«Եթէ Քրիստափորը Դաշնակցութեան միտքն է, 
Ռոստոմը՝ կամքը եւ ուժը,
Զաւարեանը Դաշնակցութեան խիղճն է»:
Այսպէս բնութագրուած եւ ընդունուած է ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութիւնը սկիզբէն ի վեր:
Հիմնադիրներէն մէկը ըլլալէն անդին, մենք ընդհանրապէս շատ քիչ բան գիտենք Զաւարեանի 25-ամեայ բեղուն եւ բազմակողմանի գործունէութեան եւ աշխատանքին մասին:
Այս կէտը նկատի առած, Համազգայինը «Սիմոն Զաւարեան» խորագիրով ընդարձակ երեք հատորներով 2072 էջանի աշխատանքը տպած է 1984-ին, Պէյրութի մէջ, աւելի մօտէն ծանօթանալու իր գործերուն եւ յատկութիւններուն:
Իսկ 1980-ին արդէն տպած է Ռոստոմի նուիրուած գործը մէկ հատորով:
Յուշիկը՝ աղջիկս, մտադրած էր Զաւարեանի մասին ուսումնասիրութիւն մը ընել, բայց դժբախտաբար վաղահաս մահը խլեց իր թանկագին կեանքը, մեծ վիշտ մը եւ պարապութիւն մը ձգելով մեր եւ իր շրջապատին մէջ:
Կարծէք օրուան 24 ժամը բաւարար չէր իր հետաքրքրութիւններուն եւ գործերուն գոհացում տալու համար, հետեւաբար շատ մը ծրագիրներ, որոնք պատրաստած էր եւ արդէն հասունցուցած մտքին մէջ, առանց լոյս տեսնելու առյաւէտ կորսուեցան իր հետ: Ինչ կը վերաբերի այս ծրագիրին, Յուշիկը կ’ուզէր անպայման այդ հատորները ուսումնասիրել եւ ամփոփել, որպէսզի աւելի մատչելի դառնան նոր սերունդներուն յատկապէս եւ հանրութեան ընդհանրապէս:
Այս հատորներուն ձեռքի տակ ունենալը հնարաւորութիւնը տուաւ ինծի գործադրելու իր անաւարտ աշխատանքը:
Յաւակնութիւնը չունէի մեծ աշխատանք մը տարած ըլլալու, բայց գոհունակութիւնը ունեցայ իրականացնելու իր փափաքներէն մէկը, դժբախտաբար յետ իր մահուն:
***
Ծնած է 1866-ին, Հայաստանի Լոռիի լեռնային, անտառուտ գաւառի Իգահատ գիւղը: Տարօրինակ գիւղ մը, որուն մէջ ռամիկ կամ շինական չկայ, բոլորն ալ ազնուական են:
Մանկութիւնը այդ գեղեցիկ միջավայրին մէջ անցընելէ յետոյ, կ’ուղարկուի Թիֆլիս՝ ռուսական միջնակարգ դպրոց, որ փայլուն կերպով աւարտելէ վերջ կը մեկնի Մոսկուայի հռչակաւոր Բեդրովգայի Պետրոսեան գիւղատնտեսական ճեմարանը, որ այդ օրերուն ռուս յառաջադէմ ու յեղափոխական երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան ոստանն էր:
Ըմբոստ, տաքարիւն Սիմոն Զաւարեանը կը նետուի համառուսական շարժման ալիքներուն մէջ, կը դառնայ քարոզիչ մը, դեռ գրեթէ պատանի ու կը սիրուի իր ռուս ընկերներէն: Իր հետ էր Ռոստոմը, նմանապէս ուժեղ, ըմբոստ նկարագիր մը, աւելի ծանրաշարժ, նուազ վառվռուն ու կրակոտ, քան Սիմոնը: Երկուքը կը միանան գաղափարական ամենաջերմ եղբայրութեան կապերով, որոնք անխախտ կը շարունակուին մինչեւ վերջ: Շուտով երկուքը պիտի միանային նաեւ միւս հոյակապ հայ երիտասարդին եւ պիտի ստեղծուէր հայկական շարժման համբաւաւոր երրորդութիւնը:
Տոքթոր Զաւարեան, որ հանդիպած է Սիմոնին ուսանողութեան այն երջանիկ օրերուն, այսպէս կը գրէր «Դրօշակ»-ին մէջ, «Հայոց լեռներուն այդ հարազատ զաւակը, ինքզինքը կը զգար որպէս համաշխարհաքաղաքացի (գոզմոբոլիդ) եւ կը մերժէր ազգութիւնը»:
Այդ օրերուն այդպէս էր երիտասարդական մթնոլորտը, բայց այդ եռուն, աղմկոտ, զուարթ երիտասարդութեան մէջէն զատուեցաւ փոքրիկ խումբ մը, լուռ եւ մտածկոտ: Այդ խումբի մաս կազմողներուն աչքերը յառած էին դէպի հեռու հայրենիք: Անոնց սիրտը կը ցաւէր ու կը բաբախէր հարազատ ժողովուրդին համար: Անոնց ուղեղը միշտ միջոցներ կը հնարէր ազատելու այդ ժողովուրդը թրքական բարբարոսութենէն:
Անոնք մօտեցան գոզմոբոլիդ երիտասարդին, արթնցուցին անոր մէջ հայկական ոգին եւ վառեցին անոր մէջ Աստուածային կայծը:
«Այդ կայծը -կը շարունակէ Տոքթոր Յակոբ Զաւարեան- բոցավառուելով հրդեհեց անոր ամբողջ էութիւնը, ստիպեց ձգել ամէն բան, ընտանիք, երջանկութիւն, ասպարէզ, արծարծեց անոր մէջ սէր-սէր դէպի մարդը, սէր դէպի հարազատ ցեղը: Անսահման, ջինջ, գրեթէ մայրական սէր մը դէպի հայ ժողովուրդը»:
1889-ին Զաւարեան կ’աւարտէ Պետրոսեան Ճեմարանը եւ կը վերադառնայ հայրենիք: 1890-ին Թիֆլիսի տան մը մէջ հաւաքուած էին հինգ երիտասարդներ, բոլորն ալ խանդավառուած մէկ գաղափարով՝ տեսնել հարազատ ժողովուրդը ազատագրուած թրքական բարբարոս լուծէն:
Հակառակ անոր որ մեծ եւ ծանրակշիռ գործը մէկ անգամէն չի ծնիր, սակայն այդ սուրբ երրորդութիւնը շուտով ծնունդ առաւ: Հիմնադիրներուն շարքին էր Սիմոն Զաւարեան:
1890-ի վերջերուն, Զաւարեան Յովսէփ Արղութեանի հետ (Իշխան) մեկնեցաւ Տրապիզոն ուսուցչական պաշտօնով, նպատակ ունենալով մօտէն դիտել Թուրքիան, ուսումնասիրել տիրող կարգերը եւ հայ ժողովուրդին վիճակը: Ան ձերբակալուեցաւ ու յանձնուեցաւ կովկասեան իշխանութեան, որ զինք աքսորեց հարաւային Ռուսաստան, իր գաղափարական մեծ զինակիցին՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի հետ: Անոնք իրարու կապուած մնացին մինչեւ մահ, թէեւ տարբեր ժամանակներով:
Առաջին օրէն, Զաւարեան եղաւ ապակեդրոնացման գաղափարի պաշտպանը, համոզուած տեղական ինքնավարութեան, ոչ միայն յեղափոխական շարժման, այլ քաղաքական, հանրային կեանքի մէջ:
1892-ին, երբ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան անդրանիկ ընդհանուր ժողովը, ուր վերջնականապէս ընդունուեցաւ ապակեդրոնացման դրութիւնը Յովնան Դաւիթեանի պաշտպանութեամբ եւ աջակցութեամբ, Սիմոն Զաւարեան դարձաւ կուսակցութեան տիրական դէմքերէն մէկը: Անոր կեանքը սերտօրէն հիւսուեցաւ Դաշնակցութեան կեանքին հետ: Հետեւաբար անոր կենսագրութիւնը կազմել, կը նշանակէր Դաշնակցութեան պատմութիւնը գրել մինչեւ 1913՝ իր չարագոյժ մահուան թուականը:
Երբ հարցնէին իր կարծիքը այս կամ այն նոր ընկերոջ մասին, դրական ըլլալու պարագային կը պատասխանէր ըսելով «նուիրուած է», որ կը նշանակէր անձնուէր, հաւատարիմ, մաքուր, հայրենասէր, ազնիւ եւ անկաշառ նկարագիր ունեցող անձ է, որ չի կրնար ըլլալ ո՛չ փառամոլ, ո՛չ աթոռամոլ, ո՛չ գոռոզ, ո՛չ ցուցամոլ, ոչ ալ նիւթապաշտ, այլ՝ տոկուն,      չարքաշ, աշխատասէր, դժուար ճիգերու, մեծ զոհաբերութիւններու պատրաստ անձնաւորութիւն, որ կը հրաժարի կեանքի բոլոր հրապոյրներէն եւ լիովին իր անձը կը նուիրէ իր բազմատանջ ժողովուրդի դատին:
Իր քարոզած այս ընտիր յատկութիւնները պարզապէս անգործադրելի խօսքեր չէին ուղղուած ուրիշներու, այլ իր հաւատամքն ու համոզումը կը կազմէին, որ կը գործադրէր իր առօրեայ կեանքի ընթացքին ամենայն բծախնդրութեամբ՝ օրինակ դառնալով ազգի բոլոր սերունդներու նուիրեալներուն:
Մասնագիտութեամբ գիւղատնտես էր: Քանի մը կարեւոր ուսումնասիրութիւններ հրատարակած է Կովկասի մէջ, տպագրուած ռուսերէնով եւ գնահատուած ամբողջ Կովկասի մէջ:
Կը սիրէր գիւղը, բնութիւնը եւ յատուկ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէր հայ չարքաշ գիւղացիին:
Պտոյտներ կ’ընէր գաւառներու մէջ, գիւղատնտեսի եւ միանգամայն յեղափոխական քարոզիչի պտոյտներ էին: Այս պտոյտները իրեն դիւրութիւն կու տային մօտէն տեսնելու, ուսումնասիրելու հայ աշխատաւոր ժողովուրդին տրամադրութիւնները եւ մտցնելու Դաշնակցութեան գաղափարը գիւղական առաջնորդող շարքերու մէջ:
Ինքնատիպ էր յեղափոխական քարոզչութեան մէջ, ոչ մի կեղծիք, ոչինչ շինծու, ոչինչ դերասանական:Կը խօսէր Հայ Դատին եւ հայկական շարժումին մասին, հաւատացած էր, որ կռուիլը վերջ ի վերջոյ աւելի արդիւնաւէտ է, աւելի օգտակար, նուազ քանդող ու կորստաբեր, քան չկռուիլը, եւ հարուածող չարիքներուն դիմադրելով, հայ ժողովուրդը աւելի քիչ զոհեր կու տայ, քան չդիմադրելով ու համակերպելով:
(Շար.1)
Սոնա Եագուպեան-Ղազարեան