Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ, ընթացք առին Սուրիոյ շուրջ Ասթանայի բանակցութիւններու միջազգային 20-րդ ժողովին աշխատանքները։
Ասթանայի հովանաւոր պետութիւններու՝ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ պատուիրակութիւններուն կողքին, սուրիական պատուիրակութիւնը եւս իր մասնակցութիւնը կը բերէ ժողովին, նախագահութեամբ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական դոկտ. Այման Սաուսանի։
Երկօրեայ ժողովին պիտի մասնակցին նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Սուրիոյ յարակից պետութիւններէն՝ Լիբանանէն, Իրաքէն եւ Յորդանանէն ներկայացուցիչներ, որպէս հսկիչներ։ Այս առիթով Ղազախստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ժողովին պիտի քննարկուին այլազան հարցեր, ինչպէս՝ Սուրիոյ նկատմամբ տարածաշրջանային երկիրներու կեցուածքին փոփոխութիւնը, Սուրիոյ բնակչութեան մարդասիրական իրավիճակը, սուրիական տագնապի կարգաւորման գծով թափուած ճիգերը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքները եւ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի բարենպաստ պայմաններու ապահովումը։