Քեսապցի պարտիզպան Մանուկը մանչ թոռնիկը իր քով կանչեց ու ականջին փսփսաց…
– Գնա՛ պարտէզի հագուստներդ հագուէ՛, ես եւ դուն պարտէզ պիտի իջնենք ու միասին պիտի շըրջինք հոն:
Ուրախութիւնը պատած էր թոռնիկին հոգին: Ան միշտ կ’ուզէր մեծ հօր հետ պարտէզ իջնել, միասին աշխատիլ, օգնել անոր, սակայն մեծ հայրը կը մերժէր իր օգնութիւնը. «դեռ փոքր ես» խօսքը որքան կը նեղացնէր զինք: Հակառակ անոր, որ շատ լաւ գիտէր, թէ պապուկը զինք շատ կը սիրէր, ան իր «գիմարլի» (արժէքաւոր) թոռնիկն էր: Պապուկը բոլոր թոռնիկները շատ կը սիրէր, բայց այս թոռնիկը տարբեր տեղ ունէր պապուկին սրտին մէջ, է՜հ… վերջապէս իր պապուկին «էրվնկէճ»-ն (անուանակիցն) էր:
Թոռնիկը երբեք այդքան արագ չէր պատրաստուած, փութով հագաւ, գլխարկն ալ գլխուն տեղաւորեց եւ ուրախութեամբ ու փայլուն, հետաքրքրասէր աչքերով մեծ հօր՝ պապուկին նայեցաւ:
Պապուկը պարտէզի հողին ու ծառերուն հետ աշխատելէն իր խոշոր կոշտացած ափին մէջ գուրգուրանքով ու սիրով լեցուն առաւ թոռնիկին փափուկ ու թարմ ձեռքը: Երկուքը միասին պարտէզի ճամբան բռնեցին:
Թոռնիկը ուրախութենէն կը թռվռար: Անոր փոքրիկ ոտքերը կը հետեւէին պապուկին քայլերուն, որպէսզի պարտէզի խիճերուն ու գուղձերուն վրայ կոխելով չվնասուէին: Պապուկին քայլերը հաստատ ու ապահով էին իրեն համար: Ինք եւս կը փորձէր անոր նման հանդարտ ու սերտուած քայլեր նետել: Թէեւ պապուկին մէկ քայլը իր քանի մը քայլին համազօր էին, սակայն բնաւ չէր դժգոհեր, ընդհակառակն. կը ջանար փաստել որ ինք ալ մեծ տղայ է ու կրնայ պարտէզ իջնել մեծերու նման:
Պապուկը ծառերէն ինկած խնձորները կը փորձէր իւրաքանչիւր ծառի տակ ի մի բերել, թոռնիկն ալ անոր հետեւելով կը փորձէր թափած խնձորները պապուկին շինած բլուրին վրայ աւելցնել… ու ահա՛, թը՛փ… խոշոր, կարմիր խնձոր մը վար ինկաւ ծառէն:
– Պապո՛ւկ, ինչ մե՜ղք է այս խնձորը, տե՛ս որքան լաւ ու մեծ խնձոր մըն է, ինչո՞ւ ինկաւ,- հարց տուաւ թոռնիկը սրտնեղած:
– Տղա՛ս, կեանքը միշտ ալ արդար չէ: Ան ալ Աստուծոյ գործն է, այնպէս ինչպէս երբեմն մարդիկ շատ լաւ ու առողջ կ’ըլլան ու յանկարծ կը հիւանդանան, աս ալ այդպէս բան մըն է: Երբեմն խնձորը, կամ ուրիշ պտուղներ՝ ինչպէս դեղձը եւ սալորը կրնան կարկուտէն ալ վնասուիլ: Այն պտուղները, որոնք աւելի բարձր են, կամ չեն պատսպարուած տերեւներով ու ճիւղերով, աւելի կը վնասուին, այդ ալ անոնց ճակատագիրն է,- աւելցուց պապուկը, կնճռոտ դէմքին ժպիտ մը գծելով:
Մանուկ շարունակելով ըսաւ.
– Երբեմն ծառը հիւանդութիւն մը կ’ունենայ, հետեւաբար ալ անոր տուած բերքը շուկայ չենք կրնար ղրկել: Դեռ կան շա՜տ-շատ երեւոյթներ, որոնց պէտք է տեղեակ ըլլալ, քաջ սիրտ ունենալ ու այս բոլորը լաւատեսութեամբ ընդունիլ, որպէսզի պարտէզին գործերը առաջ երթան:
Մանուկ քանի մը քայլ առնելէ ետք, շարունակեց.
– Տե՛ս, տղա՛ս, այս ծառին տերեւներէն ագարոզը (խնձորի ծառի վնասակար միջատ) կը սնանի: Ուստի այս ծառն ու իր նմանները պէտք է դեղել, այնպէս ինչպէս մարդիկ երբ հիւանդանան բժիշկը դեղ կը յանձնարարէ իրենց: Անցեալին ծառերը այսքան չէին դեղեր, ծառերու հիւանդութիւնները այսօրուան չափ տեսակաւոր չէին: Անցեալին մարդիկ ալ քիչ կը հիւանդանային, որովհետեւ մաքուր ու բնական սնունդով կը սնանէին, մաքուր օդ կը շնչէին, ծառերն ալ մարդու նման հոգի ունին:
Ապա շեշտակի նայելով թոռնիկին աչքերուն լրջօրէն ըսաւ.
