Ուրբաթ, 23 Յունիս 2023-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրիոյ ճար­տա­րար­ուես­տի նախարար դոկտ. Ապտ ալ-Քատէր Ճուխատարին հովանաւորութեամբ եւ Հա­լէ­պի ճար­տա­րար­ուես­տի գրասենեակի Գոր­ծա­րար Տի­կին­նե­րու Յանձ­նա­խում­բին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող «Սայիտաթ ալ-Շահպաա» ցուցահանդէսի բացման արարողութեան, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու խումբին հետ, «ալ-Շահպաա Ռոզ»-ի ցու­ցաս­րա­հէն ներս։
Պաշտօնական խումբին մաս կը կազմէին Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ, Հալէպի կուսակցապետ Ահմատ Մանսուր, Սուրիոյ զբօսաշրջիկութեան գրասենեակներու համախմբումի նախագահ երկրչփ. Թալալ Խտէյր, Հալէպի ճարտարարուեստի գրասենեակի նա­խա­գահ երկրչփ. Ֆա­րէս ալ-Շա­հա­պի եւ Գործադիր իշխանութեան վարչական գրասենեակի պատասխանատու Մուհամմատ Ֆայատ։
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Ազգային Վարչութեան անդամներ երկրչփ. Մարալ Գալայճեան-Սեմէրճեան եւ Արմէն Գասպարեան, կրօնական ժողովի ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատեհճեան։ Ներկայ էին նաեւ Ս.Օ.Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան եւ Շրջ. Վարչութեան անդամ Մայտա Շէյթանեան-Աւագեան։

Ցուցահանդէսին նպատակն է սուրիացի տիկիններուն առիթ ըն­ծա­յել՝ ցու­ցադ­րե­լու եւ վա­ճա­ռե­լու իրենց ար­տադ­րութիւնները, որ­պէս­զի տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ կարողանան իրենց ընտանիքներուն նիւթապէս նեցուկ կանգնիլ։
Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 93 տաղաւարներ, որոնց կարգին Ս.Օ.Խաչի Ձեռարուեստի, Աշխատանոցի, Փեթակ եւ Շիրակ պաշարի տան յանձնախումբերը, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հայէպահայ գործարար տիկիններ, որոնք ցուցադրած են ստեղծագործ աշխատանքով եւ մատչելի սակերով բազմատեսակ արտադրութիւններ։
Սրբազան Հայրը այցելեց բոլոր տաղաւարները եւ իր հայրական յորդորներով քաջալերեց մասնակիցները, գնահատելով անոնց աշխատասիրութիւնը եւ նրբաճաշակ արուեստը։

Յիշենք, որ Հա­լէ­պի Ճար­տա­րար­ուես­տի գրասենեակի Գոր­ծա­րար Տի­կին­նե­րու Յանձ­նա­խում­բին մաս կը կազ­մեն եր­կու հա­յու­հի­ներ`յանձնախումբի ատենապետ երկրչփ. Անի Մար­կոս­եան-Ասլանեան եւ Սո­նա Գաբրի­էլ­եան:

Աւարտին, Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցան Հա­լէ­պի Ճար­տա­րար­ուես­տի Գրասենեակի Գոր­ծա­րար Տի­կին­նե­րու Յանձ­նա­խում­բին հետ։ Մակար Սրբազան գնահատեց յանձնախումբին աշխատանքը եւ պատուիրեց, որ յաճախակիօրէն այսպիսի նախաձեռնութիւններ կազմակերպեն՝ քաջալերելու համար ստեղծագործ տիկինները։ Սրբազան Հայրը գօտեպնդելով տիկինները, յայտնեց, թէ անոնք առաւել ստեղծագործ են քան տղամարդիկ։
Ցուցահանդէս-վաճառքը կը շարունակուի մինչեւ Կիրակի 25 Յունիս 2023։