Համայի ոստիկանատան աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ի հաղորդեց, որ Իտլիպի մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռներով եւ ինքնաթիռներով յարձակումներ գործեցին Համայի արուարձանի Ղապ շրջանի Ճորին աւանին եւ անոր շրջակայքին վրայ։ Աղբիւրը յայտնեց, որ յարձակումին հետեւանքով նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։