Ինչպէս սուրիահայ, այնպէս ալ շարք մը սփիւռքահայ համայնքներու համար այս շրջանին կարեւոր նշանակութիւն ունի վերակազմակերպումը:
Վերակազմակերպումը իմաստ պիտի ունենայ յատկապէս, երբ կառոյցներ վերանորոգելու եւ համայնքի զաւակներուն դիմագրաւած տարբեր դժուարութիւններու յաղթահարման նպաստելու կողքին, սերտողութիւն  կատարուի թէ համայնքը դէպի ո՞ւր կ’ուղղուի, վերակազմակերպուելու եւ ինքնութեան որակը պահելու համար ի՞նչ բաներու կարիք պիտի ունենայ յառաջիկայ գէթ 25 տարիներու ընթացքին եւ ինչպիսի՞ ծրագիր հարկ է մշակել այդ կարիքները ապահովելու համար:
Աշխուժութիւնը, առանձնաբար, երբեք երաշխիք չէ գոյատեւման: Միտք բանին՝ որեւէ ոլորտի մէջ եթէ ծրագրաւորում չըլլայ եւ պարզապէս գործ քալեցնելու տրամաբանութեամբ ընթացք առնեն աշխատանքները՝ ընդհանրապէս կրկնութիւնը ըլլալով նախորդ տարիներու գործունէութիւններուն,  առանց ժամանակի պահանջներուն հետ քայլ պահելու, քանի մը տարի վերջ լուրջ տագնապի մէջ պիտի յայտնուինք: Պիտի նկատենք որ տարբեր մակարդակներու վրայ նպատակաուղղուած գործունէութեան բացակայութիւնը փակուղիի դիմաց կանգնեցուցած է մեզ ու կարիքները բազում ըլլալով ելքերը երեւելի չեն արդէն:
Անհրաժեշտ է սերտել, թէ մեր կրթական հաստատութիւնները, մեր մշակութային թէ մարզական միութիւնները, զարգանալու, տնտեսապէս ինքնաբաւ դառնալու, անհրաժեշտ մարդուժով օժտելու համար ինչպիսի՞ ծրագիրներ պէտք է մշակուին, երիտասարդ սերունդները, ուսեալ տարրը մեր միութիւններուն եւ ակումբներուն շուրջ պահելու համար ինչպիսի՞ գործելաոճ պէտք է կիրարկուի, մեր սերունդները ուսումնական եւ աշխատանքային նուաճումներու ուղղելու համար ծնողք-դպրոց-միութիւն գործակցութեան ինչպիսի՞ եղանակ պէտք է որդեգրուի:
Տակաւին երկրի տարբեր ոլորտներու զարգացման մէջ մեր մասնակցութիւնը արդիւնաւէտ ու յատկանշական դարձնելու համար ինչպիսի՞ մարտավարութիւն պէտք է մշակուի:
Այս բոլորը կարեւոր պահանջներ են, որոնց մասին մտածելն ու գործի անցնիլը՝ առօրեայ աշխատանքներէն քայլ մը անդին անցնելով շրջահայեաց մօտեցում ունենալ եւ ծրագրել կը պահանջեն:
Երկրի տնտեսական ծանր պայմանները, գաղթի դիմող յատկապէս երիտասարդներու աճող թիւը եւ ասոնց հետեւանք համայնքին առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները յստակ, իրականանալի եւ արդիւնաւէտ ծրագիրներու կը կարօտին:
Նման ծրագիրներ կեանքի կոչելով նաեւ ապագային կրնանք ունենալ ե՛ւ հայերէնաւանդ ուսուցիչներ, ե՛ւ մշակութային ոլորտներու մէջ ծառայող մասնագէտներ, ե՛ւ տարբեր կառոյցներու վիճակը բարելաւելու ատակ տնտեսագէտներ…: