Բարին փափաքողը դրական է
Կարծիք յարգողը՝ լայնախոհ
Իմաստութիւն փնտռողը՝ լուսածարաւ
Խղճմտանքով ապրողը՝ բարեսիրտ
Խաղաղութեան կողմնակիցը՝ հաշտարար
Հաւատքով աղօթողը՝ աստուածապաշտ
Սէր ցուցաբերողը՝ աստուածասէր։ 
Ամուսնութիւնը ուխտ է։ Հաւատարիմ զոյգ ըլլալ կը նշանակէ ապրիլ ուխտապահութեամբ։ 
Պարզութիւնը անկեղծին` ցանկալի, պարկեշտին գովելի եւ խոհեմին համար սիրելի է։ 
Դժգոհելու համար հաւանաբար պատճառ մը ունենաս, բայց գոհունակութիւն զգալու հազար պատճառներ կան…կ’արժէ մտածել այս մասին։ 
Դրամասէրը ո՛չ միայն կ’ուզէ շահիլ, այլ չարաչար կը շահագործէ իր շուրջիններուն բարութիւնը։ 
Մեղքը առանց արտօնագրի կամ պաշտօնական դիմումի կու գայ, մենք մերժելու ենք զայն, որպէսզի Տիրոջ նկատմամբ մեր սէրը ըլլայ անկեղծ։ 
Մեղքի շուկայ է աշխարհը։ Մենք անտեսելու ենք անոր հրապուրիչ առաջարկները։ 
Կարդալը մտապաշարը կը  հարստացնէ
Գիտելիքը  մտահորիզոնը կը լուսաւորէ
Փորձառութիւնը շահեկան միտքերը բաժնեկցիլ կը սորվեցնէ։ 
Ծոյլը մարդուն միակ «գործը» անգործութիւնն է։
Ծոյլին կեանքը մահուան մահիճ եւ գարշահոտ ճահիճ է։ 
Ոմանք միայն ապագայով մտահոգ են, ներկային նկատմամբ անտարբեր են։ Այդպիսիներուն համար անհասանելի  գալիքը աւելի կարեւոր է քան ներկան, որ դէպի ապագայ տանող կամուրջն է։ 
Հաւատալը վստահութիւն կը ներշնչէ, յուսալը երկա՜ր սպասելու կը մղէ, իսկ սիրելը վստահութեամբ սպասել կը սորվեցնէ։ 
Հաւատքով ապրողը Աստուծոյ կը վստահի, յոյս ունեցողը Աստուծոյ խոստումներով կը մխիթարուի, իսկ սիրով ընթացողը Քրիստոսի կը նմանի։ 
Հաւատքը խօսուն է, յոյսը՝ խորհրդաւոր, սէրը՝ խորախորհուրդ։ 
Խոնարհ մարդը ինքզինք լաւապէս կը ճանչնայ։ Գիտէ իր դրական եւ ժխտական կողմերը։ Կ’ապրի խաղաղ իր միջավայրին մէջ։ 
Մոլութիւնը չար սովորութիւններուն հետեւանքն է։ Որեւէ մոլութիւն արմատացած մեղքին աւերիչ արդիւնքն է։ Հետեւաբար մեղքը մերժել կը նշանակէ բարի սովորութիւն ունենալու նախանձախնդրութեամբ ապրիլ։ 
Աշխատասէր մարդուն մէջ կը խտացուին որոշ նկարագրի յատկութիւններ, ինչպէս՝ ժամանակ օգտագործել, ձիրք զարգացնել, ծրագիր մշակել, նպատակ իրագործել, եռանդով գործել եւ խօսքը գործի վերածել…եւայլն։ 
Գոհունակը մարդը իր «իւղով տապկուելու» արուեստը սորված է։ 
Գոհունակութիւն զգացողը  իր աղօթքին մէջ յատուկ տեղ կը վերապահէ օրհնաբանութեան եւ փառաբանութեան։
Կաթիլ մը գոհունակութիւն պատուաստ է, որ կը դիմադրէ յոռետեսներուն տրտունջքը։ 
Ագահը միայն հնձելու եւ ամբարելու ցանկութիւն ունի։ Ինքզինք կը զրկէ տալու ուրախութենէն եւ բարիք սերմանելու օրհնութենէն։ 
Ինքզինք արդար կարծողը Քրիստոսով Արքայութեան հասնելու շնորհքը մերժած կ’ըլլայ։ 
