ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Արհեստական բանականութիւնը ինչպէս  ChatGPT-ն սկսած է փոխարինել շատ մը մարդոց աշխատանքը: Սա յեղափոխութեան տեսակ մըն է աշխատանքային շուկային սպառնացող, որ ունենալով մէկտեղ դրական կողմեր շարք մը աշխատանքներ դիւրացնելու ու գործաւորներ կրճատելու առումով, ունի բացասական բազում կողմեր՝ անգործութեան, ստեղծագործական աշխատանքի նահանջին, մարդկային աշխատանքի հմտութիւններու նուազումին առումով, եւ այլն:
Լրագրողը սկսած է օգտագործել արհեստական բանականութիւնը՝ տեսանիւթ պատրաստելու համար, թէեւ հայերէն տարբերակը կատարելագործուած չէ:
ԱՄՆ Մասաչուսէց նահանգի քաղաքական գործիչներէն մէկը արհեստական բանականութեան օգտագործումով իր ելոյթի բովանդակութիւնը գրած է: Ռուսիոյ մէջ ուսանող մը իր աւարտաճառը պատրաստած է արհեստական բանականութեան դիմելով:
Հակառակ որ ան սկսած է կիրարկուիլ նախորդ տարուան Նոյեմբերին, սակայն  արդէն միլիոնաւոր մարդիկ սկսած են
օգտագործել զայն:
Մեծ է վտանգը այն առումով, որ մասնագէտներ, որոնք կ’օգտուին արհեստական բանականութենէն, կը գերազանցեն իրենց անհատական ճիգերով աշխատող ու ստեղծագործող մասնագէտները, ինչ որ կրնայ դուռ բանալ նաեւ զեղծարարութիւններու:
Ներկայիս համապատասխան կողմեր կը սերտեն անոր օգտագործման մէջ սահմանափակումներ մտցնելու հարցը, որպէսզի մասնագիտական աշխատանքը չտուժէ եւ միլիոնաւոր մարդիկ գործազուրկ չդառնան:
Ոմանց համոզումով,  արհեստական բանականութիւնը կրնայ կտրականապէս բարելաւել աշխատողին արդիւնաւէտութիւնը եւ բազմացնել  աշխատանքի քանակը,զորս մարդիկ կրնան իրականացնել: Բայց եւ այնպէս, կան աշխատանքներ, որոնք կը պահանջեն ստեղծագործ միտք ու ձիրք: Այս երկուքէն զուրկ է արհեստական բանականութիւնը:
Արհեստական բանականութիւնը սկսած է օգտագործուիլ զանազան ոլորտներու մէջ, ինչպէս՝ բժշկութիւն, նկարչութիւն, երկրաչափութիւն, տնտեսութիւն, ռազմաարդիւնաբերութիւն եւ այլն:
***

ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ ՏԱՆՏԻԿՆՈՋ

– Գետնախնձորին խիւսը (փիւրէն) ա՛լ աւելի համեղ դարձնելու համար, խնձոր մը կեղուեցէ՛ք, կտրտեցէ՛ք, կտոր մը կարագի հետ եփեցէ՛ք, ապա աւելցուցէ՛ք գետնախնձորի խիւսին:
– Ընդամէնը 2 պտղունց լուծուող սուրճը միսի թացանին յաւելեալ համ եւ բոյր կու տայ:
– Նախքան տապկելը` սմբուկին շերտերը աղով ծեփել, ապա կէս ժամ վերջ, սմբուկին շերտերէն դուրս եկած ջուրը սրբել, զանոնք հաւկիթի ճերմկուցի մէջ թաթխել ապա՝ տապկել, որպէսզի սպունգի նման ձէթ չծծեն:
– Փուռին մէջ եփած հաւուն մաշկը հիւթեղ եւ փխրուն կ’ըլլայ, եթէ ծեփուի աղ-ջուրով, որուն մէջ դգալ մը մեղր լուծուած ըլլայ:
– Պտուղով աղցանին մէջ մանրուած խնձորի խորանարդները չեն դեղնիր, եթէ աղցանին աւելցնէք կիտրոնի հիւթ: