«Գանձասար»-ի 30-ամեակին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան այցելեց «Գանձասար»-ի խմբագրատուն, ծանօթացաւ խմբագրակազմի անդամներուն եւ մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ անոնց հետ։

Խօսուեցաւ «Գանձասար»-ի դերին մասին, որպէս համայնքի բովանդակ կեանքի հայելին։ Անդրադարձ կատարուեցաւ առցանց եւ տպագիր մամուլի յատկութիւններուն, ինչպէս նաեւ երիտասարդ աշխատակիցներ խրախուսելու կարեւորութեան։

Այնուհետեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի քաղաքական զարգացումներուն, հարցերու պարզաբանման մէջ Հայրենի եւ սփիւռքահայ լրատուամիջոցներու կարեւոր դերին։

Խմբագիրը համառօտ ակնարկով մը ներկայացուց «Գանձասար»-ի 30-ամեայ երթը եւ երկրի ներկայ պայմաններուն հետեւանքով յառաջացող դժուարութիւններու յաղթահարման ջանքերը։

Սրբազան հայրը մամուլը համայնքի զարկերակը համարելով յորդորեց շարունակել երիտասարդ գրիչներու ներգրաւումը եւ բարի երթ մաղթեց «Գանձասար»-ին։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին ներկայ էին նաեւ «Գանձասար»-ի վարչութեան ներկայացուցիչները։