Արցախի մարդասիրական իրավիճակը օրըստօրէ կը ծանրանայ: Լաչինի միջանցքի փակումով ու արգելապատնէշներու կառուցումով  Արցախի վիճակը վերջնականացնելու փորձ կը կատարէ Ատրպէյճանը:
Մարդու իրաւունքներու միջազգային դատարանի որոշումը, ԵԽԽՎ-ի բանաձեւը, Ռուսիոյ կողմէ հնչած Զախարովայի կոչը՝ բանալու Լաչինի միջանցքը, ցարդ ոչ մէկ դրական ազդեցութիւն ունեցած են Ատրպէյճանը ետքայլի մղելու եւ Լաչինի միջանցքը բանալու:
Ատրպէյճան փաստօրէն այս ճնշումները կը բանեցնէ արցախեան հարցը մէկընդմիշտ փակելու եւ Լաչինի փոխարէն Զանգեզուրի կամ ընդհանրապէս Սիւնիքի մէջ զիջումներ պարտադրելու Հայաստանին:
Սիւնիքի գծով Էրտողան վերջերս յայտարարեց,  որ Հայաստանը չէ հարցը Զանգեզուրի միջանցք ունենալու գծով, այլ՝ Իրանը: Ինչ որ կը նշանակէ, թէ այս բոլորը պիտի առաջնորդեն Չինաստանէն դէպի Եւրոպա գացող Միջին միջանցքի մը հաստատման, որ պիտի անցնի Միջին Ասիոյ թրքական աշխարհին պատկանող երկիրներու մէջէն շրջանցելով Իրանը: Թուրանական այս ծրագրի իրականացման խոչընդոտ կը հանդիսանայ Հայաստանը, որուն հարցերը Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ճնշումով կը փորձեն լուծել, զայն նոյնիսկ խոչընդոտ չհամարելով այս իմաստով:
Միւս կողմէ, Իրան թէեւ դէմ կ’արտայայտուի տարածաշըրջանի աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան խախտումին, սակայն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ իր ներկայութիւնը պարտադրելու տարանցիկ ճանապարհներու վրայ:
Այս ուղղութեան վրայ, ոմանք տակաւին կը հաւատան, որ  անվստահելի Թուրքիան կրնայ ըլլալ դէպի Հայաստան ապրանքաշրջանառութեան ճամբան բացողը: Մինչդեռ Թուրքիան կրնայ  Հայաստանը մղել Իրանէն եւ Ռուսիայէն փուլային հեռացման ու ապագային յաւելեալ ճնշումներ բանեցնել Հայաստանի վրայ, աստիճանաբար իր վերահսկողութիւնը տկարացնելով իր իսկ տարածքներուն վրայ: Թուրքիոյ յարաբերութիւնները իր դրացի երկիրներուն հետ կը վկայեն այս բոլորը:
Հայաստանին անհրաժեշտ է որ  կապուած ըլլայ այնպիսի պետութիւններու հետ, որոնց հետ հաւանական փոխադարձ շահեր ունի կամ կրնայ ունենալ, պայմանաւ որ իր տարածքներու վերահսկողութիւնը ոչ մէկ երկրի կամ ուժային կեդրոնի զիջի:
Ինչպէս Սիւնիքի վրայ, այնպէս ալ սահմանային կարեւոր ճամբաներու վրայ Հայաստանի վերահսկողութեան պահպանումը էական է, որպէսզի հայկական տարածքները տարածաշրջանի երկիրներու մէջ առեւտուրի առարկայ չդառնան: Ոչ մէկ երկիր կրնայ երաշխաւորել Հայաստանի ապահովութիւնն ու գերիշխանութիւնը, եթէ հայկական պետութիւնն ու հայ ժողովուրդը տարուին  գերտէրութիւններու տարածաշրջանին մէջ ունեցած շահերով եւ սակարկութիւններու գերին դառնան:
Քաղաքական առեւտուրի մէջ անհրաժեշտ է պահպանել Հայաստանի գերիշխանութիւնը իր տարածքներուն վրայ, առանց միջանցքներ տրամադրելու ծուղակին մէջ յայտնուելու:
Տարածաշրջանին մէջ արտաքին ազդեցիկ ուժերու հետ ամուր խաղաքարտերով ու կայուն դաշնակիցներով գործ ունենալը հրամայական է, որուն կրնայ նպաստել նաեւ հայկական Սփիւռքը՝ իր քաղաքական ազդեցիկ օղակներով: Կարեւոր է նաեւ, դիւանագիտութեան կողքին,  Հայաստանի ուժային դիրքերու ամրացումը, տարածաշրջանի ուժերուն հետ հաւասարակշռութիւն պահելու նպատակային աշխատանքը, որպէսզի պատերազմներէ խուսափելու փոխարէն, կարելի դառնայ վերացնել պատերազմի հաւանականութիւնը: