Ամերիկեան ծննդեան նախատօնակ՝ «քրիսմըս-իվ»-ն  էր: Ուշ երեկոյեան այր եւ կին, երբ թոռնիկ Վանային «պէյպի սիթ» էինք եղած, յանկարծ տան դուռը զարնուեցաւ: Աւելի քան ութսունն անց, թաղի դրացիներէս թէ՛ իր հասակով եւ թէ՛ իր մարմնով հուժկու իրլանտացի Ճիմին էր, որ մեզմէ քանի դուռ վար կ’ապրէր:
Այս մէկը աննախընթաց անակնկալ մըն էր, մեծ եւ հաճելի: Ներս հրաւիրեցի: Մերժեց: Ձեռքը դեղին մեծ պահարան-ծրար մը բռնած էր: Զայն անհանդարտ, գրեթէ ամչնալով, երկարեց.
– Տիս իս ֆոր եու, նէյպըր,- ըսաւ արագ մը, եւ պահարանը ինծի յանձնելով եւ «մէրի քրիսմըս» մըն ալ աւելցնելով, իր միշտ ժպտուն, կարմիր ու ամչկոտ դէմքով յարգանքով մըն ալ տիկնոջս բարեւելէ ետք, փորձեց խոյս տալ:
Կինս, իր մեկնումին առաջքը առնելու համար, իրարու ետեւէն համոզիչ նախադասութիւններ շարեց: Մարդը պահ մը միայն կենալով, շտապ բացատրեց, թէ որովհետեւ ես տարին քանի մը անգամ իրեն օգտակար դարձած էի,- զինք բժիշկի կամ մարքէթ տարած,- հիմա պըզտիկ նուէրով մը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէր: Կինս կրկին փորձեց զինք ներս հրաւիրել:
Կիները ասանկ են, մէկու մը «պոչը եթէ բռնեն, չեն ձգեր»: Այրերէն աւելի ճկուն են եւ մանաւանդ որոշ թէքնիքներ ունին ու կը գործածեն իրենց ծրագիրները յաջողութեամբ պսակելու համար: Ու կը կարծեն, որ միշտ կը յաջողին: Իմ բախտէս՝ այս անգամ իր ջանքերը ապարդիւն ելան: Կինս, սակայն չյաջողեցաւ, որովհետեւ մեր բարի Ճիմին անդրդուելի մնացած էր: Ապա կարճ ու կտրուկ բարի մաղթանքները ցրուելէ ետք, հեռացաւ: Ահա ամերիկեան դրացնութիւն:
Ահա ամերիկացի դրացիս եւ բարիներէն մէկը: Հոս այս երկրին մէջ բարի դրացին այն է, որ քեզի գէշութիւն չ’ընէր եւ կամ քու գործերուդ միջամուխ չ’ըլլար:
Ճիմին, ինծի համար բացառիկներէն մէկն էր:
Մեր թաղը փոխադրուելէն ի վեր, ամէն առաւօտ կամ երեկոյ մարզանքի մը պարտադրանքին տակ, երբ քալելու ելլեր, մեր դրան առջեւէն անցած պահուն, անպայման լայն ժպիտով բարձրաձայն բարեւ մը կը նետէր: Այս ձեւով երկուստեք որոշ մտերմութիւն մը ստեղծուած էր, որուն իբրեւ հետեւանք զանազան առիթներով, իր կեանքի պատմութիւնը մեզի պատմած էր:
Ժամանակին ոստիկան եղած էր: Երեք մանչ զաւակ ունեցած էր, որոնք հեռաւոր  նահանգներ կ’ապրէին: Հինգ տարի առաջ կինը՝ Մըրին, մահացած էր ու զինք ձգած տեսակ մը անորոշ վիճակի մէջ: Կնոջ ողջութեան՝ ամէն «թանքսկիվինկ»-ին զաւակները իրենց  ընտանիքներով, իր մօտ կը հաւաքուէին: Իսկ խեղճ Մըրիի մահէն ետք, ամէն բան շրջուած ու փոխուած էր: Ո՛չ «թանքսկիվինկ» մնացած եւ ոչ ալ «քրիսմիս»: Փոխուած էր նաեւ մեր Ճիմին ու հազիւ տարի մը ամուրի մնացած իր յաճախած «չըրչէն» «կըրլ ֆրենտ» մը գտած էր:
Այս ձեւով իր զաւակներուն բացակայութեան, նոր եկուորին հետ կ’անցնէր իր տօնական օրերը: Այսչափ միայն գիտենք: Այսքան տեղեկութիւն նոյնիսկ շատ է ամերիկեան դրացնութեան օղակէն ներս:
* * *
Ներս մտանք, մեր տունը: Երեքով եւ յատկապէս Վանային անհանդարտ եւ ուրախ հետաքրքրութենէն ծնած աղմուկով, բացինք «անվըլօբը»:
Տիեզերքի փայլուն ու պսպղուն աստղերու մեծադիր նկարներ, առաւել քանի մը էջ գրութիւն եւ հաստատագիր մը: Այս էր ծրարին ամբողջ պարունակութիւնը: Այս էր նաեւ նուէրս:
Կարծեմ, ինձմէ աւելի, թոռնիկս յուսախաբ եղաւ: Հազիւ մէկ ու կէս տարեկան այդ աղջնակը ո՞վ գիտէ ինչե՜ր ակնկալած էր այդ տափակ ու մեծ պահարանէն:
Կինս բարձրաձայն կարդաց: Ճիմին, տօնական օրերուն առթիւ, ինծի «աստղ» մը կը նուիրէր: Մարդը իր տալիք նուէրը այնքան հապճեպով պատրաստած ըլլալու էր, որ նուէրին գնման գինը պահարանին մէջ մոռցած էր,- Յիսուն չորս տոլար եւ ութսուն սէնթ: Այսչափ էր արժէքը: Հոգ չէ, նոյնիսկ շատ ալ է:
Իրմէ փոխադարձ ակնկալութիւն մը երբեք չէի ունեցած:
Նայեցայ անջրպետի մեծադիր գունաւոր քարտէզին: Աստղին վրայ անունս գրուած էր: Անոր տեղը յստակ էր: Հեռաւորութիւն, լայնք եւ տարածութիւն՝ շատ պարզ:
Ուրեմն այս վայրկեանէն սկսած, շնորհիւ դրացի Ճիմիիս՝ իմ անունովս աստղ մը գրանցուած էր երկինքին վրայ: Եկուր եւ հաւատա՛:
Բայց: Փաստ ունիմ: Ունիմ նաեւ հաստատուած վկայագիր մը:
Իսկապէս եթէ մեր երկիրը ըլլայինք, ընկերներս, ազգականներս կամ բարեկամներս ու նոյնիսկ տնեցիները վրաս պիտի խնդային եւ շատ հաւանաբար զիս խռֆածներուն շարքին դասէին:
* * *
«Վա՜յ Ճիմի, վա՜յ»,- կ’ըսէի մտովի, եթէ նոյնիսկ հազար տարի ալ այս երկիրը ապրած ըլլայի, բնաւ մտքիս ծայրէն պիտի չկարենայի անցնել, առ ի երախտագիտութիւն նման նուէր մը տալ ուրիշին:
Հիմա սակայն իրականութիւն էր, որ թէեւ աստղ մը չեմ դարձած սակայն իմ անունովս աստղ մը ունիմ, կայ երկնքին վրայ, Աստուծոյ մօտ, լուսնին քով կամ արեւին կից: Ալ դուք հաշուեցէ՛ք եւ որոշեցէ՛ք:
Կը զգայի, որ հիմա անձէս մեկնած, նոր անձս մը կը փնտռէի: Նոր խանդ մը վարակած էր երազներս:
Պետրոս Դուրեան իր մահուան նախօրեակին ուզած էր աստղ մը դառնալ «յաւելուլ երկնին…».- եւ տակաւին Թէքէեանի «Երկնի անթիւ աստղերէն մէկն…» այս միտքս էր: Իմ պարագայիս, շնորհիւ դրացի Ճիմիին, ես արդէն հատ մը ունէի:
Վայրկեանի մը համար քարտէզը ձեռքս դուրս ելայ: Չորս կողմս նայեցայ: Պարտէզի մթութեան մէջ աչքերս երկինք յառած փնտռեցի անգտանելի այդ աստղս:
Անկասկած, որ ամերիկեան ախտէն վարակուած էի:
Հեւքով փնտռեցի երկինքի նոր տուն-աստղս, ու միամտօրէն մտքէս անցուցի, թէ ո՞վ գիտէ օր մը թոռներուս թոռները, գիտութեան ընձեռած գիւտերուն շնորհիւ եթէ առիթը ունենային այցելելու իրենց հայ մեծ-մեծ-մեծ հօր կամ մեծ-մեծ-մեծ պապիկին անունով արձանագրուած մոլորակը անդէականին մէջ, ես զիս իսկապէս երջանիկ պիտի զգայի: Յանկարծ քիթիս տակէն սկսայ խնդալ: Ես իմ վրաս կը խնդայի:
Կը հաւատայի, որ ներկայէն փախուստ տալով ինկած էի Ճիմիին բերած նոր երազներուն գիրկը, ուր մանկական հաւատքով վայրկեաններս անիմաստ երանութեան մէջ սահած էին ակամայ:
Վերը, աստղերու բազմութեան մէջ յիսուն տոլարնոց աստղ մը, արդէն իսկ զիս ժամանակաւոր երանութեան մը գիրկը նետած էր:
Ես իմ խնդուքս չէի կրնար զսպել:
Գէորգ Պետիկեան