Արցախի հարցը համայն հայութեան հարցն է: Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան.
«Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն իրաւասու չէ Արցախի ճակատագիրին վերաբերող որոշումներ գոյացնելու՝ առանց արցախահայութեան ու համայն հայութեան:
Այդ մասին միայն ես չեմ ըսեր: Այդ մասին կը վկայեն Հայաստանի, Արցախի եւ Հայկական աշխարհի տարբեր կազմակերպութիւններու եւ անհատներու, մեր եկեղեցւոյ ե՛ւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի, ե՛ւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ հնչող յայտարարութիւնները, որոնք կը դատապարտեն Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու մասին Հայաստանի իշխանութիւններու յայտարարութիւնները եւ անոնց պարտուողական քաղաքականութիւնը:
Այս ընթացքին ընթացք առած են նաեւ շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնց շարքին են, օրինակ, «Հայաքուէ» շարժումը՝ նպատակ ունենալով հասնիլ այն բանին, որ Հայաստանի անունով Արցախը այլ պետութեան կազմի մէջ ճանչցողները պատասխանատուութեան ենթարկուին», ըսած է Վարդանեան ու աւելցուցած. «Մենք համոզուած ենք, որ այս իրավիճակին ոչ մէկ հայ, անկախ անկէ, թէ աշխարհի որ ծայրը կ’ապրի, իրաւունք չունի անտարբեր մնալու:
Անտարբերութիւնը կը նշանակէ լուռ համաձայնութիւն տալ Հայաստանի իշխանութիւններուն ըրածին: Կա՛մ մենք ոտքի կը կանգնինք բոլորս ու միասին թոյլ չենք տար, որ հայկական Արցախը կորսուի, կա՛մ կը յարմարինք ու կը դառնանք այն սերունդը, որ ամօթալի ժառանգութիւն պիտի թողու հայութեան հետագայ սերունդներուն: Ամէն ինչ տակաւին կորսուած չէ, ամէն ինչ մեր ձեռքերուն մէջ է, մենք միասին պէտք է փորձենք ընել մեր կարելին ու անկարելին՝ կասեցնելու համար այս ամօթալի ընթացքը: Ու մենք պիտի երթանք մինչեւ վերջ՝ այդ պարտութեան իրականացումը կասեցնելու համար»: