«Անոնց մէջ եղէք աստղերու պէս, որոնք կը փայլին երկնակամարին վրայ, կեանքի պատգամը ամուր պահելով։» փլպ 2.15-16

Գամիշլիի հայաշատ գաղութէն ներս Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանը, յատուկ ծրագիրով տասնեակ տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր ցանած սերմերը ծաղկեցնել եւ աճեցնել իր կրօնադաստիարակչական առաքելութեան ճանապարհին վրայ, կը գեղեցկացնէ զանոնք, յաւիտենական ճշմարտութեան, շնորհքի, աստուածահաճոյ կեանքի զարդերով։

Անցեալ տարեշրջանին, դպրոցը իր զաւակներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբեց եւ հոգեւոր սնունդ պարգեւեց իր շաբաթական հաւաքներով, նաեւ ազգային եւ կրօնական առիթները յիշատակեց ելոյթներով եւ ներկայացումներով։

Արդարեւ 2022-2023 տարեշրջանը «բարութեամբ պսակեց», կազմակերպելով պտոյտ մը, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի շրջանի Առաջնորդական փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Ս. Յակոբ Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչութեան եւ ուսուցչաց կազմին։ Չորեքշաբթի, 31 Մայիսին, աշակերտները ուղղուեցան մօտակայ ուխտավայր։
Աղօթքով ու փառաբանութեամբ սկիզբ առաւ պտոյտը, որ վայելեց Տիրոջ խնամքը, տէր հօր հայրական օրհնութիւնն ու ուսուցչաց կազմին հոգատարութիւնը։

Հաճելի մթնոլորտի ներքեւ, Կիրակնօրեայի տեսուչ Տէր Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան շնորհաւորեց մանկապարտիզաւարտ աշակերտները իրենց վկայուելուն առիթով, քաջալերելով զանոնք շարունակելու իրենց լուրջ աշխատանքը նաեւ նախակրթարանէն ներս։
Տարեշրջանի փակումը յայտարարուեցաւ հիւրասիրութեան ու նուէրներու բաշխումով։ Տէր պսակ քահանայ յորդորեց աշակերտները, կարդալ Աստուածաշունչը, կատարել իրենց ամէնօրեայ աղօթքները եւ ապրիլ իրենց առօրեան բարեգործութեամբ ու քրիստոնավայել ընթացքով։

Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան