«Ազդակ»-ի Մտերմիկ Զրոյցը Հալէպահայ Մտաւորական Լեւոն Շառոյեանի Հետ
Մայիսի վերջին տասնօրեակին Լիբանան կը գտնուէր հալէպահայ ծանօթ մտաւորական, բանասէր եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեան: Ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական-հայագիտական գրասենեակին հրաւէրով ժամանած էր Պէյրութ՝ մայրավանքին հովանին վայելող Հայագիտական դասընթացքներուն բերելու իր նպաստը՝ դասաւանդելով արեւմտահայերէնի խորացեալ քերականութիւն եւ սփիւռքահայ գրականութիւն:
Շառոյեան իր այցելութեան օրերուն առիթ ունեցաւ կապեր հաստատելու լիբանանահայ մտաւորական տարբեր շրջանակներու հետ եւ որպէս բանախօս՝ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գիր եւ գրականութիւն» մասնագիտացած յանձնախումբին կազմակերպած գրական այն երեկոյթին, որ ձօնուած էր նահատակ բանաստեղծ Սիամանթոյի ծննդեան 145-ամեակին:
Շառոյեան անուանի դէմք մըն է հայ մամուլի էջերուն մէջ՝ ահա արդէն աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր: Հեղինակ է գրականագիտական շարք մը հատորներու եւ քերականական-ուղղագրական մատչելի ուղեցոյցի մը, որ լոյսին բերուած էր անցեալ տարի: Երկու տասնամեակէ ի վեր ան դասախօս է Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկէն ներս, չորս տարիէ ասդին ալ կը գործակցի կաթողիկոսարանի կրթական գրասենեակին՝ Հայագիտական դասընթացքներու գծով, իբրեւ այցելու դասախօս:
«Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Լեւոն Շառոյեանի հետ՝ անոր փորձառութեան ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնելու համար հայոց լեզուի եւ հայագիտական ամպիոններու տեղն ու դերը՝ սփիւռքահայ ժամանակակից գաղութներուն մէջ:
«ԱԶԴԱԿ».- Վերջին տարիներուն յաճախակի այցելութիւններով գտնուեցաք Լիբանան, կապեր հաստատեցիք հայ ուսանողութեան հետ: Արդ, քաջատեղեակ ըլլալով թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Լիբանանի մեր գաղութներուն ազգային առօրեային, այսօր ի՞նչ պիտի ուզէիք ըսել հայոց լեզուին պարզած իրավիճակին մասին՝ տուներէն ներս, փողոցին մէջ, մամլոյ էջերուն վրայ ու մանաւա՛նդ մեր դպրոցներուն կամ կրթական հաստատութիւններուն յարկին տակ:
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ.- Լիբանանն ու Սուրիան դրացի երկու գաղութներ են՝ գրեթէ կատարելապէս հայախօս ու հայագիր: Այս երեւոյթը զանոնք յստակօրէն կը զատորոշէ սփիւռքեան միւս գօտիներէն, մասնաւորաբար՝ Արեւմուտքէն, ուր գիտենք, որ հայախօսութիւնը լա՜յն չափով իր տեղը զիջած է օտարախօսութեան:
Եթէ Լիբանանն ու Սուրիան տակաւին հայախօս կը սեպուին, այս ալ իր կարգին կը նշանակէ, որ մեր այս երկու սիրելի գաղութները կը հանդիսանան արեւմտահայերէնի պահպանման ու գոյատեւման գլխաւոր երկու ամրոցները: Պիտի համարձակիմ ըսել՝ վերջին բերդերը, որոնք տակաւին չեն ինկած, որովհետեւ նոյնիսկ Պոլսոյ կամ Յունաստանի նման մերձարեւելեան հայագաղութներու մէջ հայախօսութիւնը հետզհետէ կը չքանայ, մինչ օտարախօսութիւնը սրընթաց կ’արշաւէ:
Սակայն Պէյրութն ու Հալէպն ալ վիրաւոր են այլեւս: Ներքին պատերազմները, քաղաքական անկայունութիւնն ու տնտեսական ահաւոր փլուզումը տկարացուցին զանոնք: Թէ ի՜նչ այլաբնոյթ տագնապներէ անցաւ, ու դեռ կ’անցնի, մայրիներու չքնաղ երկիրը յիսուն տարիէ ի վեր, ծանօթ է բոլորիս: Անդին՝ «երազային» Հալէպն ալ այլեւս այն չէ՝ ինչ որ էր անցեալին: 12 տարի առաջ ծայր տուած պատերազմին պատճառով հալէպահայ գաղութը կրեց մեծ վնասներ:
Նօսրացանք թիւով ու մարդուժով, սահմանափակուեցան մեր նիւթական կարելիութիւնները, կծկուեցանք ու մնացինք բուռ մը: Գաղթի ալիքները ցրուեցին մեզ: Այն, ինչ որ ունէինք կամ պատրաստեր էինք որպէս մարդուժ՝ երիտասարդ աշխատունակ տղաք, հնարամիտ ու փայլուն արհեստաւորներ, տիպար ընտանիքներ, գրասէր տարրեր, հայերէնաւանդ ուսուցիչներ, մամուլի ու գիրի սպասաւորներ, հեռացան երկրէն մեծաւ մասամբ:
Հիմա կը ջանանք պահել մեր ձեռքը մնացածը: Եւ ամէնէն առաջ՝ դպրոցները, առանց որոնց՝ անկարելի է պատկերացնել մեր համայնքային կեանքը:
Ամէն բանէ առաջ հաստատենք, որ Հալէպի կամ Պէյրութի փողոցներուն մէջ, արհեստանոցներէն կամ վաճառատուներէն ներս հայ տարրը առհասարակ, հայախօս է, երբ կը շփուի իր նմանին հետ: Եթէ հայախօս է դուրսը՝ գործի աշխարհին մէջ, ուրեմն ենթադրելի է, որ հայախօս է տան մէջ եւս: Լեզուի կենսունակութեան առաջնահերթ պայմանն է ասիկա:
Բայց սոսկական հայախօսութիւնը առանձինն բաւարար չէ հայապահպանման լայն պաստառին վրայ: Անհրաժեշտ է նաեւ հայերէնով ընթերցում (գիրք ու մամուլ) եւ գրաւոր հայերէնի օգտագործում (նամակագրութիւն, յօդուածագրութիւն, համացանցի ընկերային հարթակներու վրայ հայատառ գրառումներ):
Կը նկատեմ, որ Լիբանանի մէջ մեծ ջանք կայ գրահրատարակչական գործունէութեան: Լոյսին կը բերուին մանուկներու կամ պատանիներու յարմար շատ գեղատիպ ու հմայիչ հրատարակութիւններ: Այս հիանալի աշխատանքները տարիներէ ի վեր կը շարունակուին առանց դադարի, ինչ որ չափազանց գնահատելի է: Նոր սերունդին հայախօսութեան ու հայերէնագիտութեան համար պէտք չէ խուսափիլ նիւթաբարոյական ներդրումներէ:
Դպրոցներու պարագան կը կարօտի շատ աւելի մեծ ուշադրութեան ու խորունկ քննութեան: Տեսէ՛ք, Լիբանանի տարածքին կը գործեն 16 հայկական դպրոցներ, Հալէպի մէջ՝ 8 (վարժարաններ ունինք Դամասկոս, Քեսապ, Լաթաքիա եւ Ճեզիրէ ալ): Սուրիահայ վարժարաններու դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրը հայախօսութեան հարցն է հիմա:
Քանի որ մեր փառաւոր դպրոցները կորսնցուցին իրենց աշակերտութեան 60-70 առ հարիւրը, ուստի ստիպուեցան կամայ-ակամայ գիրկ բանալ ոչ հայ աշակերտներու առջեւ: Այս ալ կարգուսարքի, աւանդապահութեան ու հայաշունչ մթնոլորտի աննախադէպ վերիվայրումներ ստեղծեց այնտեղ: Հիմա, դասարանին մէջ կամ զբօսանքին, բնական երեւոյթ սկսած է դառնալ տեղական լեզուով խօսակցութիւնը ընդմէջ աշակերտներուն: Տասը տարի առաջ այդպէ՞ս էր: Ո՛չ, բացարձակապէ՛ս ոչ: Սուրիահայ վարժարաններու ընդհանուր համրանքին մէջ հազիւ 2-3 դպրոց կրցած է ցարդ կուրծք տալ այս հոսանքին ու իր երդիքը պահել անաղարտ:
Այս մտահոգիչ երեւոյթը, բնականաբար, նորանոր պատնէշներ եւ խութեր կը բարձրացնէ դպրոցներու հայապահպանումի վսեմ առաքելութեան առջեւ: Դուք կը կարծէ՞ք, թէ կարելի է որակեալ հայերէն սորվեցնել խառն աշակերտութիւն հիւրընկալող վարժարաններուն մէջ: «Անկարելի առաքելութիւն» մըն է ատիկա:
Լիբանանի մեր վարժարաններն ալ զերծ չեն դժուարութիւններէ: Հոս տասնամեակներէ ի վեր կայ դէպի օտար վարժարաններ անկասելի հոսք մը: Ասիկա ոմանք կը վերագրեն սնոպիզմի, ուրիշներ՝ տնտեսական դժուարութեանց:
Լիբանանահայ դպրոցները ունին թիւի լուրջ տագնապ ալ. 60, 100 կամ 120 աշակերտով (որոնց մէկ մասը՝ ձրիավարժ) դպրոց մը ինչպէ՞ս պիտի հոգայ իր մագլցող ծախսերը: Սուր բնոյթ ունի նաեւ հայերէնաւանդ հմուտ ուսուցիչի կամ հայագիտական դասանիւթերու մասնագէտ տարրի պակասը, որ ընդհանրական տագնապ է սփիւռքեան մեր բոլոր գաղութներուն պարագային, առանց բացառութեան:
Լիբանանի առնչաբար, ինծի շատ մեծ ցաւ կը պատճառէ լիբանանահայ մամուլին պարզած ահաւոր ընկրկումն ու անարդարանալի տեղատուութիւնը, որ ուղղակի ողբերգական է: Դեռ 5-6 տարի առաջ, երբ Պէյրութ կ’այցելէի, առաւօտուն իմ սեղանին վրայ կրնայի տեսնել երեք հայերէն օրաթերթեր՝ մեր քաղաքական կուսակցութեանց օրկանները: Այսօր այդ երեքէն մէկն է միայն՝ «Ազդակ»-ը, որ իր ամէնօրեայ առաքելութիւնը կը կատարէ ճշդապահօրէն ու աննահանջ, մինչ միւս երկուքը՝ 85-ամեայ «Զարթօնք»-ն ու «Արարատ»-ը (նոյնքա՛ն սիրելի հրատարակութիւններ ինծի համար) կը տուայտին գոյութեան ու անէացումի սահմանագիծին վրայ: Կան ու չկան (իմ խօսքը կը վերաբերի անշուշտ թերթերու տպագիր օրինակին):
Տխու՜ր երեւոյթ, որ մէկ կողմէ սերտօրէն կ’առնչուի՛ լիբանանահայ գաղութին առանցքը կազմող մայր կառոյցներու ներքին տկարացումին ու թեւաբեկումին, միւս կողմէ ալ՝ բնական հետեւանքն է հայ մտաւորական տարրին համարեա՛ նօսրացումին:
Դեռ չենք խօսիր շարք մը թերթերու եւ պարբերականներու խեղճ բովանդակութեան ու լեզուական քաոսին մասին, որ սիրտ կը ծակէ ու կը խաթարէ մեր ճաշակը:
«Ա.».- Կրթական մշակ մը ըլլալով՝ ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք հայերէնի ուսուցումը մեր դպրոցներէն ներս եւ ի՞նչ դեր կը վերապահէք հայագիտական հիմնարկներուն՝ Հալէպ, Պէյրութ կամ այլուր: Անոնց հիմնական առաքելութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ:
Լ.Շ.- Վերջերս մամուլի մէջ («Պայքար» շաբաթաթերթ) 20 թիւէ բաղկացած լայնածաւալ յօդուածաշարք մը հրատարակեցի՝ լուսարձակի տակ առնելով ոչ միայն սփիւռքահայ ամէնօրեայ վարժարաններու ընդհանուր համայնապատկերը, այլեւ՝ մեր կրթական յարկերուն տակ բոյն դրած ու հայերէնի ուսուցման առնչուող նշմարելի ու աննշմարելի բոլո՜ր ախտերը, բոլո՜ր հարցերը:
Ի յայտ եկաւ, որ մենք ներկայիս ունինք 135 ամէնօրեայ վարժարաններ՝ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներ եւ Աւստրալիա:
Այս դպրոցները հայերէնաւանդ որակեալ ուսուցիչներու պէտք ունին անշուշտ, որպէսզի արդիւնաւէտ կերպով ի կատար ածեն իրենց առաքելութիւնը: Իսկ հայերէնաւանդ ուսուցիչները ուրկէ՞ պիտի գան:
Յիշեցէ՛ք. մինչեւ 70-ական թուականներ, այսինքն՝ իր գոյութեան առաջին յիսուն տարիներուն, հայ սփիւռքը հայերէնաւանդ ուսուցիչի տագնապ չէր ունեցած: Մեր հարիւրաւոր վարժարանները (Պոլիս, Հալէպ, Պէյրութ, Պաղտատ, Կիպրոս, Գահիրէ, Թեհրան եւ այլուր) ունէին հին սերունդին պատկանող պատկառելի ուսուցիչներու փաղանգ մը, որ մինչեւ իր վերջին շունչը ծառայեց հայ դպրոցին ու մնաց պատնէշի վրայ:
Աւելի ուշ Երուսաղէմի ու Անթիլիասի դպրեվանքերը, Կիպրոսի Մելգոնեան կրթ. հաստատութիւնը, Երեւանի պետական համալսարանը (մանաւա՛նդ խորհրդային շրջանին), նաեւ Հալէպի ու Պէյրութի երկրորդական վարժարանները ուսուցիչներ պատրաստելու, սփիւռքի մեր հարիւրաւոր դպրոցներուն համար հայագէտներ հայթայթելու իսկական հնոցներ եղան երկար տարիներ: Այս դպրոցներէն շրջանաւարտները, փառքով ու պատուով, անմիջապէս ձեռք առին հին սերունդին պարզած դրօշն ու շարունակեցին քալել նոյն ուղիով:
Սերնդափոխութիւնը իրականացաւ ուրեմն բնական կերպով, հեզասահօրէն: Բայց 90-ական կամ 2000-ական թուականներէն ետք բա՛ն մը խախտեցաւ մեր ազգային կեանքին մէջ: Զարմանալիօրէն, Հայաստանի վերանկախացումը, սկզբնական տարիներուն իր յառաջացուցած խանդավառ ալիքէն ետք, կարծէք ինքնալքումի ու ձեռնթափութեան մղեց հայ Սփիւռքը: Հետզհետէ դպրոցներ սկսան փակուիլ հոս-հոն (սկսելով Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլէան հռչակաւոր վարժարանէն), գոյութեան կոչուած հայագիտական ամպիոններ ամլութեան մատնուեցան (ինչպէս՝ Պէյրութի պարագային), հայերէնի ուսուցումը սկսաւ կաղալ, չարդիւնաւորուիլ՝ անցեալին հետ բաղդատաբար:
Այսօր մեր դպրոցներուն մէջ կը պաշտօնավարեն սփիւռքի Գ. սերունդին, բայց աւելի լայն չափով՝ արդէն Դ. սերունդին պատկանող ուսուցիչներ: Իսկ այս վերջին սերնդափոխութիւնը իրականացած է մե՜ծ դժուարութեամբ, երկունքո՛վ: Հայերէնի որակեալ դասատուներ գտնելը մղձաւանջ դարձած է ամէնուրեք: Պաշտօնին թեկնածուները յաճախ չունին իրենց դասանիւթին ենթադրած բաւարար գիտելիքն ու հմտութիւնը, կը դասաւանդեն կաղն ի կաղ:
Ընդհանրապէս չունին նաեւ իրենք զիրենք ինքնամշակումի ենթարկելու, կատարելագործուելու մղումն ու ցանկութիւնը, որ բանալին է իսկակա՛ն յաջողութեան (կը ճանչնանք ուսուցչուհիներ, որոնք քսան ու աւելի տարիներ պաշտօնավարելով հանդերձ,  տեղքայլի մէջ են, չե՛ն զարգացուցած իրենք զիրենք): Իսկ դպրոցները, անճար ու անզօր, ստիպուած են կամայ-ակամայ գոհանալ եղածով:
Հայագիտական հիմնարկ մը, ահաւասիկ, կրնայ բարւոք լուծումներ բերել նմանօրինակ հարցերու:
Բայց նախ, հայագիտական հիմնարկէն առաջ, պէտք է պարբերաբար ձեռնարկել հայերէնաւանդ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան. ուսուցիչները մի՛շտ ալ կը կարօտին վերաթարմացումի, որովհետեւ դարաշրջանը մասնագիտութեան դարն է: Հարկ է ուղղել ու վերապատրաստել ուսուցիչները՝ ոչ միայն մանկավարժական նորանոր գիտելիքներով զինելով, այլ նաեւ՝ դասաւանդութեան եղանակի ու ձեւի արդիաշունչ մեթոտներու ծանօթացնելով զանոնք: Դպրոցները, գոնէ 3-4 տարին անգամ մը, սերտուած ծրագրով մը պարտին ամառնային վերաորակաւորման լսարաններ սարքել հայ ուսուցիչներուն համար: Ասիկա օգտակար պիտի ըլլայ բոլորին՝ դպրոցին, ուսուցիչին ու աշակերտին հաւասարապէս:
Յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ ուսուցչանոցը՝ երկու տարուան սեղմ ծրագրով: Այսպիսի հիմնարկ մը պիտի զինէ ու նախապատրաստէ ուսուցչական պաշտօնի թեկնածուները՝ ինքնավստահօրէն ստանձնելու իրենց վսեմ պաշտօնը: Մեր գաղութներէն ոմանք անցեալին, յաջողապէս կատարած են նման փորձեր եւ՝ մեծապէս օգտուած: Աչքի առջեւ ունենալով սփիւռքեան ամէնօրեայ վարժարաններու տեղաբաշխումի մօտաւոր քարտէզը՝ հայկական ուսուցչանոցի մը անյապաղ կարիքը ունին ամէնէն առաջ Փարիզը, Լոս Անճելըսը, Պուէնոս Այրեսն ու Պոլիսը: Այս քաղաքներուն անունները կու տամ, որովհետեւ այնտեղ գոյութիւն ունին ամէնօրեայ վարժարաններու լայն ցանցեր:
Մեր այս գաղութները, փա՜ռք Աստուծոյ, դեռ իրենց ծոցին մէջ ունին անհրաժեշտ տարրերն ու հարկաւոր նիւթականը՝ գլուխ հանելու համար նման կենսական ծրագիր մը: Անոնք պէտք չէ տնտնան: Պատկերացուցէք, որ Քալիֆորնիոյ մէջ ունինք 14 հայկական ամէնօրեայ դպրոց, սակայն ուսուցիչներ պատրաստող հայագիտական հիմնարկ մը չկայ:
Ուսուցչանոցը կրնայ փոխարինուիլ անշուշտ հայագիտական հիմնարկներով ալ, աւելի ընդգրկուն ծրագրով մը: Օրինակ կրնայ ծառայել Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկը, որ չորս տարուան հայագիտական ամբողջական ծրագիր մը կը կ’իրարկէ շուրջ 25 տարիէ ի վեր՝ մարդուժ հայթայթելով թէ՛ գաղութին, թէ՛ արտասահմանին (ի դէպ, պատերազմի բերումով շատ դժուար պայմաններու մէջ գոյատեւեց ան ու ինքզինք մատակարարեց փոքր պիւտճէով մը): Չենք կրնար մոռնալ Լիբանանն ալ, որ պատուաբեր փորձ ունեցած է այս մարզին մէջ՝ իր մէկէ աւելի հաստատութիւններով (նախկին Հայկազեան քոլէճ, ՀԲԸՄ-ի Հիւսիսեան եւ Համազգայինի հիմնարկներ, որոնք փակուած են դժբախտաբար):
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը շուրջ տասը տարիէ կը ջանայ վերարծարծել այդ մարած ջահը՝ մայրավանքին մէջ հաստատուած Հայագիտական դասընթացքներով: Երկու-երեք տարի առաջ, նոյն գծով, համեստ նախափորձի մը ձեռնարկուեցաւ նաեւ Մոնրէալի մէջ, Համազգայինի նախաձեռնութեամբ: Այս ձեռնարկները պէտք է ամրապնդուին,  տեւականանան:
Մեր այսօրուան պայմաններուն մէջ անկարելի է ակնկալել, որ հայերէնաւանդ ուսուցիչ մը ԻՆՔՆՈՒՍ ըլլայ, մշակած ու կոփած ըլլայ ինքզինք սոսկ ինքնաշխատութեամբ, յարատեւ ինքնազարգացումով: Երանի՜ այդպէս ըլլար: Երանի՜ մեր շուրջ տեսնէինք մանկամարդ տղաք ու աղջիկներ, որոնք 15 տարեկանէն սկսեալ արտակարգ ու հիասքանչ սէր մը կը սնուցանեն հայերէնի նկատմամբ, շարունակ գրականութիւն կը կարդան, գրական ճաշակ մը կը զարգացնեն իրենց ներսիդին, հայ մամուլ կը կարդան ամէն օր, գրելու փորձեր կ’ընեն, երբեմն մեր մշակութային կեանքին մասնակցութիւն կը բերեն կարճ բանախօսութիւններով, ինքնաբուխ մերձեցումով կը սերտեն մեր լեզուին հիմնական քերականութիւնը, կ’աշխատին կատարելագործել իրենց բառամթերքը, ուշադիր են ուղղագրական ու կէտադրական օրէնքներու եւ այլն:
Բայց ու՞ր են այսպիսի համբուրելի տիպարներ:
(Շար. 1)
Զրոյցը վարեց
Քրիստ Խրոյեան