ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Կիրակի իր աշխատանքներուն սկսած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան հերթական` 26-րդ Գերագոյն ժողովը: Անիկա յառաջիկայ քանի մը օրերուն պիտի քննէ ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի հաշուետու ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը, պիտի անդրադառնայ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, պիտի ուղենշէ կուսակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութեան ռազմավարութիւնը եւ մարտավարութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի ընտրէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին:

Ժողովի աշխատանքներուն կը մասնակցին պատուիրակներ Հայաստանի բոլոր մարզային կառոյցներէն, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական, ուսանողական եւ ուղեկից միութիւններէն, հրաւիրեալներ` ՀՅԴ-ի արտերկրի կառոյցներէն: