Երկար բացակայութենէ ետք, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւորը երգիծական թատրերգութեամբ բեմ բարձրացաւ՝ ներկայացնելով Վաչէ Ատրունիի «Փայտոջիլներու Պահարանը», հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ թատերական միաւորի վարչութեան։ Ելոյթներուն ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոսը, Ազգ. Վարչութեան հալէպահայ մարմիններու ներկայացուցիչներ։
Լիբանանահայ բեմադրիչ Վաչէ Ատրունի կարճ ժամանակի մը մէջ փորձառու դերակատարներուն կողքին բեմ բարձրացուցած էր թատերական աշխարհ տակաւ մուտք գործած երիտասարդներ ու անոնց մէջ թատրոնի հանդէպ սէր ու բծախնդրութիւն սերմանած:
Պէտք է հաստատել, որ թատերական ներկայացումները միշտ ալ հետաքրքրած են հալէպահայ հանդիսատեսը, որ տարիներու ընթացքին վայելած է հայրենի թէ սփիւռքահայ տարբեր բեմադրիչներու աշխատանքներն ու իւրաքանչիւր բեմադրիչի աշխատանքը վայելելով փորձած է իր տագնապներն ու մերկ առօրեան գտնել թատրոնին ընդմէջէն:
16,17 եւ 18 Յունիսին, «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ «Փայտոջիլներու Պահարանը» կատակերգութեան ներկայացումներուն վարագոյրը բացին երկու ծաղրածուները՝ Արինա Պօշկեզէնեանն ու Մայք Գեւոյեանը:
Դերակատարները իրենց արտայայտչաձեւերով, հագուկապով ու պարզութեամբ կը ներկայացնէին առօրեան ընտանիքի մը, որուն մաս կը կազմէին մեծամիտ ու սահմանափակ մտածողութեան տէր մայր մը՝ Սաթենիկը, դերակատարութեամբ Մարինէ Մարգարեանի: Մարինէն քանիցս բեմ բարձրացած էր նախապէս ու իւրաքանչիւր դերի մէջ իր լաւագոյնը տալու ջանք չէր խնայած: Ընտանիքին հոգերով ծանրաբեռնուած, ջղագրգիռ հօր՝ Սեդրաքին, դերը վստահուած էր հալէպահայ թատերական կեանքին մէջ արդէն ծանօթ դէմք դարձած Շանթ Ուրիշիկեանին:  Պատասխանատուութենէ խոյս տուող ու դիւրին ապրուստի միջոցներ որոնող մանչ զաւկին՝ Յակոբին, դերը ստանձնած էր երիտասարդ դերակատար Սագօ Պալապանեանը, որուն սիրահարած ու կրակը ինկած էր խեղճ Աշխէնը՝ Ալին Քիլէճեանը:
Աղմկարար այս ընտանիքին մէջ զգացական կեանքն ու ազատութիւնը լիուլի ապրիլ փորձող մատղաշ դուստրին՝ Սոնիկին, դերը վստահուած էր դարձեալ երիտասարդ դերակատար Սերենա Պէրպէրեանին: Հետաքրքրական էր աւանդապահ մեծ հայրը՝ Տէտէն, որ կը ջանար հաւասարակշռութիւնը պահել ընտանիքին ու առաջնորդուիլ իր աւանդոյթներուն հաւատարմութեամբ:
Մեծ հօր դերը բնականաբար պիտի ստանձնէր վաստակաւոր դերակատար Գէորգ Կարանեանը: Ան յաճախ մերժելով նոր սերունդի արտառոց նիստուկացը, բացագանչութիւններով ու դիտողութիւններով հանդիսատեսին ծիծաղը կը շարժէր: Այս աղմկարար ընտանիքին մանչ զաւկին խաբել  կը փորձէր ու արտերկիր ճամբելու համար անցագիր մը ապահովելու պատրուակով ահագին գումար կը ջանար կորզել Յարութը, որուն    դերը հմտօրէն կը մարմնաւորէր Սագօ Խալոյեանը: Իսկ դստեր սիրահարած էր պարզամիտ երիտասարդ մը՝ Յարութիկը, որուն դերը ստանձնած էր Արա Մութաֆեանը: Արան ու Սագօն կարծէք նոր յայտնութիւն էին երգիծանքի աշխարհին մէջ: Մարալ Տատաղլեանը՝ տիկին Նազիկը, Յարութիկին մայրն էր, որ եկած էր ծանօթանալու խնամիներուն՝ տղու մայր ըլլալու հանգամանքը խիստ երեւելի դարձնելով:
Աղմկարար այս ընտանիքին հարեւանութեամբ ապրիլը բաւական մեծ փորձանք էր: Արդարեւ, դրացիին՝ Նշանին, դերը վստահուած էր թատերական կեանքին մէջ երկար տարիներու փորձառութիւն ձեռք բերած Գէորգ Թիւթիւնճեանին: Ան յաճախ գլուխ կը ցցէր ու կը բողոքէր անքնութենէ, աղմուկը հանգիստ չէր թողուր խեղճ դրացին:
Երկրորդական դեր մը վստահուած էր նաեւ Նազօ Ատուրեանին, որ խաբեբայ Յարութին զոհերէն մէկն էր:
Թատրոնի վերջին արարը ունէր դաստիարակիչ բնոյթ: Աւանդապահ մեծ հայրը ի մի բերելով ընտանիքը՝ հնազանդութեան, աշխատանքի եւ յարգանքի մթնոլորտը կը վերականգնէր ու ընտանեկան ջերմութիւնը կը վերահաստատէր:
Երկար բացակայութենէ ետք, ողջունելի էր «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին վարագոյրին վերաբացուիլը: Այստեղ կարեւոր է արձանագրել, որ երկրի ներկայ պայմաններուն մէջ, էական աշխատանք է երիտասարդ դերակատարներու պատրաստութիւնն ու թատերական արուեստի հետ անոնց առնչումը: Այս աշխատանքը, սակայն, պէտք է շարունակական բնոյթ ստանայ, որպէսզի իւրաքանչիւր վարագոյր բացուելուն նոր փորձառութիւն ձեռք բերած ու թատերական ներկայացման մէջ աստիճան մը եւս նուաճած դերակատարներու խումբ մը ունենանք, իսկ «Լեւոն Շանթ»-ի վարագոյրը յաճախակիօրէն բացուի ու հանդիսատեսին հրամցնէ տարբեր ճաշակներ գոհացնող թատրերգութիւններ:
Ելոյթներու աւարտին, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան անդամ Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիին եւ «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւորին, ապա բեմ հրաւիրեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդն ու Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեանը՝ պարգեւատրելու.- Գէորգ Թիւթիւնճեանը, Համազգայինի թատերական կեանքէն ներս 50 տարուան ծառայութեան համար, Գէորգ Կարանեանը, Համազգայինի թատերական կեանքէն ներս 30 տարուան ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ բեմադրիչ, թատերագիր Վաչէ Ատրունին սոյն թատրերգութեան բեմադրութեան համար:
Սրբազան հայրը այս առիթով շնորհաւորական խօսք ուղղեց բեմադրիչին ու դերակատարներուն եւ կարեւոր համարեց թատերական կեանքի աշխուժացումը հալէպահայ կեանքէն ներս, յոյս յայտնելով որ խումբը նոր ներկայացումներով ու նոր փորձառութեամբ կրկին ներկայանայ բեմահարթակ:
Թղթակից