Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Շաբաթ, 4 Յունիս 2023-ի երեկոյեան «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Գամիշլիի Ազգային Եփրատ նախակրթարանի ամավերջի հանդէսը, Ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, վարժարանի հոգաբարձութեան եւ շրջանաւարտներու ծնողներուն։

Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Լուսին Աւետիսեան, որ վեր առաւ ազգային դպրոցներու դերը հայապահպանման գործընթացին մէջ՝ հայեցի դաստիարակութեամբ պատրաստելով սերունդներ, որոնք գիտակցելով իրենց ժառանգ հասած կտակին, պիտի շարունակեն պատնէշի վրայ կանգնած մնալ, պահպանել ու իւրացնել հայ լեզուն ու մշակոյթը սփիւռքին մէջ։

Այնուհետեւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Մեղրի Ասիլեան-Ղուկասեան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց շրջանաւարտ աշակերտներն ու իրենց ծնողները, մաղթելով բոլորին փայլուն ապագայ եւ նորանոր վերելքներու նուաճում։

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան շրջանաւարտ աշակերտները, ներկայացնելով ասմունքներ, բուրքեր, թատերական ներկայացում եւ փունջ մը ազգային երգեր։

Հուսկ հոգեշնորհ հայր սուրբին ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը եւ հետեւեալ գերազանց աշակերտներու գնահատումը. –
Հայկ Յարութիւնեան
Մարինա Արոյեան
Սէրլի Պետրոսեան։

Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ շեշտեց միասնակամ աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը, պահպանելու հայ գիրն ու գրականութիւնը, ազգային եւ հայեցի դաստիարակութեամբ պատրաստելու նորահաս սերունդներ, հեռու մնալու այլասերման վտանգէն, ապա «Պահպանիչ»-ով փակեց հանդիսութիւնը։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն