«Ազդակ»-ի Մտերմիկ Զրոյցը Հալէպահայ Մտաւորական Լեւոն Շառոյեանի Հետ

«ԱԶԴԱԿ».- Իսկ ուրկէ՞ պիտի գան հայագիտական հիմնարկի մը կամ ուսուցչանոցի մը ուսանողները:
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ.- Ակնբախ իրողութիւն է, որ Միջին Արեւելքի մեր հայկական երկրորդական վարժարանները (Պէյրութ, Հալէպ կամ Պոլիս) հայեցի կրթութեան ու հայագիտական ուսումնառութեան տեսակէտէ այլեւս կորսնցուցած են իրենց երբեմնի փայլքը: Հոնկէ շրջանաւարտ մը բացարձակապէս ի վիճակի չէ հայերէնաւանդ ուսուցիչի ամպիոնին ետին կանգնելու: Չունի այդ պատրաստութիւնը: Այնուհանդերձ, հայերէնաւանդ ապագայ ուսուցիչը պիտի գայ կամ կրնայ գալ մի՛միայն հոնկէ՝ հայ դպրոցէն: Ուրիշ ո՛չ մէկ օճախ կրնայ կորիզը պատրաստել հայ ուսուցիչին: Հայերէնաւանդ ուսուցիչին բեղմնաւորման միա՛կ արգանդը հայ դպրոցն է:
Բայց անհրաժեշտ է այդ կորիզը ուռճացնել, սնուցանել, շաղել, կոփել, յղկել, որպէսզի պատրաստ ըլլայ ան հայերէնաւանդ ուսուցիչի քղամիդը իր ուսին առնելու ու դասարան մտնելու:
Այս դժուարին գործը, մա՛րդ պատրաստելու առաքելութիւնը, վիճակուած է հայագիտական հիմնարկներուն: Եթէ մեր դպրոցներուն հիմնադրութեան բո՛ւն նպատակը մայրենի լեզուի ուսուցումն է, ու այդ նպատակին իրագործումը հիմա գոհացուցիչ չէ ու չի գտնուիր ցանկալի մակարդակի վրայ, ուրեմն անյապաղ ձեռնարկենք մարդուժի պատրաստութեան:
«Ա.».- Հայերէնի ուսուցումը ինչո՞ւ կը կաղայ մեր դպրոցներուն մէջ, առհասարակ: Պատճառները արտաքի՞ն են, թէ՞ ներքին:
Լ.Շ.- Այսպիսի հարցումի մը պատասխանելէ առաջ նախ պէտք է յիշեցնել, որ հայերէնը, երկրէ երկիր, պետական-պաշտօնական դիտանկիւնէ ենթակայ է տարբեր կարգավիճակներու: Եթէ արեւմտեան երկիրներու մէջ (Ամերիկա, Եւրոպա) հայերէնի ուսուցումը բոլորովին ազատ ու անկաշկանդ է, ապա արաբական կամ մահմետական երկիրներու մէջ անիկա ենթակայ է որոշ օրէնքներու կամ օրինական տրամադրութիւններու: Այս օրէնքները, որոնք տուեալ երկրին պետական կրթական համակարգէն կը բխին, կրնան երբեմն որոշ կաշկանդումներ բերել հայերէնի ուսուցման, սակայն բնաւ չե՛ն խափաներ կամ չե՛ն արգելակեր հայ համայնքին իր մայրենի լեզուն սորվելու կամ սորվեցնելու բնական իրաւունքը: Հետեւաբար կրնանք ըսել, թէ ո՛չ մէկ երկիր արգելք դրած է հայերէնի ուսուցման առջեւ:
Օրինակ, շատ հետաքրքրական է Սուրիոյ պարագան, ուր պետական օրինագիծին մէջ հայոց լեզուն բնորոշուած է իբրեւ «ծիսական լեզու», այսինքն՝ եկեղեցական կամ կրօնական պարտաւորութիւններու լեզու, կամ, եթէ կ’ուզէք, աղօթասացութեան լեզու: Այս ալ, իր կարգին, անհրաժարելի, անհպելի կը դարձնէ անոր ուսուցումը: Խելացի կերպով ու հնարամտութեամբ ընտրուած «ծիսական լեզու» բառակապակցութիւնը իրականութեան մէջ ՎԱՀԱՆԻ ու ԵՐԿԱԹԵԱՅ ՀԱՆԴԵՐՁԱՆՔԻ դեր կը կատարէ մեր դպրոցներուն համար: Մեր վարժարաններուն կու տայ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆՈՒԹԻՒՆ մը: Աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր սուրիահայ վարժարանները կ’ապրին, կը գոյատեւեն ու իրերայաջորդ սերունդներուն իրենց մայրենին կը սորվեցնեն վերոնշեալ օրէնքին տրամադրութիւններով:
Հայերէնի ուսուցումը այսօր, կ’ենթադրեմ, որ բաղձալի մակարդակի վրայ չի գտնուիր սփիւռքի մեր բոլոր (135) դպրոցներուն մէջ, առանց բացառութեան:
Ճի՛շդ է, որ մեր կրթական հաստատութիւնները որոշ չափով հայախօս կը պահեն իրենց խնամքին յանձնուած երեխաները, գրել-կարդալ կը սորվեցնեն անոնց, բայց…
Եթէ կրթական հետազօտիչ խմբակ մը մանրամասն քննութեան ենթարկէ սփիւռքահայ վարժարաններու աշակերտութեան հայերէնի իմացութեան ընդհանուր մակարդակը, անպայման պիտի յանգի տխուր եզրակացութիւններու:
Մոռնա՛նք Պոլիսը (ուր թրքախօսութիւնը համատարած է), մոռնա՛նք Ֆրանսան, Արժանթինն ու Ամերիկան (ուր օտարախօսութիւնը «բնական» երեւոյթ է) ու կանգ առնենք «Երազային Հալէպ»-ի դռներուն առջեւ:
Այստեղ դեռ կը պահենք 5 երկրորդական վարժարաններ (Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան կեդր. վարժարան, Կիլիկեան Ճեմարան, Կրթասիրաց-Ս. Չեմպերճեան Երկրդ. վրժ. եւ Հայ Աւետ. Բեթէլ վրժ.), առաւել՝ երկու միջնակարգեր (Մխիթարեան ու Զուարթնոց) եւ միակ նախակրթարան մը (Ազգ. Միացեալ վրժ.):
Կրնանք խոստովանիլ անվարան, որ մեր երկրորդական վարժարաններուն աւարտական կարգերու հայ աշակերտութեան մօտաւորապէս ԵՐԿՈՒ ԵՐՐՈՐԴԸ իր մայրենի լեզուն սահուն կարդալու անկարող է: Դժբախտ իրականութիւն մըն է ասիկա: Ա՛լ չենք խօսիր ուղղագրութեան մասին, որ մեր աշակերտներուն Աքիլլէսի կրունկն է, մանաւանդ՝ սա վերջին տասը-տասնհինգ տարիներուն, երբ Դիմատետրի կամ առձեռն հեռաձայններու վրայ ամէն ոք  երկու տողնոց մաղթանքն անգամ կը նախընտրէ գրել լատինատառ հայերէնով:
Մենք՝ ուսուցիչներս, յաճախ կ’աշխատինք գօտեպնդուիլ այն սակաւաթիւ միւսներով՝ հայերէնի հոգածու աշակերտներով, անոնց մէջ փնտռելով մեր ուրախութիւնը, մեր աշխատանքին պսակաւորումը: Բայց այս վերջիններուն թանկագին գոյութիւնը չի կրնար մոռցնել տալ մեզի այն միւս մեծամասնութիւնը, որ հայերէնի մէջ չափազանց տկար է, հեգելով կամ կմկմալով կը կարդայ, ճշգրիտ նախադասութիւն մը չի կրնար կազմել, բառերը քով-քովի կը շարէ անկապակից կերպով, միակ բառի մը մէջ… 3 ուղղագրական սխալ կը հանէ:
Մենք՝ ուսուցիչներս, որքա՜ն կը տառապինք ասոնց դիմաց. յաճախ կը թողունք լաւերը մէկ կողմ ու կ’իյնանք այս վերջիններուն ետեւէն՝ բաներ մը փրկելու յոյսով: Բայց ընդհանրապէս չե՛նք յաջողիր. յուսահատօրէն վա՛ր կը դնենք զէնքերը, որովհետեւ ի վերջոյ կը համոզուինք, որ ոչի՛նչ պիտի փոխուի 16-17 տարեկան այս տղոց «կարծրացած» կաղապարին մէջ: Անոնք դպրոցը պիտի աւարտեն առանց տարրական գրել-կարդալ գիտնալու: Անոնցմէ ոչ ոք հետագային հայերէն թերթի կամ գիրքի ընթերցող պիտի ըլլայ: Անոնք կորսուած ոչխարներն են Սփիւռքի մեր հօտին:
Իմ հարցումը այստեղ հետեւեալն է. հանրութիւնը որքանո՞վ իրազեկ է այս ողբալի կացութեան: Մեր դպրոցներու վարչական մարմինները կամ տնօրէնութիւնները ի՞նչ ազդու միջոցներու կը դիմեն (կամ կրնան դիմել) դարմանելու համար այս կացութիւնը:
Տխուր է հաստատել նաեւ, որ մեր վարժարանները, բոլո՛րն ալ, կը խուսափին այս մասին բարձրաձայն արտայայտուելէ: Իրենց տարեկան նիւթաբարոյական տեղեկագրերուն կամ հրապարակային զեկոյցներուն մէջ արձանագրութիւններ չեն թողուր այս մասին: Ընդհակառակն, միշտ կը նկատենք, որ վարժարաններու ամավերջի հանդէսներու ընթացքին լոզունգնե՛րն են տիրապետողը («հայապահպանո՜ւմ», «հայ դպրոցը ամրո՜ց է», «մեր աշակերտները զինուորագրեալնե՜րն են Հայ Դատին» եւ այլն, եւ այլն…):
Դեռ աւելի՛ն. բոլորս ալ կը տեսնենք, թէ նոյն վարժարանները ամէն տարի որքա՛ն բծախնդրութեամբ մամուլի մէջ կը հրատարակեն պաքալորէայի քննութեանց յաջողած իրենց աշակերտներուն անունները՝  նիշերով միասին:
Նոյնը ինչո՞ւ չէ կատարուած ու չի կատարուիր հայերէնի համար, անջատաբար: Չէ՞ որ հայ վարժարանը հիմնուած է հայերէնի ուսուցման համար:
Կ’ամչնա՞նք պատկերէն: Ամօ՞թ կը զգանք:
«Ա.».- Հայերէնը մեր դարուն աւելի համահունչ դարձնելու եւ զայն նոր սերունդին աւելի մօտեցնելու համար կարելի՞ է թուարկել գործնական քանի մը միջոցներ:
Լ.Շ.- Չկայ մասնաւոր մոգական ցպիկ մը, որով կրնանք սիրցնել որեւէ լեզու՝ ոեւէ անձի: Ենթական ինք իր հետաքրքրութիւններուն մղումո՛վ պէտք է սիրէ սա կամ նա լեզուն, սա կամ նա գրականութիւնը: Իսկ «հետաքըրքրութիւն»-ն ալ, իր կարգին, ծնունդ կ’առնէ այլազան ազդակներէ:
Երբեմն կը տեսնենք, որ եւրոպացի համալսարանականներ եկած են հայոց պատմութիւն սերտելու, հայ հին գրականութիւնը ուսումնասիրելու, նոյնիսկ՝ հայերէն սորվելու եւ իւրացնելու: Շահագրգռուա՛ծ են ուրեմն: Թերեւս զգացական կապ մը ունին հայութեան հետ, կամ՝ ապագայ ծրագիր մը, ո՜վ գիտէ…
Մեր տղոց պարագային, եթէ հայերէնի կամ հայ գրականութեան ու պատմութեան նկատմամբ սէր մը պիտի ծլարձակի անոնց մէջ, այդ մէկը պիտի գայ դպրոցէն, բայց նաեւ՝ ընտանիքէն:
Անհրաժեշտ է ապահովել դասարանային հմայիչ մթնոլորտ, դասաւանդելի առարկան (լեզու, գրականութիւն թէ պատմութիւն) հետաքրքրական դարձնող միջոցներ, դասապահը անձանձրոյթ անցընելու կերպեր: Այստեղ բո՛ւն դերակատարը ուսուցիչն է, եւ անո՛ր ուսերուն դրուած է այս ծանր լուծը: Ուսուցիչը պիտի կարենա՞յ Արփիարեանի մը կամ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի մը նկատմամբ շահագրգռութիւն ստեղծել իր սաներուն մէջ: Դասագիրքին չոր կենսագրութիւններէն կամ սեւ-ճերմակ լուսանկարներէն պիտի կարենա՞յ դուրս բերել աշակերտին առօրեային առնչուող որոշ տուեալներ:
Հոս, ահաւասիկ, դա՛րձեալ ինքզինք փնտռել կու տայ որակաւոր եւ հմուտ ուսուցիչը:
Հիմա մեր տրամադրութեան տակ ունինք արդի  արհեստագիտութեան լա՜յն ու գրաւիչ միջոցներն ալ (համացանց, առձեռն հեռախօս, դիմատետր եւ այլն): Հայերէնը պէտք է առնչել անո՛նց:
Օ՜, որքան կարեւոր է հայատառ գրառումներու պարագան: Բացէ՛ք մեր դպրոցական աշակերտներուն Դիմատետրի սեփական էջերը ու ակնարկ մը նետեցէք անոնց վրայ: Այդ էջերը ծայրէ ծայր լեցուն են լատինատառ հայերէնով  կամ անգլերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն, սպաներէն գրառումներով՝ ըստ իրենց ապրած երկրին: Մաշտոցի այբուբենը բացակայ է հոնկէ: Կը նշանակէ որ հայ դպրոցը չէ կրցած մայրենի լեզուն ագուցել տղուն հոգիին եւ ուղեղին: Կամ ալ մայրենի լեզուն այնքան տկար ու նախնական մնացեր է աշակերտին մէջ, որ ան յանդգնութիւնը չունի զայն տիրապէս գործածելու, նոյնիսկ՝ քանի մը բառէ բաղկացած նախադասութիւններու մէջ:
Այս պատկերը փոխելը դիւրին չէ, կը կարօտի հետեւողական երկարատեւ աշխատանքի ու քարոզչութեան:
Ամփոփեմ միտքս: Միայն այբուբենը ճանչնալն ու քանի մը բառ քով-քովի շարելը, հայերէն քանի մը երգ երգելը կամ կարճ աղօթք մը արտասանելը բաւարար չէ՛: Հայ դպրոցը շա՛տ աւելին պէտք է տայ իր սան-սանուհիներուն:
Կը խորհինք, որ ամէն ոք համաձայն կ’ըլլայ ինծի, եթէ հայ երկրորդական վարժարանէ շրջանաւարտներու մօտ ակնկալենք գտնել հետեւեալ տուեալները.
– Հայերէն որեւէ գրութիւն սահուն կարդալ ու կարդացածը հասկնալ մեծ մասամբ:
– Հայերէն գրել վարժ ձեռքով, հեզասահօրէն, ուղղագրական նուազագոյն սխալներով:
– Անծանօթ չըլլալ մեր գրականութեան: Ընդհանուր գիծերու մէջ գիտնալ արժէքը՝ Մեծարենցի մը, Պարոնեանի մը, Համաստեղի մը, Թէքէեանի մը, Չարենցի մը, Րաֆֆիի մը:
– Ճանչնալ մեր լեզուին քերականութեան մայր գիծերը (յոգնակիի ու եզակիի ճիշդ գործածութիւն, գոյականներու հոլովում, բայերու խոնարհում, կէտադրական նշաններ, տողադարձ, դերանուններ, շարահիւսական տարրական սկզբունքներ եւ այլն):
– Քիչ մըն ալ հայոց պատմութիւն՝ Գրիգոր Լուսաւորիչով, Մեսրոպ Մաշտոցով, Վարդանանքով, Արշակունի ու
Բագրատունի արքաներով, Մամիկոնեաններով, Մխիթար աբբահայրով, Խրիմեանով, Հայոց Ցեղասպանութեամբ, Արցախի դատով:
Անձնապէս այսքանով կը գոհանամ:
Այսքանը երաշխիք է, որ հայ պարմանը եւ պարմանուհին կեանքի իրենց երթը շարունակեն հայօրէն եւ չընկրկին օտար ափերու վրայ:
(Շար. 2 եւ վերջ)
Զրոյցը վարեց
Քրիստ Խրոյեան