Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ եւ Սուրիոյ Առաջին Տիկին Ասմա ալ-Ասատ ընդունեցին համաշխարհային հնագիտական իտալական, չեխական, հունգարական պատուիրակութիւններ, որոնք եւրոպական երկիրներէ ժամանող մասնագէտներու կողքին մասնակցած էին Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած հնագիտական հարստութիւններու խորհրդաժողովին:
Եւրոպացի մասնագէտներուն մէջ յայտնի դէմքերէն էր իտալացի հնագէտ, Էպլայի թագաւորութիւնը յայտնաբերող Փաուլօ Մաթիէն, որուն նախագահ Ասատ գերազանց դասու սուրիական վաստակի շքանշան նուիրեց։