Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած է, որ 3 Յունիսին Անգարայի մէջ իր երդմնակալութեան օրը կարճ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

«Արմէնփրէս», վկայակոչելով թրքական «Հուրիէթ»-ը, կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ նախագահը այս առիթով ըսած է.

«Փաշինեանի արձագանգելը մեր հրաւէրին (խմբ. – Թուրքիոյ նախագահի երդմնակալութեան արարողութեան մասցնակցելու հրաւէրին) կարեւոր քայլ էր։ Փաշինեան ընդունեց մեր հրաւէրը՝ յաղթահարելով բազմաթիւ խոչընդոտներ։ Ես շնորհակալութիւն յայտնեցի Փաշինեանին մեր հրաւէրը ընդունելուն համար»։