Սուրբերուն կեանքը աստուածահաճոյ կեանքին թարգմանն է։ 
Ոխը խնդիրները բարդացնելու կը ծառայէ, վիճաբանելու մթնոլորտ կը ստեղծէ եւ երկխօսութեան առաջարկները կը մերժէ։ 
Առանց հաւատքի մեր կեանքը ժամանակաւոր արժէքներով կը սահմանափակենք, նիւթական իրականութիւններով մեր միտքը կը տանջենք, եւ գերեզմանը վերջին կայան կը նկատենք։ Այլ խօսքով երկրէն երկինք երթալու սրբաշող ուղիէն կը հեռանանք։ 
Անյոյսը նոյնիսկ եթէ փոթորկոտ պահեր չըլլան՝ ներքին ալեկոծութիւն կ’ապրի եւ կը կորսնցնէ հոգիի խաղաղութիւնը։
Անյոյսը կեանքի ծովուն ալիքներուն նայելով տագնապի կը մատնուի, մինչդեռ յոյս ունեցողը կը նայի Քրիստոսին՝ «Բարի Նաւապետ»-ին եւ իրմէ կ’ակնկալէ օգնութիւն։ 
Սէրը նուիրումով իմաստ կը ստանայ։ Սիրողին կեանքին մէջ խաչն է կեդրոնականը, ահա թէ ինչո՛ւ կը համբերէ, խոնարհաբար կ’ապրի, կը ծառայէ եւ տեւաբար բարիք կը սերմանէ։ 
Մեր հրաշք տառերը աղօթքներով հոգեխօս են, շարականներով՝ քաղցրաձայն, բանաստեղծութեամբ՝ գրաւչական, հեքիաթներով՝ հաղորդական, առակներով՝ ուսուցողական, առածներով ու վէպերով՝ լուսեղէն, իսկ Աստուածաշունչով՝ սրբատառ։ 
Մեր հարուստ լեզուն անսպառ գանձ է։ Մենք անոր հաւատարիմ ժառանգորդներ ըլլալու ենք, որպէսզի հայերէն լեզուին նկատմամբ սէր ու կապուածութիւն ցուցաբերենք։ 
Զուարթախոհ ըլլալը առողջութիւն է
Տրտմութիւնը՝ մահամերձ իրավիճակ
Այլասէր ըլլալը՝ ընկերասիրութիւն
Շնորհքով գործելը՝ վայելուչ ընթացք
Հաւատարմութիւնը՝ վստահութեան բանալի։ 
Շատախօսը ժամանակիդ թշնամին է
Բամբասողը ըսի ըսաւի տարածիչն է
Հայհոյողը մեր սուրբ լեզուն պղծողն է
Դժգոհողը Տիրոջ բարիքները ուրացողն է
Դատարկախօսը անմտութեան խօսնակն է
Ստախօսը կեղծին սերտ ընկերակիցն է
Եսապաշտին համար «Մենք» բառը անծանօթ է
Կռուասէրը վէճ փնտռելու մասնագէտ է
Ձրիակերը անամօթութիւնը վարժութեան վերածած է
Լաւ խօսելու համար լաւ լսելը պայման է։
Ընկեր յարգելը մարդավայել կեցուածք է, իսկ ընկեր սիրելը՝ առաքինի մարդու յատկութիւն։ 
Մաղթանքը բարին ցանկալու մտադրութիւնն է։
Շնորհաւորանքը բարի տրամադրութեան արտայայտութիւն է։
Քաջալերութիւնը բարին ճիշդ գնահատելու կամեցողութիւնն է։ 
Գովելն ու քննադատելը չափաւոր ըլլալու են։ Այլապէս լաւ եղողը լաւագոյնին ձգելու մղումը պիտի չունենայ, իսկ սխալողը սրբագրուելու փափաքը պիտի չունենայ։ 
Համբերութիւնը վանկատում է
Շողոքորթութիւնը՝ հոլովում
Պերճախօսութիւնը՝ շարադրութիւն
Հակառակութիւնը՝ ժխտական մասնիկ
Հասկացողութիւնը՝ հոմանիշ
Այլամերժութիւնը՝ հականիշ
Բարոյական կեանքը՝ քերականութիւն
Հայավայել ապրիլը՝ ուղղագրութիւն։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան