Շաբաթ, 3 Յունիս 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Հալէպի քաղաքապետարանի Յարաբերական մարմինի անդամներուն։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան, ատենադպիր երկրչփ. Մարալ Գալայճեան-Սէմէրճեան եւ երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակի մարմինի ներկայացուցիչ երկրչփ. Սիլվա Բախանեան-Նազարեան։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Հալէպի մէջ յետ տագնապին տարուող ծառայողական աշխատանքներուն, յատկապէս փողոցի լուսաւորման եւ ազգային կեդրոններուն շուրջ մաքրութիւն եւ լուսաւորում ապահովելու մասին։

Սրբազան հայրը այցելուները իրազեկ դարձուց Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս տարուող գործունէութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ խորհրդակցելու եւ փոխգործակցութեամբ յառաջիկային կազմակերպելու երիտասարդներու որակաւորման եւ բարգաւաճման նպաստող դասընթացքներ։