– Ուրիշ բան մըն ալ պէտք է գիտնաս: Պարտէզին աշխատանքը դիւրին աշխատանք չէ, կտրիճ մարդոց գործ է եւ երկա՜ր համբերութեան կը կարօտի: Կը տեսնե՞ս այս ծառը եւ իր շարքին զինուորներու նման շարուած տասը ծառերը… ասոնք հօրդ տարիքը ունին: Քեզի նման փոքր էին: Որքա՜ն խնամած եմ զիրենք, ջրած, դեղած եւ յօտած եմ, մինչեւ որ հասակ առին ու հօրդ նման տոկուն դարձան ու կը տեսնեն ինչ լաւ խնձոր բեռցած են: Անդին ալ կան ծառեր, որոնք ինծի նման մեծցած են ու այդ տոկուն ծառերուն նման բերք չեն կրնար շալկել այլեւս: Իսկ այս բոլոր ծառերուն մէջ ամէնէն շատ խնամքի կարիք  ունին փոքր ծառերը:
Մանուկ նորատունկ ծառի մը մօտենալով, անոր չորս կողմը բուսնած անպիտան բոյսերը խոշոր ափերուն մէջ առնելով արմատախիլ ըրաւ ու յորդորեց թոռնիկը. «Տե՛ս, այս անպիտան բոյսերը ծառին հետ հողէն կը սնանին, անոր համար պէտք է բօտել (արմատախիլ ընել) զիրենք: Տե՛ս, քանի՜ խոշոր ու առողջ խնձոր շալկած է այս ծառը»:
Թոռնիկը, որ ուշի-ուշով ականջ տուած էր պապուկին խօսքերուն, լաւ գիտնալով թէ պապուկը յետոյ իր բոլոր խօսքերուն մասին հարցումներ կրնայ ուղղել իրեն, կը շարունակէր պապուկին հետեւիլ ու անոր բոլոր գործերուն մասնակցիլ: Երբեմն ետեւ կը մնար ու կը սկսէր վազվզել պապուկին հասնելու համար: Երբեմն փոքր ծառերուն չորս կողմը աճած խոտերը բօտած պահուն, խոտերը ափին կռնակին վրայ կ’իյնար եւ…, բայց շատ ուրախ ու բարձր տրամադրութեամբ կրկին  կը կանգնէր ու երբեք չէր դժգոհեր: Պապուկն ալ աչքին ծայրով անոր կը հետեւէր, միշտ զինք քաջալերելով ու իր սխալները աննկատ թողլով գործը կը շարունակէր:
– Պապո՛ւկ, պապո՛ւկ,- կը կանչէ յանկարծ թոռնիկը,- խնդրանք մը ունիմ: Երբ բերքահաւաքը սկսի, այս պզտիկ ծառին բերքը ես կ’ուզեմ հաւաքել, անոր վրայի այդ երկու խոշոր ու փայլուն խնձորները կը տեսնես անշուշտ, պարտէզին լաւագոյն պտուղներն են, քեզի պիտի վերապահեմ: Ես կը քաղեմ, քեզի կը բերեմ:
Մանուկ կանգ առաւ, ետ դառնալով թոռնիկին ճակատը համբուրեց, ուսին թափ տուաւ ու «Աստուած քեզ միշտ առողջ պահէ», ըսաւ: Պարզունակ պարտիզպանը զգացումները զարդարուն բառերով արտայայտելու կարողութիւն չունէր, ո՛չ զաւակներուն, ոչ ալ թոռներուն գովասանական կամ հայրական սիրոյ շռայլ խօսքեր կրնար ուղղել, պարզապէս զգացումներն ու յորդող սէրը գործերով կ’արտայայտէր:
Թոռնիկին այս արտայայտութիւնը, սակայն, սիրտն ու հոգին շոյեց, այդ պահուն իրեն կը թուէր, թէ կեանքէն իր վարձատրութիւնը ստացած էր: Իր Էրվնկէճ թոռնիկին փափաքն ու սպասուած նուէրը սիրտը զովացուցին, հոգին ուրախութեամբ խայտաց:
Մանուկին ու թոռնիկին պտոյտը շարունակուեցաւ: Կարգը հասած էր բանջարեղէններուն: Մանուկ միշտ ալ հարուստ ու հպարտ կը զգար իր պարտէզով: Պարտէզի բարիքները միշտ առատ են: Ան մեծ դոյլ մը շալկած ամէն պարտէզ իջնելուն լեցուն դոյլով կը վերադառնար: Այս անգամ եւս քանի մը վարունգ, դդում, սմբուկ, պղպեղ ու ինչ որ հասունցած էր քաղեցին ու դոյլին մէջ լեցուցած տուն կը վերադառնային, երբ Մանուկ ըսաւ թոռնիկին.
– Տղա՛ս, մի՛ աճապարեր, այս քանի մը սիրուն վարդերէն ալ քաղենք, մայրդ ու մեծ մայրդ ուրախացնենք: Անոնց համար այս վարդերը մեծ նշանակութիւն ունին: Ու գրպանէն պարտէզին մկրատը հանեց եւ ուրախութեամբ վարդերը քաղեց…:
Սեւան Ա. Մանճիկեան