Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ռահմուն խորհրդակցեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան ժամանակաւոր կառավարութեան մէջ տեղահանուածներու հարցերու նախարար Իսամ Շարաֆ ատտինի հետ՝ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի միջոցներուն շուրջ, յայտնելով, որ Սուրիան այս ուղղութեամբ դիւրութիւններ կը տրամադրէ։
Իր կարգին նախարար Շարաֆ ատտին յայտնեց, որ սոյն այցելութիւնը կ՚ը համալրէ նախորդ այցելութիւնները եւ արձանագրուած զարգացումները։
Ան շեշտեց այս հարցին շուրջ Սուրիոյ պետութեան հետ խորհրդակցութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի դրական արդիւնքներ ձեռքբերուին։