Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սուրիական դեսպանատունը իր մասնակցութիւնը բերաւ «Canal-Araks» թմրամիջոցներու կանխարգիլման առնչուող համաժողովին։ Սուրիական դեսպանատունը ներկայացուց դեսպանատան երրորդ գործավար Ահմէտ Ազպէ, որպէս հսկիչ։
Համաժողովին ընթացքին ՀՀ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը շքանշան նուիրեց Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան, երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով։