ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Հանրային Կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 27 Յունիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը նախաձեռնէ 24-ժամեայ նստացոյց` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ Դաշնութեան, Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպանատուներուն եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան դիմաց:
Նստացոյցի նպատակն է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներէն եւ Եւրոպական Միութենէն պահանջել չբաւարարուիլ լոկ յայտարարութիւններով, այլ գործուն քայլերու ձեռնարկել Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը անյապաղ վերացնելու համար:
Նստացոյցը կը կրէ «Էս. Օ. Էս. Արցախ» խորագիրը:
Նստացոյցը բոլոր վայրերուն մէջ պիտի սկսի 27 Յունիսի առաւօտեան ժամը 8:30-էն եւ պիտի աւարտի 28 Յունիսի ժամը 10:00-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց: