Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գորշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Գամիշլիի Ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան, Շաբաթ, 27 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգային Եփրատ Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը։

Հանդիսութեան ներկայ էին Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալայճեան, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Պատկան Մարմնի, թաղականութեան, հոգաբարձութեան եւ ազգային ու բարեսիրական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ շրջանաւարտ աշակերտներու ծնողներ։

Հանդիսութիւնը բաց յայտարարուեցաւ ու ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը անմահ նահատակներուն, որմէ ետք հնչեց Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։

Հայերէն եւ արաբերէն
Բացման խօսքերով հանդէս եկաւ ծաղիկ դասարանի ուսուցչուհի Հուրի Փաշայեան-Սարգիսեան, որ բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն, ապա անդրադարձաւ ազգային դպրոցներու առաքելութեան, որպէս հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման ազդակներ։
«Հայ դպրոցն ու եկեղեցին Սփիւռքի մէջ հայրենիք են եւ մենք բոլորս միասնակամ ուժերով պէտք է ամուր պահենք հայրենիքը Սփիւռքին մէջ, մեր ճիգերը ի գործ դնենք մեր ինքնութեան դարբնոցները զօրացնելու, որովհետեւ զօրաւոր Սփիւռք կը նշանակէ զօրաւոր հայրենիք»:։
Ապա շնորհաւորեց շրջանաւարտ աշակերտներն ու իրենց ծնողները մաղթելով բոլորին նորանոր վերելքներու նուաճում։

Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը, որպէս խորագիր, կը յատկանշէր 2022-2023 հունձքի հանդէսը։ Հնչեցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիական Հայրենիքի նուիրուած խօսքեր։

Թատերական ներկայացումով փոքրիկները շեշտեցին Արցախի արդար իրաւունքը եւ Սփիւռքի վճռականութիւնը միշտ կանգնելու Արցախի կողքին։

Ապա աշակերտական երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը ազգային երգեր, խմբավարութեամբ Հուրի Փաշայեան-Սարգիսեանի, իսկ «Աղբերս ու Ես» երգը աշակերտներուն հետ կատարեց ուսուցչուհի Ալին Արոյեան-Խաչատուրեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստափոր Միքայէլեանի։

Արաբական եւ հայկական պարերով աշակերտները խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը Հոգեշնորհ հայրսուրբին, հոգաբարձութեան ատենապետ Սարգիս Սիմոնեանի եւ Ազգ. Եփրատ վարժարանի տնօրէնուհի Լուսին Աւետիսեանի կողմէ։

Հուսկ, հոգեշնորհ հայր սուրբը
Իր հայրական խօսքը ուղղեց, բարձր գնահատելով աշակերտները իրենց ներկայացուցած յայտագիրին համար, ինչպէս նաեւ գնահատեց հոգաբարձութիւնը, ուսուցչուհիները եւ բոլոր անոնք, որոնք անցնող տարեշրջանին սատար հանդիսացան մանկապարտէզի բոլոր ծրագիրներու յաջող աւարտին։ Ապա հայր սուրբը շնորհաւորեց ծնողներն ու աշակերտները եւ
շեշտեց ծնողներու կարեւոր դերը հայ լեզուի պահպանման մէջ՝ յորդորելով, որ իրենց զաւակները հայերէն խօսին եւ հայերէն մտածեն, միշտ վառ պահելու Մեսրոպեան ոսկետառ լեզուն։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն