Կիրակի, 18 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին կազմակերպութեամբ Սէյտնայայի մէջ ընթացք առաւ «Յետ Ցնցումային Բուժում եւ Հոգեբանական Խորհուրդներ» խորագիրը կրող համագումարը։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի տնօրինումով, համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան, Անի Մինասեան եւ Մեղրիկ Պաղտիկեան-Շահինեան։

Հինգ օրերու ընթացքին ներկայացուեցան կարեւոր եւ շինիչ գիտելիքներ, հոգեբանական ուսուցումներ եւ խրատներ, որոնք կը վերաբերին յետ ցնցումային իրավիճակներու դիմագրաւման պարագաներուն։
Համագումարի մասնակիցները առիթ ունեցան նաեւ գործնական աշխատանքներ կատարելու՝ անձնական հանդիպումներու ճամբով, շեշտը դնելով ինքնաճանաչման ու հաւատքի գործօններուն կարեւորութեան վրայ։
Համագումարին հրաւիրուած էին նաեւ անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց անձնական փորձառութիւնները կիսեցին ներկաներուն հետ։
Համագումարը ընդգրկեց նաեւ ուխտավայրերու այցելութիւններ, որոնց ընդմէջէն ներկաները ծանօթացան տուեալ վայրերու պատմական հոլովոյթին։ Համագումարը ներառեց նաեւ ընկերային եւ դաստիարակչական յայտագիրներ։