Սուրիոյ հարցով միջազգային 20-րդ ժողովը, Ասթանայի բանակցութիւններու շրջագիծին մէջ, հանդէս  եկաւ միացեալ յայտարարութեամբ մը, ուր ընդգծուեցան շարք մը առաջնահերթութիւններ:
Յատկանշական էին առաւելաբար Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի թնճուկին առնչուող յայտարարութիւնները:
Այս առումով ժողովը թէեւ Թուրքիոյ վրայ յստակօրէն պարտք չդրաւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանէն իր ուժերը դուրս բերելու, սակայն անուղղակիօրէն հաստատեց այդ թելադրանքը, նշելով որ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը կ’իրականանան միայն Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ: Միաժամանակ հաստատելով, որ հարկ է միացեալ աշխատանքի շարունակութիւնը՝ ահաբեկչութեան եւ իսրայէլեան յարձակումներուն դիմակայելու եւ անջատողական շարժումները մերժելու համար:
Այս հաստատումով թէ՛ Սուրիոյ մէջ Իրանի ներկայութեան սահմանափակման, եւ թէ Թուրքիոյ ուժերու դուրսբերման անուղղակի առաջադրանք կ’ընդգծուի, նկատի ունենալով որ Իսրայէլի յարձակումները ուղղուած են Իրանի ներկայութեան դէմ առաւելաբար, իսկ Սուրիոյ գերիշխանութեան հաստատումը տրամաբանականօրէն կ’ենթադրէ թրքական ուժերուն դուրս գալը սուրիական հողերէն: Փոխարէնը քրտական գործօնին վտանգը բացառելու համար անջատողական շարժումներու մերժումը եւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան հաստատումը երաշխիքներ կը համարուին Թուրքիոյ սահմանի ապահովման առումով:
Յայտարարութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու ապօրինի ներկայութեան մերժումն ալ կը հաստատուի անուղղակիօրէն, երբ կ’արձանագրուի, որ Սուրիոյ գերիշխանութեան, միասնութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը հարկ է հետապնդել ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, նպատակներուն եւ սկզբունքներուն հիման վրայ՝ ընդգծելով այդ սկզբունքներուն միջազգային կողմերու յարգանքի եւ յանձնառութեան անհրաժեշտութիւնը։
Երաշխաւոր երկիրները կարեւոր կը համարեն նաեւ Ռուսիոյ, Իրանի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարներու կառուցողական խորհրդակցութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են Ասթանայի մէջ՝ քննարկելու Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ յարաբերութիւններու վերականգնումի ճանապարհային քարտէզի պատրաստման զարգացումները։ Չորս երկիրները կ’ընդգծեն այս ոլորտին մէջ արդիւնաւէտ ջանքերու շարունակութեան կարեւորութիւնը՝ 10 Մայիս 2023-ին արտաքին գործոց նախարարներու քառակողմ հանդիպումներու ընթացքին ձեռքբերուած համաձայնութիւններուն  հետեւելու համար:
Յայտարարութեան մէջ կարեւոր կը համարուի յարաբերութիւններու կարգաւորման այս գործընթացի առաջմղումը բարի կամքի եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հիման վրայ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով եւ կամաւոր վերադարձին համար համապատասխան պայմաններ ստեղծելու համար՝ ՄԱԿ-ի մասնակցութեամբ:
Նկատելի է երաշխաւոր երկիրներու ջանքերը բոլոր կողմերուն համար ընդունելի չափորոշիչներով համաձայնութեան եզրեր որոնելու եւ գործակցութեան վստահելի դաշտ ստեղծելու առումով:
Թէ վստահելիութեան այս չափանիշները որքանո՞վ կը յարգուին սուրիական տագնապին առնչուող երկիրներուն կողմէ, ժամանակը ցոյց կու տայ: Այդ վստահելիութեան խախտումը, սակայն, կրնայ տապալել բանակցութիւններու ողջ ընթացքը: