Թուրքիոյ նախագահի վերընտրութենէն ետք, Ատրպէյճանն ու Թուրքիան Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ իրենց սպառնական ոճը սրած են:
Անցնող օրերուն,Թուրքիոյ նախագահը նախ այցելած է Կիպրոսի թրքական բաժին: Էրտողանի համար Կիպրոսի թրքական բաժինի ինքնորոշումը ապօրինի չէ, Կիպրոսի տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիք չէ, այնտեղ Թուրքիոյ նախագահը ուժի դիրքերէ ելլելով այլ տեսակէտ ունի ու բնականաբար կը ճանչնայ Կիպրոսի թրքական բաժինի ինքնիշխանութիւնը:
Հարաւային Կովկաս ժամանելով Էրտողանի երկդիմի քաղաքականութիւնը իր սլաքները կը փոխէ: Ժամանելով Պաքու, ան ոչ միայն իր փանթուրքիստական ծրագիրներուն յագուրդ տալու համար Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը կ’ոտնահարէ, այլեւ Արցախի բռնագրաւուած շրջաններու, յատկապէս հայկական մշակոյթի կեդրոն հանդիսացող Շուշիի դիմագիծը փոխելու համար, բարձր դիրք ունեցող Արցախի երբեմնի ամրոցին մէջ դեսպանատուն բանալու յայտարարութիւն կը կատարէ:
Բնականաբար ռուս-ուքրանական պատերազմի զարգացումները իրենց ազդեցութիւնը կ’ունենան թուրք-ատրպէյճանական հռետորաբանութեան եւ սպառնական ոճին վրայ: Այնտեղ արձանագրուող իւրաքանչիւր զարգացում, որ կողմին ալ համար ըլլայ ան, կը սրէ Ալիեւ-Էրտողան սպառնական ոճը, որովհետեւ տարածաշրջանը այս պատերազմին հետեւանքով տակաւին կը մնայ փխրուն ու ենթակայ արտաքին ազդակներու ազդեցութեան: Միւս կողմէ, միջազգային հանրութեան անպտուղ միջամտութիւնը Լաչինի անցքի փակման, Ատրպէյճանի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւման, կարծէք սրած են թուրքատրպէյճանական ախորժակները յատկապէս Զանգեզուրի միջանցքը զինուորական միջամտութեամբ հաստատելու, Թուրքիա-Նախիջեւան-Պաքու անմիջական կապը ապահովելու առումով:
Ալիեւ վերջին շրջանին սկսած է արդէն ձգձգել բանակցութիւններու ընթացքը: ԱՄՆ մեկնիլը յետաձգելը այդ նպատակին կը ծառայէր բնականաբար: Աւելին. ատրպէյճանական զինուած ուժերու Երասխի ուղղութեամբ յարձակումը սպառնալիք էր հիւսիս-հարաւ միջազգային փոխադրութեան միջանցքի կարեւորագոյն կէտերէն մէկուն, յատկապէս Իրան-Նախիջեւան-Հայաստան-Վրաստան երկաթուղագիծի նախագիծին իրականացման պարագային: Ատրպէյճանի բոլոր քայլերը Հայաստանն ու Իրանը խեղդելն ու շրջափակումը աստիճանաբար ընդլայնելն է:
Այս ծրագիրներուն մէջ Ալիեւ հետեւորդն է տարածաշրջանի եւ Արեւմուտքի հետ Թուրքիոյ քաղաքականութեան, որովհետեւ Թուրքիան է իր զինուորական թիկունքը որեւէ յարձակումի պարագային՝ Հայաստանի տարածքներու վրայ, թէ հետագային նաեւ Իրանի:
Ալիեւ զօրքը կազմ ու պատրաստ պահելով պատեհ առիթը կը սպասէ յարձակելու Հայաստանի հարաւային տարածքներու վրայ, վերջնականապէս փակելու արցախեան հարցը ու Թուրքիոյ հետ միասին սաստկացնելու Հայաստանէն նոր զիջումներ խլելու ճնշումը:
9 Նոյեմբերի համաձայնութիւնը չյարգող, Հայաստանի տարածքներ խուժող, Բերձորի միջանցքը ապօրինաբար փակող Ատրպէյճանէն ու իր հովանաւոր Թուրքիայէն խաղաղութեան համաձայնագիր ու գործակցութիւն ակնկալելը իրատեսական չեն ու պիտի չըլլան, ատրպէյճանաթրքական կողմին ռազմավարական նպատակներն ու քայլերը այդ ցոյց կու տան:
Հայաստանի ներքին զօրութիւնը, պայքարի եւ դիմադրութեան կամքի ուժեղացումը՝ համայն հայութեան զօրակցութեան ապահովումով, հայկական բանակի ուժեղացումը եւ դաշնակիցներու հետ ճկուն քաղաքականութիւնը կրնան դրական ներգործութիւն ունենալ այս գերզգայուն շրջանին: