Հայ Եկեղեցին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին նուիրած է երեք տօներ, որոնցմէ Ելն Ի Վիրապ տօնը հոգեկան ցնծութեամբ կը յիշատակուի։
Արդարեւ, Կիրակի, 11 Յունիս 2023-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Ելն ի վիրապ տօնին եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան եպիսկոպոսական Պատարագ մատուցեց Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:

«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ եւ թափօրով Սրբազան Հայրը մուտք գործեց եկեղեցի: Պատարագին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան անդամ Գուրգէն Գալուստեան, եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներ, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծաթիւ հաւատացեալներ:
Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ դպրապետ բարշ. Գրիգոր սրկ. Տէր Վարդանեանի։
Սրբազան Հօր առընթերականերն էին Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատեհճեան։

Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, դիտել տալով, որ Քրիստոսի աշակերտներուն նման քրիստոնեայ հաւատացեալը պէտք է զոհողութիւն յանձն առնէ իր կեանքին մէջ եւ զանազան դժուարութիւններուն դիմաց համբերող ըլլայ, քաջ գիտնալով, որ Քրիստոս իրեն պիտի շնորհէ անոր հարիւրապատիկը։ Ան յայտնեց, թէ Աստուած երբեմն իր խոստումներն ու վարձատրութիւնները կ՚ուշացնէ, որպէսզի մենք արթուն եւ զգաստ վիճակի մէջ մնանք եւ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք մշտնջենական եւ անանցանելի ճշմարտութիւններուն վրայ եւ Քրիստոս իր երկրորդ գալուստով պիտի վարձատրէ եւ Երկինքի Արքայութեան արժանի պիտի դարձնէ անոնք, որոնք արդար են։
Շարունակելով, Սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ ան որ Քրիստոսի սիրոյն հոգեւոր իմաստով կ՚անտեսէ աշխարհը, զոհողութիւն յանձն կ՚առնէ եւ կը միաւորուի Քրիստոսի հետ՝ անժամանցելին կը ստանայ։

Ելն ի Վիրապ տօնին ակնարկելով, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Գրիգոր Լուսաւորիչ Քրիստոսի սիրոյն չարչարուեցաւ, տառապանքներ կրեց, խոր վիրապ նետուեցաւ եւ շարունակ աղօթեց, ուստի, Աստուած զինք դուրս բերաւ խոր վիրապէն եւ ան որպէս երկրորդ լուսաւորիչ հայ ժողովուրդը դէպի լոյս եւ աստուածգիտութիւն առաջնորդեց, դառնալով հայ ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր հայրը։
Սրբազան Հայրը աղօթելով մաղթեց, որ աստուածպաշտութեամբ եւ աստուածսիրութեամբ բոցավառին եւ լուսաւորուին մեր հայ ընտանիքները։
Աւարտին Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ։
Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Սրբազան Հայրը Թափօրով իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց հաւատացեալներուն, ապա անդաստանի արարողակարգ կատարեց օրհնելով աշխարհի չորս ծագերը։ Տօնական մթնոլորտի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբը հայրենասիրական երգերով ոգեւորեց ներկաները։