Ասթանայի մէջ Սուրիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները քառակողմ ժողով մը գումարեցին։ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական դոկտ. Այման Սաուսան ժողովին ընթացքին շեշտեց, որ ժողովին գործնական արդիւնքները կախեալ են Թուրքիոյ սուրիական հողերէն իր ուժերը դուրս բերելու որոշումէն եւ այս ուղղութեամբ ճշգրիտ ժամկէտի եւ յստակ քայլերու ճշդումէն։ Ան աւելցուց, որ սուրիական հողերէն թրքական ուժերուն դուրս գալը հիմնական պայման է, որմէ ետք միայն կարելի կը դառնայ այլ հարցերու լուծումներու շուրջ խորհրդակցիլ, ինչպէս՝ սուրիացի տեղահանուածներուն Սուրիա տունդարձին, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեան կարգաւորման։ Սաուսան յայտնեց, որ Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման մասին թրքական կողմին յայտարարութիւնները կը հակասեն թրքական ուժերուն սուրիական հողերու բռնագրաւման, ինչպէս նաեւ կը խախտեն միջազգային օրէնքներն ու պետութիւններու միջեւ յարաբերութեանց կանոնները։