ՍՕ Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը մեծարելով հայ մայրերը, այս տարի եւս արժանաւոր կերպով յիշատակեց Մայրերու տօնը Շաբաթ, 30 Մայիս 2023-ի յետմիջօրէի ժամը 11։00-ին, Դամասկոսի «Սալիպ» եկեղեցւոյ սրահէն ներս։

Հանդիսութեան ներկայ էին ՍՕ Խաչի Շրջ.Վարչութեան ներկայացուցիչ
Քրիստին Սեդիկեան, ՍՕ Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Վարչութեան անդամներ, Հալէպէն ժամանած օրուան բանախօս Բալիկ Աւագեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ խաչուհիներ։

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը։

Բացման խօսք արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Մայտա Քէշիշեան։ Ան շեշտեց ընտանիքին մէջ հայ մօր դերը, որ կը մարմնաւորուի դաստիարակութեամբ, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի պահպանմամբ եւ գուրգուրանքով։
Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ հայ մայրը եղած է նեցուկ իր կողակիցին, աշխատած է սփիւռքի պայմաններուն մէջ պահպանել հայ լեզուին, սատար կանգնած է հայ դպրոցին, հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին։

Օրուան հանդիսավար
Նարին Առաքելեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն և հերթաբար հրաւիրեց գեղարուեստական յայտագիրին մասնակիցները։

Արդարեւ Գեւորգ Էմինի «Մեր Մայրերը» քերթուածը տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Դալար Ապգարեան։
Շուշի Եագուպեան մեներգեց «Զինուորին Վերադարձը»։

Յաջորդաբար երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան Արէն Սեդիկեան (ջութակ) «Իմ Անոյշ Մայրիկ», իսկ Սէրլի Առաքելեան (դաշնամուր) Շոփէնի «Grande Valse Brilliante»-ը։
Ապա Դուին Եագուպեան ասմունքեց Արմինէ Ասպարի «Մայր» քերթուածը, իսկ Մարի Յոսէփեան մեներգեց «Հայրենիքէս Հեռացել Եմ»-ը։

Օրուան բանախօս Բալիկ Աւագեան, բանախօսութեան խորագիրը ընտրած էր «Մեսրոպեան Այբուբէնի Գաղտնիքներ»-ը, հայր մայրը համարելով Մեսրոպ Մաշտոցի առաջին ժառանգորդը։

Թարգմանչաց Սուրբերու եւ գրերու գիւտի մասին կարճ նախաբանէ մը ետք, Աւագեան ներկայացուց գիտութիւններու մայր համարուող թուագիտութեան մասին կարճ ակնարկ մը, ուր շեշտեց թիւերու կարեւորութիւնը տիեզերքի եւ աշխարհի համակարգին մէջ։

Ապա ներկայացուց մեծն Մաշտոցի ստեղծած այբուբենի 36 տառերու քառասիւնակ եւ իննատող ամրակուռ շարուածքը, ուր կը գտնուին փիլիսոփայական, քրիստոնէական, երկրաչափական եւ թուային շա՜տ մը գաղտնիքներ։

Մեր այբուբենի բաղաձայններու, ձայնաւորներու, մինչեւ իսկ տառանուններու թուանշային արժէքներու հաշուարկի արդիւնքները անակնկալ էին ներկաներուն համար։ Այս բոլոր մանրամասնութիւններուն զուգահեռ ներկաները հետեւեցան պաստառի վրայ ցուցադրուող բացատրական նկարներուն։

Աւագեան յիշեց նաեւ Հայոց Այբուբենի օգտագործումը երկրաչափութեան, տիեզերագիտութեան, ժամանակագիտութեան, թուաբանութեան, բուժագիտութեան, շարականագիտութեան, սղագրութեան, թուագրութեան եւ գաղտնագրութեան մարզերէն ներս։

Մեսրոպեան Այբուբենի կցորդ երկու տառերը Օ-ն եւ Ֆէն ալ անմասն չմնացին իրենց գաղտնի յատկութիւններով։

Ապա բանախօսը միջազգային ուսումնասիրութիւններու մէջ հայոց Այբուբենին առնչուող պատմական յիշատակութիւններ ըրաւ։

Բալիկ Աւագեան սրտցաւօրէն անդրադարձաւ նաեւ Մեսրոպեան ոսկեղնիկի օգտագործման նահանջին, նամանաւանդ ընկերային ցանցերու վրայ։

Աւաւեան իր բանախօսութիւնը աւարտեց Ս. Կապուտիկեանի հետեւեալ պատգամով.

Պահիր նրան բարձր ու վճիտ,
Արարատի Սուրբ ձիւնի պէս,
Պահիր նրան սրտիդ մօտիկ,
Մեր պապերի աճիւնի պէս:

Ու տես որդիս, ո՜ւր էլ լինես,
Այս լուսնի տակ ուր էլ գնաս,
Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես,
Քո Մայր լեզու՜ն չմոռանա’ս…։

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Շրջ.Վարչութեան ներկայացուցիչ Քրիստին Սեդիկեանը՝ Շրջ.վարչութեան խօսքը ուղղելու։

Ան շնորհաւորեց ջերմութեան, սիրոյ, անձնազոհութեան և ինքնանուիրումի խորհրդանիշ հայ մայրերը, հաստատելով որ անոնք հայրենասիրութեամբ դաստիարակած են իրենց զաւակները։ Ապա անդրադարձաւ դար մը ամբողջ տարուող ՀՕՄ-ի ծառայողական գործունէութեան հայ կեանքին մէջ, շնորհիւ հազարաւոր իր անդամուհիներու բարեսիրական բազմաբնոյթ աշխատանքներուն։

Ապա Շրջ.Վարչութեան ներկացուցիչ Քրիստին Սեդիկեանի եւ մասնաճիւղի ատենապետուհիին հետ ձեռամբ, յուշանուէրներով գնահատուեցան «Էրեբունի» Մասնաճիւղի 1989–1990 եւ 1991 տարեշրջանէն անդամագրուած վաստակաւոր հետեւեալ խաչուհիները.

Արտեմիս Այարեան
Արփի Ճունտուրեան
Նորա Պալեան
Նաթալի Կապատեան
Դիլտա Խաճարեան
Նորա Քիւբէլեան
Էլիզապէթ Կիւրիւնլեան
Լիզա Խաճարեան
Սիլվա Գարակէօզեան
Լուսին Գարակէօզեան
Եօլանտ Պէլեան
Մարիէթ Պետրոսեան
Անի Շապոյ
Վերժին Ապաճեան
Մարալ Աբէլեան
Լորիկ Սողոմոնեան
Սօսի Սէֆէրեան
Սօսի Քէօշկէրեան
Նորա Ապաճեան
Շամիրամ Գասպարեան
Սօսի Պէտիրեան։

Թղթակից