Երեքշաբթի, 27 Յունիս 2023-ին, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) կեդրոնական վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ դոկտ. Համբիկ Սարաֆեանին, հանդիպում մը ունեցաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Հայաստանը, Արցախը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն: Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ մեր ժողովուրդի ներկայ ճակատագրական հանգրուանին համազգային խորհուրդ մը կազմելու հրամայականը, որպէսզի կարելի ըլլայ համահայկական ճիգով դիմակալել հայրենիքին ու ազգին սպառնացող վտանգները:

Նոյն օրը, Քսան Կախաղաններու 108-ամեակին առիթով, Հնչակեան կուսակցութեան կազմակերպած հանդիսութեան յանուն Վեհափառ Հայրապետին ներկայ գտնուեցաւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանը։