ՈՐՔԱ՞Ն ՋՈՒՐ ՊԷՏՔ Է ԽՄԵԼ ՏԱՔ ՕՐԵՐՈՒՆ

Եթէ սովորական օրերուն մարդ օրական մինչեւ 2 լիթր ջուր պէտք է խմէ, տաք օրերուն մարմինը աւելի շատ ջուրի կարիք կ’ունենայ՝ մօտաւորապէս 3 լիթր եւ աւելի: Մարդիկ, որոնք աշխոյժ կենսակերպ ունին, այսինքն՝ կը մարզուին կամ ֆիզիքական ծանր աշխատանք կը տանին, պէտք է օրական 3 լիթրէն աւելի ջուր խմեն:
Քաղցր հիւթերը, սուրճը կամ թէյը չեն կրնար մարմինի ջրային պահանջը բաւարարել: Անհրաժեշտ է խմել մաքուր՝ առանց կազի ջուր:
4-6 տարեկան փոքրիկները տաք օրերուն պէտք է առնուազն 2 լիթր ջուր  խմեն, իսկ 6 տարեկանէն  մեծ փոքրիկները՝ 2,5-3 լիթր:
Նորածին մանուկներուն պէտք է աւելի շատ ջուր տալ, յատկապէս անոնց, որոնք արհեստական կաթնախառնուրդով կը սնանին: Կրծքով կերակրող մայրերը նոյնպէս պէտք է սովորականէն աւելի ջուր խմեն տաք եղանակին:
Ջուրի պակասը կրնայ հանգեցնել  ուշաթափման, գլխապտոյտի, իսկ արեւուն տակ երկար մնալը արեւահարութեան պատճառ կը դառնայ:
***

Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԳԻՏՆԱԼ ՄԱՇԿԻ ԽՆԱՄՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

Հայկական  Doctors.am կայքին հետեւողները դէմքի մաշկի խնդիրներուն եւ  խնամքին մասին հետեւեալ 7 հարցումները ուղղած են կայքի մասնագէտ բժիշկներուն եւ ստացած համապատասխան պատասխաններ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք բոլորս մտահոգող այս հարցերն ու անոնց պատասխանները:
1. Ինչի՞ հետեւանքով 25-30 տարեկանէն ետք դէմքին վրայ ծակտիկներ կը յառաջանան:
Ասիկա տան պայմաններու մէջ մաշկի սխալ խնամքի հետեւանքն է:
2.  Ինչո՞ւ աչքին շուրջ մուգ շրջանակներ կը յառաջանան:
Աչքի մուգ շրջանակները ժառանգական են: Նաեւ կրնան յառաջանալ ներքին հարցերու հետեւանքով, ինչպէս՝ երիկամներու աշխատանքի խանգարման պարագաներ եւ այլն…:
3. Արդեօք ճի՞շդ է իւղոտ մաշկը խոնաւցնելը:
Խոնաւցնելու կարիք չկայ: Իւղոտ մաշկը պէտք է ճարպազրկել եւ յատուկ ձեւերով խնամել:
4. Դէմքի մկանները մարզելը կրնա՞յ կանխել կնճիռներու յառաջացումը:
Ճիշդ վարժութիւնները կրնան կանխել կնճիռները: Դէմքի մկանները միշտ պէտք է հանգստացնել:
5. Արդեօ՞ք վնասակար է scrub-ներու կիրառումը տան պայմաններուն մէջ:
Վնասակար չէ, եթէ  ձեր մաշկի տեսակին համապատասխան ճիշդ scrub ընտրէք: Շաբաթը երկու անգամ կարելի է օգտագործել զայն:
6. Ո՞ր տարիքէն պէտք է սկսիլ մաշկը խնամել:
Մաշկը ծնած օրէն իսկ պէտք է խնամել: Անցումային տարիքին կարելի է այցելել մաշկաբանի, որպէսզի ճիշդ խորհուրդներ տայ տուեալ մաշկի տեսակին, խնամքի միջոցներուն եւ խնամքի կանոններուն մասին:
7. Ինչպէ՞ս ընտրել դէմքի խնամքի քսուկը՝ cream-ը եւ ինչի՞ն պէտք է ուշադրութիւն դարձնել:
Դէմքի խնամքը շատ կարեւոր է եւ իւրաքանչիւր բան ընտրելէն առաջ անպայման պէտք է հետեւիլ մաշկաբանի յորդորներուն: Պէտք է ընտրել  քսուկը ըստ մաշկի տեսակին՝ չմոռնալով, որ  քսուկէն զատ նաեւ լուացուելու հեղուկը՝ tonic-ը շատ կարեւոր է վերջնական արդիւնքին համար: