Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Հալէպի Մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդին, Կիրակի, 18 Յունիս 2023-ին, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Մոկլիի Օրուան նուիրուած հանդիսութիւն։
Հանդիսութեան ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Մանուկ Քէօշկէրեան, Շրջանային Վարչութիւնը, Շրջանային Սկաուտ Խորհուրդն ու Խմբապետութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ի հոգեւոր հովիւ, արժ. Տ. Մաշտոց. Ա. Քահանայ Արապաթլեան։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Մեծ Կանչով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգեցին բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը: Բացման խօսքերով հանդէս եկան Մոկլի միաւորի պատասխանատու խմբապետ Մարիա Չաղլասեան եւ Գայլ-Արծուիկ միաւորի պատասխանատու փոխխմբապետ Արա Թահհան։
Յայտագիրը հերթականութեամբ ընդգրկեց երգչախումբ, գաւազանով մարզանք, բուրգ եւ հայկական պար։ Մոկլի միաւորը մանկական երգերով եւ պարով հանդէս եկաւ։ Երկաստղի, Միաստղի եւ Կակուղ Թաթիկի կարգերու վկայականաց բաշխումը հովանաւորելու հրաւիրուեցաւ Հալէպի Մասնաճիւղի խմբապետ Յովիկ Հապէշեան, որուն ձեռամբ Գայլ-Արծուիկ միաւորի կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն վոհմակ-երամի քոյրերն ու եղբայրները ստացան իրենց համապատասխան վկայականները։ Ապա, մասնաճիւղի խմբապետը հրաւիրեց Հալէպի Մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդի ատենապետ Յարութ Փաթանեանը՝ հովանաւորելու փոխխմբապետ աստիճանի տուչութիւնը։
Թեկնածու քոյրերն ու եղբայրը դրօշակիր եղբօր առաջնորդութեամբ ներկայացան բեմ, ուր տեղի ունեցաւ երդման վերանորոգում, ապա ստացան իրենց աստիճանները։ Օրուան խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի խմբապետը, որ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան եւ նպատակին, շեշտելով կարեւորութիւնը ՀՄԸՄ-ի հայեցի դաստիարակութեան:
Իր խօսքը աւարտելով, ան շնորհաւորեց վկայական եւ աստիճան ստացող քոյրերն ու եղբայրները։ Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Գայլիկ Եմ ՀՄԸՄ-ի» քայլերգով։

Թղթակից