Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան «Նահար Արապի»-ի «Ալաան ու պաատ փոտքեսթ»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ այսպէս կոչուած խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան հաւանականութեան եւ այդ իմաստով տիրող նախապատրաստական հոլովոյթին, եւ ըսաւ, որ ասիկա պարտուողներու խաղաղութիւն է:

Վ. Եագուպեան նկատել տուաւ, որ այդ համաձայնագիրին մասին կատարուած հիմնաւորումները կու գան 2020-ին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմէն եւ անհաւասար այդ կռիւին ընթացքին Ատրպէյճանի արձանագրած յաղթանակէն, որ աւարտեցաւ 9 նոյեմբեր 2020-ի անձնատուական յայտարարութեամբ, ինչպէս նաեւ Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակէն, ռուս-ուքրանական տագնապին հետեւանքներէն:

Այս շրջագիծին մէջ Վ. Եագուպեան անդրադարձաւ նաեւ Կովկասի մէջ Հայաստանի եւ Արցախի ունեցած ռազմավարական դիրքին, յատկապէս` Ռուսիոյ եւ շրջանի ուժերուն համար: Ան աւելցուց նաեւ, որ Հայաստան շրջապատուած է թշնամի երկիրներով, բացի Իրանէն, որուն հետ պատմական յարաբերութիւններ կան, եւ Ռուսիայէն, որուն հետ դաշնակից է:

Վ. Եագուպեան ընդգծեց նաեւ, որ ինչպէս Արցախի դէմ պատերազմին ընթացքին թրքական զինուորական յստակ ու բացայայտ օժանդակութիւն կար, նոյնպէս այդ ծրագիրները կարելի է շօշափել այսպէս կոչուած խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան հաւանականութեան իմաստով:

Շրջանին մէջ «փոփոխութիւն մը» բերելու մտադրութիւնը արդէն իսկ յստակ էր, երբ 2018-ին Նիկոլ Փաշինեան ստանձնեց Հայաստանի իշխանութիւնը: Ան սկսաւ խօսիլ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան եւ Թուրքիոյ հետ բարի դրացնութեան հաստատումին մասին, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքին հետ մշակեց սերտ յարաբերութիւններ:

Վ. Եագուպեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու իմաստով Հայաստանի վրայ հսկայական ճնշում կը բանեցուի մեծ թիւով պետութիւններու կողմէ:

Ան աւելցուց, որ Մոսկուայի, Փարիզի եւ Պրիւքսէլի մէջ հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն միջեւ տեղի ունեցած քննարկումներուն եւ ստորագրուած փաստաթուղթերուն մանրամասնութիւնները կը մնան գաղտնի, հետեւաբար յստակ չէ, թէ խաղաղութեան ո՛ր տարբերակն է, որ պիտի ստորագրուի` ռուսակա՞նը, ամերիկեա՞նը, թէ՞ եւրոպականը, որոնք բոլորը ի միջի այլոց նոյն նպատակին համար ճնշում կը բանեցնեն Հայաստանի վրայ:

«Նոյնիսկ եթէ Արցախի հարցը «լուծուի», կայ շատ աւելի մեծ հարց, որ Զանգեզուրի միջանցքի հարցն է, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ կը պարտադրուի` ռուսական, ամերիկեան եւ եւրոպական օրհնութեամբ:

Զանգեզուրի միջանցքը պիտի վնասէ Հայաստանի շահերուն, մանաւանդ եթէ այդ միջանցքը հայկական իշխանութիւններուն վերահսկողութեան տակ չըլլայ, որովհետեւ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը պահանջեն անոր հսկողութիւնը` հայկական հողերուն վրայ, նոյնիսկ եթէ Ռուսիա յայտարարած է, թէ ինք պիտի ստանձնէ այդ անցքին հսկողութիւնը:

Անդրադառնալով Ռուսիոյ դերակատարութեան` Վ. Եագուպեան ըսաւ, որ «Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ ուժերու ներկայութիւնը փաստ է, որ այդ ուժերը ի՛նչ կրնան ընել Արցախի ապահովութեան համար: Աւելի՛ն. 12 Դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր Արցախը Հայաստանի կապող միակ ճամբան` կեանքի ճամբան փակուած է Ազրպէյճանի կողմէ, եւ Արցախը կը մնայ շրջափակուած: Հետեւաբար ասիկա եւս ճնշամիջոց է Հայաստանի վրայ, որպէսզի ան ընդունի խաղաղութեան ատրպէյճանական տարբերակը», յայտնեց ան:

Պատասխանելով Իրանի կեցուածքին մասին հարցումի մը` Վ. Եագուպեան հաստատեց, որ Իրան իր կարգին հիմնական վնասուող կողմը պիտի ըլլայ Զանգեզուրի միջանցքին բացումով` յիշեցնելով, որ այդ միջանցքը կրնայ փակել Իրան-Հայաստան միակ ճամբան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստան տնտեսական շահեր պիտի իրականացնէ՞ Զանգեզուրի միջանցքէն եւ բարգաւաճում պիտի ապրի՞, Վ. Եագուպեան յայտնեց, որ ոչ մէկ երաշխիք կայ այդ իմաստով` աւելցնելով, որ Հայաստան կը կորսնցնէ իր գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը, ինչ որ պիտի սպառնայ անոր անվտանգութեան:

«Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ ո՛չ Ատրպէյճանը եւ ոչ ալ Թուրքիան կրնան երաշխաւորել Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ չեն կրնար երաշխաւորել արցախահայութեան ազատութիւնն ու գոյութիւնը` իր հողերուն վրայ», հաստատեց ան:

Վ. Եագուպեան նշեց, որ յստակ չէ, թէ ներքին հայաստանեան իմաստով ի՛նչ փոփոխութիւններ կրնան արձանագրուիլ եւ թէ Փաշինեան որքա՛ն երկար կրնայ իշխանութեան վրայ մնալ: «Միակ իրականութիւնը այն է, որ այսպէս կոչուած խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը Հայաստանի համար վնասակար է, եւ Փաշինեանի անձնատուական կեցուածքով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը խստիւ մերժելի է», ընդգծեց Եագուպեան: