Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ին, Լաթաքիոյ «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ. Ս. Նահատակաց մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը։
Նախքան հանդիսութեան բացումը, հանդիսականները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը։

Բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով։

Ապա մանկապարտիզպանուհի Ցոլին Պալեան ողջունեց ներկաները, յայտնելով որ փոքրիկները բոլորելով մանկապարտէզի եռամեայ շրջանը դարձած են գրաճանաչ, սորված են իրենց մայրենին, որ առաջնահերթ գործօնն է հայօրէն գոյատեւելու հայրենիքէն նե՛րս, թէ այլո՛ւր։ Ապա ան շնորհաւորեց աշակերտները եւ ծնողները վկայականաց բաշխման առիթով, շրջանաւարտներուն մաղթելով ուսման դալարազարդ, հեզասահ եւ լուսաւոր ուղի։

Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց վարժարանի պետական տնօրէնուհի Պատրիէ Սալէմ։
Ապա փոքրիկները «Նաւաստիներու Պար»-ով յայտագիրի գործադրման սկսան։ Անոնց պարն ու եռանդը խանդավառեցին հանդիսականները։
Շրջանաւարտները երգեցին մանկապարտէզի քայլերգը, ներկայացուցին հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքեր, ապա՝ օրուան նիւթը։
Հանդէսի ընթացքին փոքրիկները զանազան մշակոյթներէ երգեր ու պարեր ներկայացուցին։ Անոնք ճկուն շարժուձեւերով հմայեցին ներկաները, որոնք ծափողջոյններով գնահատեցին փոքրիկները։

Հանդէսի հիմնական նիւթն էր հայրենի ջրաշխարհը։ Փոքրիկները ներկայացուցին ջուրին օգտակարութեան մասին գիտելիքներ, ինչպէս նաեւ հայաստանի ջրային ջինջ ու վճիտ աղբիւրները։
Յայտագիրը վերջ գտաւ հայկական նազ եւ ճոխ պարերով եւ մանկապարտէզի հրաժեշտի երգով։

Վարժարանիս տնօրէնուհի Հուրի Գարամարտեան ամփոփ զեկոյց մը տուաւ 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանին մասին, ներկայացնելով աշակերտութեան եւ պաշտօնէութեան թիւը եւ գործունէութիւնը։ Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին՝ իր հայրական գուրգուրանքին եւ հովանաւորութեան համար։

Աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում։ Հանդիսութիւնը փակուեցաւ քահանայ հօր մաղթանքներով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Ցոլին Պալեան