«Արցախի Անվտանգութեան Եւ Զարգացման Ճակատ» հանրային շարժումի խորհուրդը հանդիպած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին հետ։
Մենք մեր գործողութիւններուն ծրագիրը նախապէս ներկայացուցած ենք եւ նոյն նիւթերով նախագահին հետ զրոյց ունեցած ենք։

Այս մասին MediaHub-ին փոխանցեց շարժումի խորհուրդին անդամ Արա Պուլուզեան։

«Մենք մեր տեսակէտը յայտնած ենք ատրպէյճանական անցակէտին մասին, ըսած ենք, որ անիկա մեզի համար անընդունելի է։ Իրականութեան մէջ, հանդիպումէն վերջ երկու կողմն ալ իր տէսակէտին մնացած է, փոփոխութիւն չկայ։ Մենք մեր տեսակէտը յայտնած ենք, որոշողը ինքն է։ Մեր երկրին մէջ նման կարեւոր հարցերու մէջ որոշում կայացնողը Արայիկ Յարութիւնեանն ու իր խումբի անդամներն են», ըսաւ ան։

Յիշեցնենք որ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարած էր, թէ ամբողջ պատասխանատուութիւնը իր վրայ վերցուցած է եւ դիտարկած է, որ Հայաստան իր կարգին լրիւ համաձայն է Յարութիւնեանի այս որոշումին հետ, քանի որ ըսած է՝ Պաքուի հետ պէտք է Ստեփանակերտը բանակցի, վերջինս արձագանգեց․

«Այո, մենք կրնանք բանակցիլ ոչ թէ կարգավիճակին, այլ մարդասիրական հարցերուն շուրջ։ Կարգավիճակին գծով մենք չենք կրնար հաւասարը հաւասարի պէս բանակցութեան նստիլ։ Այն ստորագրահաւաքը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ նախագահը, այնտեղ յստակ գրուած է, որ թշնամիին անցակէտի տեղադրումը մեզի համար կարմիր գիծ է եւ անիկա տակաւին կարմիր գիծ է ու անընդունելի, այս մասին մենք իրեն ալ յիշեցուցինք», շեշտեց Պուլուզեան եւ աւելցուց, որ ամէն պարագայի նախագահէն յստակ քայլեր կը սպասեն։

Յիշեցնենք, որ «Արցախի Անվտանգութեան եւ Զարգացման Ճակատ» հանրային շարժումը յայտարարութիւն տարածած էր՝ նշելով, որ անթոյլատրելի կը համարէ որեւէ կարմիր գիծի խախտում: Ներկայիս տեղի ունեցող իրադարձութիւնները շարժումը կը համարէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի կողմէն իր իսկ յայտարարած կարմիր գիծին՝ Հայաստանի հետ անխափան եւ առանց սահմանափակումներու կապի ապահովման խախտում:

«Նկատի առնելով ստեղծուած իրավիճակը, Արցախի Անվտանգութեան Եւ զմԶարգացման Ճակատը, իր հազարաւոր համակիրներուն անունով, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն կը պահանջէ՝

-անյապաղ վերանայիլ «Լաչինի միջանցք»-ին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական ապօրինի անցակէտով մեր քաղաքացիներուն երթեւեկին մասին որոշումը

– հեռու մնալ առանց հանրային քննարկումներէ, առանց այդ որոշումներէն բխող վտանգներու ուսումնասիրման ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող որոշումներ ընդունելու արատավոր երեւոյթէն», ըսուած էր անոնց յայտարարութեան մէջ։

Լիաննա Թորոսեան