Հակառակ Սուրիա-Թուրքիա մերձեցման փորձերուն, Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններէն վերջ Սուրիոյ տարածքներուն նկատմամբ թրքական վտանգը չեղեալ համարելը իրատեսական չի թուիր:
Չմոռնանք, որ Թուրքիոյ վերընտրուած նախագահը Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու դրական փուլ մը սկսած ըլլալով հանդերձ նախքան 2011-ը, Միջին Արեւելքի մէջ իր ազդեցութիւնը տարածելու եւ տիրող հիմնական ուժը ըլլալու հեռանկարով թշնամացաւ Սուրիոյ հետ ու նկատառելի դեր ունեցաւ Սուրիոյ դէպքերու հրահրման ու տարածքներ գրաւեց Սուրիայէն:
Հակառակ իր խաղաքարտերու առաւելագոյն օգտագործման, սակայն, Էրտողան չյաջողեցաւ տիրական դէմք դառնալ Միջին Արեւելքի մէջ: Թուրքիոյ տնտեսական ճգնաժամը, արաբական աշխարհի սթափեցումը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ  ոչ միայն սանձեցին Էրտողանի ախորժակները, այլեւ պարտադրեցին որ թէ՛ արաբական երկիրներու եւ թէ՛ Սուրիոյ հետ իր երկրի քաղաքականութեան վերանայի:
Ներկայիս, Սուրիա-արաբական աշխարհ, Իրան-Սէուտական Արաբիա  մերձեցումներն ու Ռուսիոյ եւ Չինաստանի դերը մասամբ տկարացուցած են Թուրքիոյ ազդեցութիւնը ինչպէս Միջին Արեւելքի ու ծոցի երկիրներուն վրայ, այնպէս ալ սուրիական հարցին մէջ:
Միւս կողմէ Թուրքիոյ տնտեսական ծանր վիճակը, միեւնոյն ատեն սուրիացի տեղահանուածներու բեռը Թուրքիոյ իշխող խաւը ուղղած է վերանայելու իր քաղաքականութեան միջինարեւելեան եւ արաբական երկիրներուն հետ եւ թեքելու արաբական շուկայի ներգրաւման կարելիութիւններուն ուղղութեամբ:
Այդուամենայնիւ, Սուրիոյ մէջ իր ներկայութիւնը առաւելագոյնս օգտագործելու Թուրքիոյ նախագահին նկրտումները յստակ են, մերթ քրտական գործօնի պատրուակով, մերթ Սուրիոյ իշխող վերնախաւին մէջ իր կողմնակիցները տեսնելու ճիգերով:
Սուրիական դիւանագիտութիւնը ողջախոհութիւնը ունեցաւ ընտրութիւններու նախօրէին նախագահական մակարդակով հանդիպումի ընթացք չտալու, այլ Դամասկոս-Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորման ամէնէն նախնական քայլի մակարդակին վրայ պահելու երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու հանդիպումները:
Սուրիան յարաբերութիւններու կարգաւորման յստակ պայման դրած էր ու կը շարունակէ պահել այդ կարմիր գիծը՝ թրքական ուժերուն սուրիական տարածքներէն դուրս գալու պայմանը: Հետեւաբար Թուրքիան քաջատեղեակ է որ քրտական գործօնին գծով իր մտահոգութիւնը Սուրիան պիտի չփարատէ, մինչեւ թրքական ուժերուն դուրս գալը:
Միւս կողմէ Թուրքիոյ մէջ 3 միլիոնի հասնող սուրիացի գաղթականներուն հարցը պիտի լուծուի երկու երկիրներուն փոխադարձ զիջումներով:
Եթէ նկատի ունենանք Սուրիոյ վերականգնող դերն ու ներկայութիւնը արաբական աշխարհին մէջ,ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը երկու երկիրներու մերձեցման ճիգերուն մէջ, կարելի է ենթադրել որ Թուրքիան ինչպէս արաբական շարք մը երկիրներու, այնպէս ալ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման փորձերը պիտի շարունակէ, թէկուզ դանդաղ կշռոյթով, որպէսզի գէթ նոր լարուածութեան առիթ չտայ իր սահմանին ու փորձէ յաղթահարել տնտեսական իր ճգնաժամը: