Կիլիկիան Զաւարեանը կը հետաքրքրէր որպէս գործունէութեան վայր, ուստի պէտք էր ուսումնասիրել ժողովուրդը իր հոգեկան եւ ֆիզիքական կարելիութիւններով:
1904-ի աշնան «Սիմոն Զաւարով» անունով որպէս ռուս տնտեսագէտ պետական պաշտօնեայ կը ժամանէ Կիլիկիա, Խանասորի Վարդանի հետ:
Կը շրջագայի Ատանա, Մարաշ, Մերսին, Իսքէնտերուն, Չորք Մարզպան եւ Այնթապ, միշտ քարոզելով, ուսումնասիրելով եւ փորձելով կազմակերպել ժողովուրդը, նախատեսելով գալիք վտանգները, առանց անտեսելու իր մասնագիտական պաշտօնը որպէս տնտեսագէտ (հողը, կլիման, եւ տեսակաւոր ցանքի կարելիութիւնները): 
Վարդան 4-5 ամիս Այնթապ կը մնայ, իսկ ինք կը շրջագայի քաղաքները եւ գիւղերը ու կը յանգի այն համոզումին,  որ հայ բնակչութիւնը մեծ տարածութեան վրայ ցրուած ըլլալով, շատ մը գիւղերու մէջ խառն թուրքերու, քիւրտերու եւ չէրքեզներու հետ կ’ապրի, իսկ զուտ հայաբնակ շատ մը գիւղեր շրջապատուած են այս ազգերով, ու թէեւ հայութեան որպէս ուժ կազմակերպման գործը այդ օրերուն կարելի չէր, բայց հետագային կարելի կրնայ ըլլալ: Հակառակ իր այս համոզումին, ան կը շարունակէ աշխատանքը կարելիութեան սահմաններուն մէջ:
Կ’անցնի Պէյրութ, հոն երիտասարդ խանդավառ ուսանողութիւնը կը կազմակերպէ հիմնելով Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը, որ մինչեւ օրս կը գործէ:
1905-ին երբ կը սկսին հայ-թաթարական կռիւները, Վարդան ստիպուած կը վերադառնայ Կովկաս:
Զաւարեանն ալ երկար չի մնար Լիբանան, կը վերադառնայ Կովկաս-Թիֆլիս, ուր դարձեալ կը նետուի աշխատանքի, որպէս ղեկավար եւ «Յառաջ» թերթի խմբագիր, բայց կարճ ժամանակուայ համար:
1908-ին, երբ հայերու դէմ հալածանքները կը սկսին, կ’անցնի Պոլիս, ուր կը շարունակէ իր ղեկավար պաշտօնը:
Պոլիսը ժամանակաւոր կայան մըն էր, Զաւարեանի սիրտը Արեւմտահայաստանի խորքերն էր: 1909-ի աշնան կը հասնի Մուշ, ընդհանուր տեսուչի պաշտօնով կը գործէ Մուշի, Սասունի, Տարօնի ազգային բոլոր դպրոցներուն մէջ, բժիշկ Յակոբ Զաւարեանի հետ, որ մինչ այդ անցեր էր առատութեան ու պերճանքի մէջ, շրջապատուած ամէն տեսակ յարմարանքներով, վայելած քաղաքակրթութեան բոլոր բարիքները, այժմ մղուած պարտքի զգացումէն, ամենաբուռն հայրենասիրութեան հաւատամքով՝ նետուեր էր Զաւարեանի հետ յօժարակամ Հայաստանի լքուած խորքերը, ուր չկային ո՛չ նիւթական, ո՛չ իմացական քաղաքակրթութեան նշոյլներն անգամ, ուր մեր ժողովուրդը ապրած է ամբողջ տարիներ ամէն տեսակ զրկանքներու մէջ, առանց տաքուկ բնակարանի ու սնունդի… մէկը ուսուցիչ ու քարոզիչ, միւսը՝ բժիշկ, անհուն սիրող ու կարեկցանքով երկու նուիրուածներ, անձնազոհ սպասաւորները կը դառնան թշուառութեան մէջ կորած հարազատ իրենց ժողովուրդին:
Զաւարեան երկու տարուան տքնաջան աշխատանքով այդ շրջաններու դպրոցներուն թիւը կը հասցնէ 68-ի, իսկ աշակերտութեան թիւը՝ 2525, որոնցմէ 1827-ը մանչ, իսկ 698-ը՝ աղջիկ: Ուսուցիչներուն թիւը կը հասնի 112-ի: Սասունը, զորօրինակ, ունեցած էր 9 դպրոց, 200 երկսեռ աշակերտներով:
Մուշի մէջ կը հիմնէ մօտ 3000 գիրքերով գրադարան մը, իսկ Տարօնի մէջ ուսուցչական գրադարան մը, 1500-է աւելի գիրքերով եւ 500-է աւելի օրինակներով, գրադարաններ կը հիմնէ կեդրոնական զանազան վայրերու մէջ, որոնք, սակայն, 1915-ին հրոյ ճարակ դառնալով մոխիրի կը վերածուին թուրք «քաղաքակիրթ» ամբոխներու ձեռքով, այն թուրքը, որ այսօր մեր գրաւուած հողերուն վրայ նստած, ամբողջ աշխարհին արդարութեան, հաւասարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու դասեր կու տայ:
Կարդալով Զաւարեանի գրած շրջաբերականները ուղղուած դպրոցներու տնօրէնութիւններուն, կը տեսնենք թէ ան, առանց չափազանցութեան, կը կատարէր կրթական նախարարութեան մը գործը, անհաւատալի է որ անձ մը միայն այսպիսի յանդուգն ու վիթխարի ծրագիր մը մշակած ըլլար, առանց պետական պիւտճէի, ապաւինելով միայն ժողովրդական լումաներուն: Յառաջադէմ երկիրներու մէջ այսպիսի ընդարձակ ու բարդ գործ մը ղեկավարելու համար անհրաժեշտ է ունենալ տասնեակ քարտուղարներ եւ օգնականներ:
