7 Յունիսին տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նորանշանակ նախարար Հաքան Ֆիտանի հեռաձայնային զրոյցը: Այս մասին յայտնած են Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն։ Միրզոյեան շնորհաւորած է Ֆիտանը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի պաշտօնին նշանակուելու առիթով: Կողմերը արտայայտած են իրենց պատրաստակամութիւնը շարունակելու աշխատիլ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման ուղղութեամբ: Յիշեցնենք, որ նախքան արտաքին գործոց նախարար նշանակուիլը Հաքան Ֆիտան վերջին 10 տարուան մէջ ստանձնած է երկրի յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարի պաշտինը՝ ղեկավարելով Թուրքիոյ Ազգային Հետախուզական Կազմակերպութիւնը (MİT)։ Այդ ընթացքին ան ներգրաւուած է Սուրիոյ, Սաուտի Արապիոյ եւ Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւններուն։