Երկուշաբթի, 5 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեանի եւ Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Գահուէճեանի ընկերակցութեամբ Հալէպի մէջ Իրանի հիւպատոսարանէն ներս իր մասնակցութիւնը բերաւ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան ղեկավար Խումէյնիի մահուան 34-ամեակի յուշ երեկոյին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ եւ իսլամ կրօնաւորներ։