Դադիվանքի վաղեմութեան ու հայկականութեան մասին փաստած են վանքի պատերուն վրայ պահպանուած արձանագրութիւններն ու վանքի տարածքին գտնուող հնագոյն խաչքարերը:

Այս մասին գրած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմը։

Վանքի կառուցման մասին պատմական տեղեկութիւններ ու վկայութիւններ կան արտասահմանեան տարբեր գրականութեան մէջ եւ մասնագիտական աշխատութիւններուն մէջ:

Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Կիրիլ Պատրիարքին օրհնութեամբ եւ խմբագրութեամբ հրատարակուած Ուղղափառ հանրագիտարանին մէջ ներկայացուած է Դադիվանքի կառուցման, անուան ծագումնաբանութեան, դարերու ընթացքին յարձակումներու եւ աւերածութիւններու ենթարկուած եւ կանգուն մնացած հայկական սրբավայրին մասին։ Աշխատութեան մէջ մանրամասն ներկայացուած են վանական համալիրին մէջ գտնուող շինութիւններուն մասին պատմական փաստերն ու նկարագրութիւնները։

2014 թուականին ճարտարապետ Արա Զարեանի եւ Իտալիայէն ժամանած վերականգնող Քրիստին Լամուրէի միատեղ ջանքերով մեկնարկեց Դադիվանքի որմնանկարներու վերականգնման գործընթացը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 2017 թուական։ Մասնագէտները կատարուած աշխատանքներուն մասին մանրամասն ներկայացուցած են իրենց կողմէն հեղինակած «1214 թուականին կառուցուած Կաթողիկէ եկեղեցւոյ 1297 թուականի որմնանկարներու պահպանական վերականգնում» գիրքին մէջ։ Գիրքը կը սկսի Դադիվանքի պատմութեամբ ու նկարագրութեամբ, որ կը շարունակէ մասնագէտներու կողմէն կատարուած աշխատանքներու արդիւնքներն ու բացայայտումները։ Մասնագէտներու ծաւալուն աշխատանքին հետեւանքով վերջնականապէս յստակացաւ Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներսի որմնանկարներու պատմական տեսարաններն ու որմնանկարներու յստակ տարեթիըը՝ 1297_ը, որուն մասին փաստած է եկեղեցւոյ հարաւային պատի պատուհանի անմիջապէս ստորին հատուածին մէջ զետեղուած երեք տողով հայերէն որմնագիր արձանագրութիւնը՝ ՉԽԶ (Չ=700; Խ=40; Զ=6 ուրեմն՝ 746+551=1297)։

Մասնագէտները մաքրած եւ վերականգնած են եկեղեցւոյ հիւսիսային եւ հարաւային պատերու որմնանկարները, ուր պատկերուած են Սբ. Նիկողայոս Սքանչելագործի հայրապետական իշխանութեան ընծայման վարքագրական դրուագն ու Սբ. Ստեփանոս Նախավկայի քարկոծութեան տեսարանը։ Որմնանկարներու վերականգնումի հետեւանքով ի յայտ եկան տեսարանները բնութագրող շարք մը հայատառ արձանագրութիւններ։