Հալէպէն Հայաստան հաստատուած Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի խումբ մը շրջանաւարտներու նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, 14 Մայիս 2023-ին. Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ԱՔԵ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Հայաստանի Մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովը, «Արամ Մանուկեան» կեդրոնէն ներս։ Ժողովին կը մասնակցէին Ճեմարանի նախկին ուսուցիչներ, քահանայ հայրեր, խնամակալութեան նախկին անդամներ եւ տարբեր սերունդներէ Հայաստան հաստատուած շրջանաւարտներ։ Ժողովի աւարտին յայտարարուեցաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան Հայաստանի Մասնաճիւղի վարչութեան կազմը։
Այս առիթով «Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ նորակազմ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Աւետիսեանի հետ։ 
 
«Գանձասար» – Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի շրջանաւարտները մեծ ընտանիք մը կը կազմեն, թէկուզ ցրուած աշխարհի չորս ծագերուն։ Անոնց կապը անխախտ է, ձեւով մը պատկանելիութիւն է, աւելի քան՝ վարժարանի մը հետ սովորական կապ։ Արդէն տեղեկացանք, որ Հայաստանի մէջ եւս կազմուած է Շրջանաւարտից Միութիւն։ Ի՞նչ առաջադրանքներէ մեկնած կազմեցիք Երեւանի մասնաճիւղը։
Ռաֆֆի Աւետիսեան- Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտներու պատուաբեր դերակատարութիւնը սփիւռքեան իրականութեան մէջ ակներեւ է ու բոլորս ալ հաստատ գիտենք, թէ ճեմարանականներու իրենց վարժարանին նկատմամբ դրսեւորած կապուածութիւնը իւրօրինակ երեւոյթ է։ Իւրաքանչիւր ճեմարանական հպարտանք ու հոգեկան բաւարարութիւն կը զգայ Ճեմարան յաճախած ըլլալուն, ուր ապրուած աշակերտական օրերու յուշերը անջնջելի հետք ու դրոշմ ձգած են մեր հոգիներուն մէջ։ 
Ճեմարանի թիթեղեայ համեստ կառոյցը ժամանակի ընթացքին դարձաւ քարաշէն հզօր դարբնոց, ուր սերունդներ թրծուեցան ու դաստիարակուեցան ազգային հայեցի շունչով եւ ազգին ու հայրենիքին ծառայելու պատրաստակամութեամբ։
Ուստի, յերախտագիտութիւն մեր սիրելի Ճեմարանին, մենք եւս, մեր կարգին պիտի փորձենք կարելի բոլոր միջոցներով սատարել անոր յարատեւութեան ու բարգաւաճման։
Նկատի ունենալով, որ վերջին տարիներուն Երեւանաբնակ ճեմարանականները սկսան մեծ թիւ մը կազմել, կարիքը զգացուեցաւ հայրենիքի մէջ եւս Շրջանաւարտից Միութեան մասնաճիւղ մը հիմնել, նպատակ ունենալով երիտասարդութիւնը համախմբել միութենական մթնոլորտի շուրջ։ Ա՛յս առաջադրանքէն մղուած յառաջացուցինք Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան նոր մասնաճիւղը, Հայաստանի մէջ։
 
«Գ.» – Որքա՞ն կարեւոր կը համարէք կամրջումը Հալէպի մէջ գտնուող Ճեմարանին, ճեմարանականներուն ու աշխարհացրիւ շրջանաւարտներուն միջեւ։ Մէկը միւսին ի՞նչ կրնայ տալ, բոլորը միասին ինչպէ՞ս կրնան նպաստել Ճեմարանին։
Ռ. Ա. – 1987-էն արդէն իսկ կամուրջներ նետուած են դէպի ԱՄՆ-ԼԱ, իսկ վերջին տարիներուն՝ դէպի Աւստրալիա, Քանատա ու Հայաստան։
Կ’ակնկալենք, որ շուտով յառաջանան մասնաճիւղեր հայահոծ այլ գաղթօճախներու մէջ եւս, ինչպիսին է Շուէտը եւ այլուր։ Այս երեւոյթը ինքնին խօսուն փաստ մըն է ճեմարանականներու թէ՛ իրար, եւ թէ իրենց վարժարանին սերտօրէն կապուած ըլլալուն։ Այս մասնաճիւղերու հիմնական առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ իրենց նիւթական աջակցութիւնը ցուցաբերել մայր կրթօճախ Ճեմարանին։ 
Սակայն միեւնոյն ժամանակ մենք՝ Ճեմարանէն հեռու ճեմարանականներս, միշտ ալ կարիքը ունինք Ճեմարանի շունչին, կ’ապրինք անոր յիշատակներով ու կը հպարտանանք անոր նուաճումներով։
«Գ.» – Հայաստանեան միջավայրը, մեծաթիւ հայրենադարձ սուրիահայերով գունաւորուած, գործունէութեան ինչպիսի՞ կարելիութիւններ կրնայ ապահովել նորակազմ միութեան, յատկապէս նկատի ունենալով որ վարչութեան բոլոր անդամները միութենական կեանքի բովէն անցած, փորձառու շրջանաւարտներ են։ 
Ռ. Ա. – Այո՛, բարեբախտաբար Հայաստան հաստատուած են մեծաթիւ հալէպահայեր, որոնց մէջ բնականաբար կան բազմաթիւ ճեմարանականներ։ Սակայն, մինչեւ օրս, մեր մօտ ցանկագրուած են մօտ 200 ճեմարանական միայն։ Շատ հաւանական է նաեւ, որ կան մօտաւորապէս նոյնքան ճեմարանականներ, որոնք տակաւին իրենց տուեալները չեն փոխանցած վարչութեան։ Յոյսով ենք, որ շուտով անոնք եւս կը միանան նորահաստատ մեր միութեան։
Հայաստանի մէջ միութենական գործունէութիւն ծաւալելը համեմատաբար աւելի դժուար է քան Հալէպի մէջ։ Այս տեղեկութիւնը կրնայ շատերուն զարմանք պատճառել։ Պատճառն այն է, որ հայրենիքի մէջ չկան մեր հասկացողութեամբ առօրեայ հանդիպման վայրեր՝ ակումբներ, տրամադրելի դաշտեր, պարտէզներ կամ դպրոցներ, ինչպիսիք էին ու ե՛ն տակաւին Հալէպի պարագային։ Առկայ է նաեւ այլ դժուարութիւն մը. այստեղ երիտասարդութեան աշխատանքի պայմանները կը տարբերին Հալէպէն (նկատի ունինք անոնց գործի պայմանները, հանգստեան օրերը, աշխատանքային ժամերը՝ 24 ժամուան դրութիւն եւ այլն)։
Որպէս յառաջիկայ գործունէութիւն, ծրագրած ենք մտերմիկ հանդիպում մը Հայաստան հաստատուած եւ կամ ներկայիս այստեղ գտնուող ճեմարանի ուսուցիչներուն եւ դաստիարակներուն հետ, ինչպէս նաեւ Հալէպեան ոճով նախաճաշ մը։ Իսկ աւելի ուշ, հաւանաբար ամրան, երբ մեծաթիւ ճեմարանականներ Հայաստան կը ժամանեն զբօսաշրջութեան նպատակով՝ ծրագիր ունինք կազմակերպել պարանցիկ ընթրիք մը։ Օրակարգի վրայ են նաեւ երիտասարդութեան յատուկ միօրեայ պտոյտներն ու հաւաքները։
«Գ.» – Յաջողութիւն կը մաղթենք նորակազմ մասնաճիւղի աշխատանքներուն։ 
Հարցազրոյցը վարեց
Զարմիկ Պօղիկեան