Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը նախօրէին կայացած լիագումար նիստի ընթացքին ընդունած է «Լաչինի միջանցքով ազատ, անվտանգ մուտքի ապահովումը» բանաձեւը, որով արձանագրած է, որ Լաչինի միջանցքէն մարդոց եւ բեռներու ազատ ու անվտանգ տեղաշարժը խոչընդոտուած է:

Բանաձեւը կոչ կ’ուղղէ Պաքուին անյապաղօրէն կատարելու Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի կողմէն 21 Դեկտեմբեր 2022_ին հրապարակուած վճիռը եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը: Վեհաժողովը նաեւ իր անհանգստութիւնը յայտնած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէն հայերու նկատմամբ կիրառուող թշնամական քաղաքականութեան մասին՝ կոչ ուղղելով Պաքուին քայլեր ձեռնարկելու ատելութեան խօսքին դէմ պայքարելու համար:

Մինչ Եւրոմիութեան մէջ քննարկումներ կ’ընթանային բանաձեւին շուրջ, Ատրպէյճան պեթոնէ պատնեշներ տեղադրած էր Արցախը Հայաստանին հետ կապող ճանապարհի երկու կողմերը՝ աւելի խորացնելով մարդկային ճգնաժամը Արցախին մէջ։

Այս դրուագը հերթականօրէն ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի արհամարհական վերաբերմունք ունի Ատրպէյճանը միջազգային կոչերուն, բանաձեւերու ու նոյնիսկ դատարաններու որոշումներուն նկատմամբ: Սա կը փաստէ, որ կոչերը, բանաձեւերը բաւարար չեն Ատրպէյճանը զսպելու համար, նման գործելաոճը պէտք է յստակ պատիժի արժանանայ միջազգային ձեւաչափերով:

Եթէ միջազգային հանրութիւնը իսկապէս կը փափաքի կասեցնել Արցախի մէջ հայերու ցեղային զտման ու բռնի տեղահանման քաղաքականութիւնը, ապա պէտք է հասնիլ պատժամիջոցներու սահմանունին Ատրպէյճանի եւ իշխող վարչակազմի անդամներուն նկատմամբ։ Սա Ատրպէյճանին զսպելու միակ իրական տարբերակն է:

«Արցախի Անվտանգութեան Եւ Զարգացման Հանրային Շարժում»