Զաւարեան այս հսկայ գործը կը տանէր մէկ օգնականով միայն, իրեն պէս անխոնջ ու անդուլ եւ յատկապէս իրեն պէս սակաւապէտ՝ Մատթէոս Բզնունին, որ անձնապէս կը պատասխանէր ամէն նամակի եւ դիմումի, բացի ընթացիկ իր աշխատանքներէն:
Զաւարեանի համար մարդու մեծագոյն արժէքը միայն ծառայութեան մէջ կը կայանար:
Զաւարեան գիտական մտքի տէր ըլլալով, յատուկ կերպով կը հետաքրքրուէր իր շուրջիններով եւ բծախնդրօրէն կը հետեւէր առօրեայ բոլոր մանրամասնութիւններուն, ըլլան անոնք քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կրթական, մշակութային, ազգային եւայլն: Երեւոյթները գիտականօրէն կը վերլուծէր: Անոր շարք մը ուսումնասիրութիւնները անտիպ մնացած են: Իր ապրած չափազանց համեստ կեանքով շրջապատը զինք նմանցուցած էր Յիսուսի, եւ տուած զանազան ածականներ, ինչպէս՝ աշխարհիկ սուրբը, խառազանող Նազովրեցին, Տէրվիշը, Դաշնակցութեան խիղճը, Դաշնակցութեան առաքեալը, Զինուորը յեղափոխութեան եւայլն:
Կրթական գործին կողքին, Զաւարեան կը մտածէր գիւղացիին կեանքի բարելաւման, զարգացման եւ անոր երջանկութեան մասին:
Մուշ գտնուած օրերուն, ան նոր դրութեամբ փեթակներ կ’ընդհանրացնէ եւ մեղուաբուծութիւնը կը դնէ գիտական հիմքերու վրայ: Ան կը կրկնէր. «Մուշի գիւղացիին փեթակ մը կամ այծ մը նուիրելը, քաղաք մը շինել ըսել է»:
Հայերէնով գրած երկրագործական ուսումնասիրութիւնները շատ կարեւոր ըլլալով թարգմանուած են ռուսերէնի:
Կը շրջագայէր բոլոր գիւղերը, անտեսելով հեռաւորութիւնները, կը նօթագրէր բոլոր մարզերը՝ աշխարհագրական, տնտեսական, առողջապահական եւայլն…:
Յատկանշական էր Կէլիկիւզան իր այցելութիւնը, որուն մասին այսպէս կը գրէ. «Որքան որ Տալւորիկը ճանչցուած էր Սասնոյ սիրտը՝ իր անառիկ բարձունքներով, Կէլիկիւզանը սակայն Սասունի ոգին էր»: Փռուած Անտիոք լերան փէշերուն, դիմագրաւած էր փոթորիկներու ամէնէն ահաւորը, ո՞վ չէր ճանչնար կէլիկիւզանցի Շաքէն, հայոց աշխարհի Ժան Տ՛Արքը, որ դիւցազնական խոյանքով մը ինքզինք ապառաժներէն դէպի անդունդ նետած էր փրկելու համար հայ կնոջ պատիւը:
Գիւղի թեւերուն մէջ, փոքր սարատափի մը վրայ, հաստաբուն ընկուզենիներուն տակ ամփոփուած էր Տարօն Տուրուբերանի հերոսամարտի լուսապսակ պանթէոնը: Հոն կողք-կողքի կը հանգչէին թանկագին մասունքները դաշնակցութեան ազնուագոյն նահատակներուն: Առիւծասիրտ Աղբիւր Սերոբը ամուր գրկած էր զաւակը եւ երկու եղբայրները՝ Մխէն ու Յակոբը,  Ցրօնաց Պղտոյին հետ, որոնք ինկան նոյն դաւադիր կռուին մէջ, քովը Տարօնի ամբասիր առաքեալը՝ Հրայրը, անոր կողքին պոլսեցի Վահան Տողրամաճեանը ու նուիրական շարքը Դաշնակցութեան անձնուրաց «խոնարհ»-ներուն, որոնց ծնունդ տուած էր ռազմունակ Տարօնը: Սիփանի, Անտոքի, Նեմրութի վրէժխնդիր արծիւներն էին անոնք, գիսախռիւ առիւծները, որոնք իրենց կարմիր արիւնով թրջած այս սուրբ հողին տակ կը նիրհէին նահատակութեան աստուածային միւռոնով օծուն:
Կէլին սովորական գիւղ չէր, այլ սրբարան սրբութիւն սրբոց: Քաղցր ու միանգամայն տառապալից յուշեր կը կապէին զինք երկրի հողին: Սասունն իր կարօտը, Մուշը իր պայքարը տեսած էր: Զաւարեան ամէն ժայռէ քար մը, ամէն գերեզմանէ կտոր մը առած էր, յիշատակները մեր թանկագին մեռելներուն:
Հրայրն ու Վահան, Չաւուշն ու Սերոբ կ’ապրէին անոր հետ այդ նըշխարներով, Սիմոնի ընկերներն էին, ու զանոնք սեղմած իր կրծքին՝ նուիրական աւանդի մը պէս, որ վեր է ամէն սրբութենէ, միշտ կը թափառէր լեռնէ-լեռ, գիւղէ-գիւղ, քանի անգամ անցած էր այնտեղերէն, կարօտը սրտին ու քանի անգամ մանուկի պէս լացած:
Սօսի Եագուպեան-Ղազարեան
(Շար.2)