատասխանատու գնդապետ Արկատի Տօնոյեանի, մարդասիրական առաքելութեան 12-րդ խումբի հրամանատար փոխ գնդապետ Միքայէլ Մկրտիչեանի, Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամներ Ժիրայր Րէիսեանի եւ դոկտ. Լուսի Իսկէնեանի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներու, Թեմի Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեանի, ազգային մարմիններու, մշակութային, բարեսիրական, մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ժողովուրդի մեծաթիւ զաւակներուն:
Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան:

Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտները, Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը մօտեցուցին Ս. Խորանին:
Հանրապետական մաղթանքը հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ, որմէ ետք հոգեթով աղօթքներ եւ շարականներ բարձրացան առ Աստուած, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ Խաչով օրհնեց եռագոյն դրօշը: Ներկաները պատուեցին հայկական դրօշը Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի յոտնկայս երգեցողութեամբ:

Օրուան պատգամին ընդմէջէն Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ այսօր համախմբուած ենք Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին յիշատակելու Հոգեգալուստի, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութեան տօները, որոնք մեզի հոգեկան ցնծութիւն կը պարգեւեն եւ միաժամանակ կը հրաւիրեն աստուածապաշտ կեանք մը ապրելու եւ մեր ազգային արժէքներն ու արժանապատուութիւնը պաշտպանելու։
Սրբազան Հայրը ողջունեց ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոսին, մարդասիրական առաքելութեան խումբի գնդապետին, փոխ-գնդապետին եւ զինուորներուն ներկայութիւնը, որ կը գօտեպնդէ մեզ։ «Եռագոյն դրօշի օրհնութեամբ բոլորս կը հրաւիրուինք ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց մէկ կողմ դնելու մեր անձնական շահերը եւ մէկ բռունցք դառնալով պաշտպանելու մեր հայրենիքին շահերը», աւելցուց ան։
Մակար Սրբազան անդրադառնալով Հոգեգալուստի տօնին Սուրբ Հոգիին կրակէ լեզուներով էջքը առաքեալներուն վրայ, յայտնեց, թէ կրակը կը խորհրդանշէ աստուածային իմաստութիւնը, լոյսը, զօրութիւնը, որ քաջութիւն կու տայ մարդուն կուրծք պարզելու եւ պայքարելու արդարութեան համար։

Մակար Սրբազան յայտնեց, թէ Վեհափառ հայրապետը ձեռնադրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան յիսնամեակին եւ ստացած է Արամ անունը: Ան Թեմին անունով շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը եւ արեւշատ տարիներու ծառայութիւն մաղթեց Նորին Սրբութեան։
Խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ժողովուրդի զաւակները ՀՀ անկախութեան տօնին առիթով եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, խնդրելով որ Ամենակալը անսասան պահէ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը, զօրութիւն տայ հայոց բանակին եւ աստուածային իմաստութիւն՝ հայ ժողովուրդի ղեկավարներուն եւ դիւանագէտներուն, որպէսզի լուսաւորուելով ժողովուրդին իրաւունքը պաշտպանեն եւ արդարութեամբ գործեն։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն՝ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն նահատակուած հերոսներու յիշատակին: