Ի՞ՆՉ ԸՆԵԼ ՁԵՐ ԲՆԱԿԱՐԱՆԸ ԴՐԱԿԱՆ ԿԵՆՍՈՒԺՈՎ ՕԺՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ 

Ձեր բնակարանի ձեւաորումը կրնայ կտրական ազդեցութիւն ունենալ անոր դրական կենսուժին (energy) վրայ: Կահոյքի դասաւորումը, իրերու շարուած ձեւը եւ պատերու յարդարումը կրնան ազդել ձեր տրամադրութեան բարձրացման ու տան դրական կենսուժի ապահովման վրայ: Տան մէջ ձեր շրջապատի քանի մը աննկատ փոփոխութիւններն անգամ կրնան մեծ ազդեցութիւն թողուլ ձեր տրամադրութեան վրայ:
Բնակարանը Յարդարել Տրամադրութիւն Բարձրացնող Գոյներով
Ձեր բնակարանը պէտք է զարդարուած ըլլայ այնպիսի բաներով, որոնք ձեզ երջանկութիւն կը ներշնչեն։ Առաջին քայլը՝ գոյներու ճիշդ ընտրութիւնն է:  Գոյնը մեծ ազդեցութիւն կը թողու մեր կեանքին վրայ, եւ գոյներու այն համադրումը, որ ձեր տրամադրութիւնը չի բարձրացներ, կրնայ բացասական անդրադարձ ունենալ ձեր հոգեկան եւ մտային աշխարհին վրայ:
Ուստի տան մէջ բարձր տրամադրութիւն ունենալու կամ գէթ հանգիստ ու ապահով զգալու համար, ընտրեցէք պատի կամ կահոյքի այնպիսի գոյներ, որոնք ձեր տրամադրութիւնը բարձր կը պահեն: Եթէ շեշտուած գունաւորում չէք նախընտրեր, կրնաք միագոյն պատերը յարդարել գունաւոր պատկերներով: Ձեր տունը ձեր պատկերն է վերջապէս, ուստի կրնաք պատերը կամ տարբեր դարանները յարդարել ձեր ընտանեկան կամ ընկերներու հետ հաճելի պտոյտներու կամ բնութեան ձեր նախասիրած վայրերու պատկերներով, որպէսզի դրական կենսուժ ստեղծէք տան մէջ:
Ջանք Թափեցէք Ձեր Ննջասենեակը Տեւաբար Կոկիկ Պահելու
Հարկ է իմանալ, որ տան մթնոլորտին մաս կը կազմէ իւրաքանչիւր սենեակի մթնոլորտ: Ամենակարեւոր սենեակներէն մէկն ալ ննջասենեակն է, ուր առաւելաբար կը հանգստանաք: Ննջասենեակի մթնոլորտը դրական պահելու համար նախ յարկ է առաւօտուն անպայման շտկել ձեր անկողինը ու բաց չձգել զայն:
Մաքրութիւնը՝ Հանգստացնող Ազդակ
Թափթփուքն ու աղտը  բացասական ազդեցութիւն կ’ունենան ձեր տրամադրութեան վրայ: Ձեր տունը մաքրելով դուք կը վանէք բացասական տրամադրութիւնն ու բնակարան կը մուծէք մաքուր, դրական կենսուժ: Անկախ թէ տան տարածքը մեծ է, թէ փոքր, կարեւորը ամէն բան կոկիկ, դասաւորուած ու մաքուր պահելն է՝ հանգստացնող եւ դրական տարածք ստեղծելու համար: Թէեւ երբեմն յոգնած ըլլալով բնականաբար տրամադրութիւն չէք ունենար տան իրերը դասաւորելու, եւ շատ մը բաներ կրնան կուտակուիլ ու խառնաշփոթ վիճակ ստեղծել, սակայն շաբթուան մէջ քանի մը ժամ տրամադրելով բնակարանի դասաւորման ու մաքրութեան, անպէտք իրերէն ու հագուստներէն ձերբազատելով, դուք կրնաք ձեր բնակարանը կոկիկ ու հանգստաւէտ պահել:
Լուսաւորեցէք Ձեր Սենեակը
Ձեր տան դրական լիցք հաղորդելը կրնայ շատ պարզ միջոցով մըն ալ՝ լուսաւորումով իրականանալ: Մասնագէտներու կարծիքով, դրական կենսուժով հարուստ են այն բնակարանները, որոնք աւելի շատ ենթակայ են բնական լոյսի: Այս մէկը կապուած է նաեւ բնակողներու հոգեկան առողջութեան եւ դրական վիճակին հետ, մինչդեռ մութ եւ անօդասուն բնակարաններու բնակիչները աւելի ջղային ու բացասական կ’ըլլան:
Հետեւաբար յաճախ բացէք ձեր տան վարագոյրները կամ պատուհանները, յատկապէս երբ  խոհանոցը ճաշ կը պատրաստէք կամ նստասենեակը համակարգիչով կը զբաղիք: Եթէ ձեր տան որոշ սենեակներ բնական լոյս չի հասնիր, զանոնք օժտեցէք լամբերով կամ լուսաւորող այլ սարքերով: Հայելիներն ալ դրական ազդեցութիւն կը թողուն, որովհետեւ անոնք կ’արտացոլացնեն լոյսը եւ տարածութիւնները աւելի մեծ ու բաց կը դարձնեն:
Կարեւորութիւն Տուէք Տան Յարդարման
Տան յարդարումը (տեքորը) կրնայ տրամադրութիւն բարձրացնել: Հետեւաբար ձեր տան պատերը յարդարեցէք արուեստի ընտիր գործերով, վարագոյրներու եւ կահ կարասիներու դասաւորումը կատարեցէք այնպիսի ներդաշնակութեամբ, որ հանգստութիւն եւ բարձր տրամադրութիւն ներշնչէ ձեզի: Ձեր տան մէջ անպայման զետեղեցէք բոյսեր, որոնք կրնան ներծծել բացասական կենսուժը եւ արտաբերել դրական կենսուժ: Օգտագործեցէք նաեւ անուշաբոյր օճառներ կամ խունկ, որոնք կը նպաստեն մթնոլորտի բարելաւման: